Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով վարակուողներուն թիւը երէկ բարձրացաւ 391-ի: Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան երէկ արձանագրուեցան վարակուածներու 23 պարագաներ եւ երկու նոր մահեր:
Երէկ յատկանշուեցաւ նաեւ առաջին օրը ըլլալով գիշերները տունէն դուրս գալու սահմանափակումէն ետք, որ մեծաւ մասամբ յարգուած էր:
Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրի յայտնաբերուելէն ի վեր Լիբանան ունեցաւ 8 մահուան պարագաներ: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան մահացողները բոլորն ալ ունէին քրոնիկ հիւանդութիւններ:
Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու մէջ մնացած լիբանանցի քաղաքացիներուն, որոնք վերջին օրերուն կոչեր ուղղած էին կառավարութեան իրենց տուն դարձը ապահովելու, երէկ Վարչապետ Տիապ հաստատեց՛ որ այդ բանը կարելի չէ իրագործել Ապրիլ 12էն առաջ: