Ըստ երեւոյթին «Քորոնա» վարակին դէմ իր տարած պայքարին մէջ Լիբանան մեծ գործընկերներ պիտի չունենայ: Կը մնա՛ որ լիբանանցիներ ձեռք ձեռքի տան դուրս գալու համար այս դժուար կացութենէն:
Այս թեմային մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» վկայակոչելով լիբանանեան VDL կայանը, որ նկատել տուած է, որ Պէյրութի պաշտօնական դիմումները մնացած են անպատասխան։
Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս արհեստական շնչառութիւն ապահովող սարքերուն մասին, որոնց կարիքն ունի Լիբանանը եւ այդ առումով ալ դիմած է եւրոպական կարգ մը առաջատար երկիրներու։
Կայանը նաեւ նշած է, որ վերջերս պարզ դարձած է, որ ֆրանսան եւ Գերմանիան մերժած են Լիբանանի խնդրանքները նշելով նաեւ, որ այս պահու դրութեամբ իրենց համար առաջնայինը եւրոպական երկիրներու պէտքերու լրացումն ապահովելն է։
Ի դէպ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրներ լուրջ մտավախութիւններ արտայայտած են ըսելով, որ եթէ «Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը շարունակէ բարձրացում գրանցել, ապա նախարարութիւնը կրնայ դժուար վիճակի մատնուիլ, մանաւանդ, որ երկրին մէջ շնչառական սարքերու սուր պակաս սկսած է երեւիլ։






