Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա երէկ հաստատեց, որ ոեւէ տեսակի գործարք չէ եղած Հըզպալլայ – Ամալ խումբին եւ ԱՄՆ պետութեան միջեւ ինչ կը վերաբերի Ամէր Ֆախուրիի ազատ արձակման:
Յիշեցնենք, որ Ֆախուրին որպէս իսրայէլի հետ գործակցած անձ ձերբակալուած էր իր Պէյրութ գալով սակայն զինուորական դատարանը զինք ազատ արձակեց, որուն որպէս արդիւնք ան կարողացաւ ԱՄՆ դեսպանատան ճամբով երկրէն դուրս գալ: Այս առիթով ԱՄՆ նախագահ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի պետութեան: Նշենք, որ Ֆախուրի ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունէր լիբանանեանի զուգահեռ:
Ըստ Հըզպալլային ԱՄՆ հսկայ ճնշումներ բանեցուց լիբանանեան կողմերու վրայ ի մասնաւորի լիբանանեան բանակին Ֆախուրիին ազատ արձակումը իրագործելու համար:
Կան նաեւ անշուշտ տարբեր կարծիքի անձեր, որոնք ազատ արձակման մէջ ՄԱՆ Հըզպալլա թաքուն համաձայնութիւն մը կ՛ուզեն տեսնել:






