Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով վարակուածներու թիւը երէկ հասաւ 438ի, 26 նոր պարագաներու գրանցումով: Այս մասին հաղորդեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը, նոյն ժամանակ հաստատելով մահուան երկու պարագաներու մասին, որոնցմէ մին մահացած է Սան Ժորժ Համալսարանին մէջ իսկ միւսը՝ Հոթէլ Տիւյօ հիւանդանոցին մէջ:
Մինչ պետութիւնը տակաւին կը դանդաղի ռափիտ թէսթ կոչուող քննութեան առարկաներու ներածումը, որ առիթը կրնայ տալ մեծ թիւով քաղաքացիներու վայրկեաններու ընթացքին քննութիւն անցնելու, քաղաքական եւ հասարակական կողմեր ձայն կը բարձրացնեն արագ կերպով իրագործելու այս պարագան, որ արդէն իսկ որդեգրուած է շատ մը երկիրներու մէջ:
Իր կողմէ Միտըլ Իսթ օդանաւային ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց այլ երկիրներու մէջ մնացած Լիբանանի քաղաքացիները վերադարձնելու երկիր երբ այդ մասին քաղաքական որոշումը կայացուի:






