Ուրբաթ, 06. 02. 2026

spot_img

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Լիբանանի Մէջ Հասաւ 318-ի

Մինչ երէկ առաւօտուն Առողջապահութեան նախարարը յայտարարած էր, որ 37 նոր վարակակիրներ արձանագրուած են Լիբանանի մէջ, «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը Լիբանանի մէջ հասցնելով 304ի, երեկոյեան 14 հոգի ալ գալով աւելնալու այս թիւին վրայ զայն բարձրացուց 318-ի:

Լաւ լուրը այն է, մինչեւ օրս արձանագրուած հիւանդներէն 8-ն կատարելապէս բուժուած է:

Նախագահ Միշէլ Աուն յատկանշական քայլով մը երէկ սքայփով կապուեցաւ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուանպետական  հիւանդանոցին եւ Կարմիր Խաչի կեդրոնին պատասխանատուներուն հետ:

«Մենք ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի կարենանք գոհացնել պետական հիւանդանոցներու մէջ աշխատողներուն, ինչպէս նաեւ ամէն կարելի կապերը պիտի հաստատենք օտար երկիրներու հետ պէտք եղած պիտոյքը ապահովելու համար». իր հանդիպման ընթացքին ըսած է Նախագահ Աուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին