Հակառակ Յետաձգման Զանազան Կոչերուն Արցախ Կը Պատրաստուի Համապետական Ընտրութիւններուն
Հայաստանի մէջ երէկ երկու հոգի մահացաւ Քորոնա Ժահրէն վարակուելու արդիւնքով: Այս մասին հաղորդեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը նաեւ հաստատեց մինչեւ երէկ վարակուածներու ընդհանուր թիւը, որ բարձրացած էր 424ի:
Միւս կողմէն Արցախի մէջ, հակառակ առողջապահական յորդորներու եւ կարգ մը թեկնածուներու պահանջին արցախի իշխանութիւնները կը պատրաստուին համապետական ընտրութիւնները կազմակերպելու ճշդուած ժամանակին, որն է 31 Մարտը:






