Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի անունը աւելցած է «Քորոնա»ի վարակակիրներու ընդհանուր ցանկին վրայ։
Այս մասին հաղորդեց «Արեւելք»ը, որ նաեւ նշեց, թէ Ճոնսընի առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար։
Կը նշուի նաեւ, որ Ճոնսըն առանձնացուած է եւ կը գտնուի բժիշկներու հոգատարութեան ներքեւ։
Ըստ BBC կայանին Մեծն Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար ՝ Ռիշի Սունաք որոշած է ինքնամեկուսացման դիմել , որովհետեւ երէկ ան շփուած է վարչապետ Ճոնսընին հետ։






