«Քորոնա» ժահրի ստեղծած արտակարգ դրութեան պատճառով, մենք կը գիտակցինք, որ մեր ընթերցողներէն շատեր «Զարթօնք»ի տպագիրին հասանելիութեան դժուարութիւնը ունին այս օրերուն:
Մենք յանձնառու ենք «Զարթօնք»ը սիրայօժար եւ ապահով հասցնելու հո՛ն, ուր իր ընթերցողը ունի՝ բոլոր այն տարբերակներով, որ կարելի է եւ նպատակայարմար այս անկանխատեսելի օրերուն:
Հետեւաբար, սոյն ազդով կոչ կ՛ուղղենք մեր այն ընթերցողներուն, որոնց ելեկտրոնային հասցէն կամ whatsapp-ի թիւը մեր առ ցանց ցրւումի ցանկերուն վրայ չէ տակաւին, թող բարի ըլլան, ըստ կամեցողութեան, մեզի հասցնել իրենց whatsapp-ի թիւը կամ ելեկտրոնային նամակի հասցէն, զանգելով մեր թէժ գիծին` +961 81 306 447: Կարելի է նաեւ նոյն թիւին վրայ մեզի whatsapp-ի միջոցաւ կամ zartonkadl@gmail.com հասցէին ելեկտրոնային նամակ գրելով մեզի փոխանցել ձեր տուեալները:
Յիշեցնենք, որ «Զարթօնք»ի բովանդակութիւնը կամ անոր pdf տարբերակը միշտ կարելի է նաեւ կարդալ www.ragmamoul.net կայքին վրայ, կամ «Զարթօնք»ի ընկերային համացանցի էջին կամ խումբին վրայ:
Առողջութիւն բոլորին:
«Խմբ.»