ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Քորոնա»ի Ճգնաժամային Շտապի աշխատանքներու ծիրէն ներս, լիբանանահայութեան ուղղուած հետեւեալ կոչով հանդէս եկաւ.
Սիրելիներ,
Մեր սիրելի Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական ծանր իրավիճակին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամը:
«Քորոնա»ն՝ այդ մանրադիտակային (microscopic) ճղճիմ ժահրը virusը այսօր կը սպառնայ ամբողջ մարդկութեան, որուն դիմաց գերհզօր պետութիւններ իսկ անզօր են:
Այս ճգնաժամին, մեր միակ ազդու զէնքը մեր գիտակցութիւնն է: Ինչպէս նաեւ մեր միակամութիւնը միասնաբար պայքարելու իւրաքանչիւրիս, սպառնացող այս իւրօրինակ թշնամիին դէմ:
Լիբանանի մէջ և Լիբանանահայութեան անխտիր ծառայելու համար ստեղծուած «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապը շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է, որ իր թէժ գիծին միջոցաւ կոչուած է ծառայել իւրաքանչիւրիդ՝ միասնաբար և ապահով շրջանցելու այս ճգնաժամը:
Իւրաքանչիւր հայորդիի առողջութիւնը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է: Մենք հարիւրաւոր միլիոններ հաշուող ժողովուրդ մը չենք: Իւրաքանչիւր հայու կեանքը արժէք մըն է մեր ազգին համար: Պէտք է գուրգուրալ անոր վրայ:
Կ’ուզենք հաստատ իմանաք, որ պատրաստ ենք հասնելու իւրաքանչիւրիդ ինչ բանով որ կրնանք: Սակայն կ’ակնկալենք որ դուք ձեզ ալ օգնէք լուրջի առնելով կանխազգուշութեան միջոցները: Լուրջի առէ՛ք ձեր առողջութիւնը: Եթէ նոյնիսկ դուք ձեր անձով մտահոգ չէք ապա վստահ ենք որ անպայմանօրէն մտահոգ էք ձեր սիրելիներու առողջութեամբ: Բոլորս վարակակիրներ կրնանք ըլլալ հետեւաբար նաեւ զայն փոխանցողը մեր շրջապատին, բան մը, որ մարդկային լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ մեզի:
Այս պահուս շատ կարեւոր է նախազգուշութիւն է կարելի եղածին չափ սահմանափակել ձեր տեղափոխութիւնները: Հետեւաբար, մնացէ՛ք ձեր տուները: Մնացէ՛ք ձեր սիրելիներուն մօտ, որոնց չէք ուզեր վարակ փոխանցել: Թերեւս այս հանգրուանը առիթ մըն է ակամայ դադար մը առնելով մեր հեւքոտ առօրեայէն, ձեր սիրելիներու հետ հաճելի եւ արժէքաւոր ժամանակ անցնելու: Իրար հետ ժամանցի խաղեր խաղցէ’ք: Համեղ ճաշեր պատրաստեցէ՛ք: Տան մաքրութեան մէջ իրար օգնեցէ՛ք: Միասին գիրքեր կարդացէ՛ք:
Հաւատացէք սիրելիներ, մարդկութիւնը ինչպէս շատ մը ճգնաժամեր այս ճգնաժամն ալ ի վերջոյ պիտի անցնէ յաղթահարելով անոր:
Ուրեմն առողջ մնացէ՛ք: Առողջ մնալու համար, տունը մնացէ՛ք, եթէ ո’չ ձեզի համար, ձեր սիրելիներուն համար: