«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը Լիբանանի տարածքին հասաւ 368ռի: Այս մասին երէկ յայտարարեց առողջապահութեան նախարարը: 32 նոր վարակուածներ եկած էին աւելնալու նախորդ օրուայ թիւին վրայ:
Նշենք, որ մինչեւ երէկ գիշեր նշեալ ժահրով մահացած են 6 հիւանդներ իսկ անկէ բուժուած՝ 20 անձեր:






