Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց «Քորոնա» Ժահրի Պատուաստի Գիւտին Նուիրուած Նուպար Աֆէյեանին

24 Մարտ 2020-ի երեկոյեան, երկար զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քորոնավիրուս»ի պատուաստանիւթի մը գիւտին գծով յարատեւ աշխատանքի լծուած Նուպար Աֆէյեանին միջեւ։

Տիար Աֆէյեան լայն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին իր ընկերութեան կատարած մասնագիտական աշխատանքներուն գծով։

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պարոն Աֆէյեանին՝ անոր աշխատանքը նկատելով համամարդկային առաքելութիւն, որ պատիւ կը բերէ մեր ազգին ու հայրենիքին։

Յայտնենք, որ Նուպար Աֆէյեան իր պատանեկութեան տարիներուն Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած է, ապա ատենապետը եղած է Պոսթընի ազգային վարժարանին եւ միաժամանակ բարերարը՝ նոյն վարժարանին մանկապարտէզի բաժնին։ Ան նաեւ «Aurora» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին