Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

«Քորոնա»ն Կը Շարունակէ Իր Աւերը. Վարակուածներուն Թիւը Լիբանանի Մէջ Հասաւ 133-ի

«Քորոնա» ժահրով վարակուած անձ մը եւս մահացաւ երէկ եւ 13 վարակակիր նոր անձեր գրանցուեցան երէկ Լիբանանի մէջ: Այս մասին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը:

Ըստ նախարարութեան, մահացող անձը 90 տարեկան ծերունի մըն էր, որ արդէն ունէր առողջապահական վատ պայմաններ: 

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու  մահացողը վարակը ստացած էր իր կրօնաւոր որդիէն, որ վերջերս  կը գտնուէր Իտալիոյ մէջ։

Մինչ կրօնաւորին վիճակին մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր, կը նշուի նաեւ, որ մահացող   պարագան սրտի  խնդիրներ ունէր։

«Քորոնա»  ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը Լիբանանի մէջ հասաւ 133-ի: Պաշտօնապէս մինչեւ օրս յայտարարուած է մահուան 4 պարագաներու մասին: 

Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոցի յայտարարեց, որ կին մը մահացած է իր մօտ, որ հազիւ հասած էր հիւանդանոցին յատուկ բաժինը, ուր կը դարմանուին վարակակիրները: Ան հիւանդանոց հասած էր շունչի սուր նեղութեան իրավիճակով: Քննութիւններու արդիւնքը տակաւին հրապարակուած չէ, որուն համար տակաւին կանուխ է հաստատել, որ ան «քորոնա» ժահրի վարակակիր էր: Յաջորդող ժամերուն եթէ քննութեան արդիւնքը հաստատէ վարակը, այդ պարագային մահացողներուն թիւի պիտի բարձրանայ 5-ի:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի երէկ թեւակոխեց իր ամբողջական փակումին երրորդ օրը: Հանրային եւ սեփական հաստատութիւններ փակ կը մնան, իսկ ճամբաները գրեթէ ամայի են: Ներքին ապահովական ուժեր կը շարունակեն պարտադրել կառավարութեան որոշումները փակել տալով զայն խախտող խանութները:

Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի օդակայանին, երէկ միայն  մատներով հաշուող թռիչքներ ճամբայ ելան: Միտըլ Իսթ օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուց իր թռիչքները: Նկարին մէջ օդակայանի կանգառի դրուած օդանաւեր են, որոնց շարժիչները փակուած են ցնոր տնօրինում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին