Լիբանան քորոնա ժահրի դէմ պայքարի երրորդ հանգրուանին մէջն է յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը շեշտելով, որ կարելի է անցնիլ անցանկալի չորրորդ հանգրուանին: Նշենք, որ ծայրայեղ միջոցառումը անշուշտ պիտի ըլլայ քաղաքացիները պարտադիր տունը պահելը յատուկ պատժամիջոցներ սահմանելով օրէնքը խախտողներուն:
Նախարարը յայտնեց, որ երէկ պաշտօնապէս գրանցուած են 14 վարակակիրներ ընդհանուր թիւը հասցնելով 177-ի:
Նախարարը, որ կը խօսէր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բացայայտեց, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին ընդամէնը 1185 արհեստական շնչառութեան յատուկ սարքեր, որոնք կրնան բաւարար չըլլալ մանաւանդ, որ անոնցմէ շատերը կը գործածուին արդէն հիւանդանոցներուն մէջ սովորական հիւանդներուն համար: Ան աւելցուց, որ իրենք յաւելեալ 110 նոր սարքեր կը սպասեն, որոնք արդէն պատուիրուած են:
Նախարարը յիշեցուց, որ ո՛չ բոլոր վարակուածները անպայմանօրէն կը հասնին այն աստիճանին ուր յատուկ սարքի կարիքը ունենան: Վարակուածներու 5 տոկոսն է, որ այդ հանգրուանին կրնայ հասնիլ:






