Նախկին Նախարար Մայ Շիտիաքի «քորոնա» ժահրով վարակակիր ըլլալու քննութիւնը դրական արդիւնքով դուրս եկաւ: Այս մասին յայտարարեց Լիբանանի նախկին նախարարին գրասենեակը երէկ:
Յայտարարութիւնը նշած էր, որ վերջին օրերուն Շիտիաքի առողջութիւնը խանգարուած էր, նշեալ ժահրի վարակակիրը ըլլալու նշաններ ցոյց տալով: Ան այսպէս զգացած էր Փարիզէն իր վերադարձէն ետք եւ ինքզինք մեկուսացուցած:
Շաբաթավերջին ան պէտք զգացած էր քննութիւն կատարելու , որուն արդիւնքով ստիպուած եղած է հիւանդանոց փոխադրուիլ անհրաժեշտ խնամքը ստանալու համար:
Շիտիաք Լիբանանի երկրորդ քաղաքական գործիչն է, որ «քորոնա» ժահրով վարակուած է:
Շաբաթավերջին յայտարարուած էր, որ նախկին նախարար Մոհամմատ Սաֆատի հիւանդանոց փոխադրուած է «քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու ախտաճանաչումով:






