Ուրբաթ, 06. 02. 2026

spot_img

Եւրոպան Լիբանանի Օգնութիւն Ղրկելէ Կը Խուսափի

Ըստ երեւոյթին «Քորոնա» վարակին դէմ  իր   տարած   պայքարին մէջ Լիբանան մեծ գործընկերներ պիտի չունենայ: Կը մնա՛ որ լիբանանցիներ ձեռք ձեռքի տան դուրս գալու համար այս դժուար կացութենէն:

 Այս թեմային մասին  կը հաղորդէ «Արեւելք» վկայակոչելով   լիբանանեան VDL կայանը, որ նկատել տուած է, որ Պէյրութի  պաշտօնական    դիմումները մնացած են  անպատասխան։

Խօսքը  կը վերաբերի մասնաւորապէս    արհեստական շնչառութիւն ապահովող  սարքերուն մասին,   որոնց    կարիքն ունի  Լիբանանը եւ այդ  առումով ալ դիմած է    եւրոպական կարգ մը  առաջատար  երկիրներու։

 Կայանը  նաեւ նշած է, որ վերջերս պարզ  դարձած է, որ ֆրանսան  եւ Գերմանիան   մերժած  են Լիբանանի    խնդրանքները  նշելով նաեւ, որ այս  պահու դրութեամբ  իրենց համար առաջնայինը  եւրոպական  երկիրներու պէտքերու լրացումն ապահովելն է։

 Ի դէպ  Լիբանանի  առողջապահութեան նախարարութեան մօտիկ կանգնած  աղբիւրներ    լուրջ մտավախութիւններ  արտայայտած են ըսելով, որ եթէ  «Քորոնա»ի  վարակակիրներու թիւը  շարունակէ   բարձրացում  գրանցել,  ապա  նախարարութիւնը կրնայ դժուար վիճակի  մատնուիլ, մանաւանդ, որ երկրին մէջ շնչառական սարքերու սուր  պակաս սկսած է երեւիլ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին