Լիբանանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու պաշտօնական թիւը երէկ երեկոյեան բարձրացաւ 267ի: Այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ:
Այս թիւը արձանագրուեցաւ երբ վերջին օրը 19 նոր վարակակիրներ գրանցուեցան:
Մինչ այդ արտակարգ իրավիճակի միջոցառումները կը շարունակուին աւելի եւս խիստ պայմաններ պարտադրելով քաղաքացիներուն փրկելու համար իրենց առողջութիւնը:






