Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երէկ Եւ Այսօր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ մը հաստատեցին իրարու հետ «քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած:

Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձանքէ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Վարչապետին տարած հետեւողական աշխատանքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին