Ուրբաթ, 06. 02. 2026

spot_img

Պսակաձեւ Ժահրով Վարակուածներու Ընդհանուր Թիւը Հասաւ 78-ի

Պսակաձեւ Ժահրով վարակուած պաշտօնապէս գրանցուած հիւանդներուն թիւը Լիբանանի մէջ երէկ  հասաւ 78ի: Ճաշարաններն ու հաւաքավայրեր փակ մնացին անդամալուծելով երկիրը:

Այս իրավիճակին ի տես քաղաքացիներէն շատեր սկսան մնալ իրենց տան մէջ անձնական նախաձեռնութեամբ մինչ քաղաքական կողմերէն կոչեր եղան կառավարութեան աւելի պատասխանատու կեցուածք որդեգրել:

Այս վիճակը աւելի եւս վատթարացաւ նախորդող գիշեր պատահած աւազամրրիկով: Երէկ ճամբաները անճանաչելի դարձած էին անոր գործած աւերին պատճառով:

Պսակաձեւ ժահրին դէմ   շղթայազերծուած պայքարի   ծիրէն  ներս  Լիբանանի  տարածքին գործող բոլոր դրամատուները վաղը  եւս  փակ պիտի պահեն իրենց  դռները։

Նշենք, որ երէկ դրամատուները   ամբողջական  հականեխման    սկսած են ենթարկուիլ։

Դրամատուներու   փակ մնալու   ժամկէտին մասին  յստակ տուեալներ  չեն հաղորդուիր,  սակայն կան աղբիւրներ, որոնք  կը նշեն,  որ    յառաջիկայ   Երկուշաբթի օր     անոնք  պիտի վերաբանան իրենց դռները։

Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա իր կարգին ելոյթ մը ունենալով զգուշացուց քաղաքացիները պսակաձեւ ժահրէն եւ տուաւ կարգ մը նախազգուշական ցուցմունքներ:

Հակառակ աննախատեսելի իրավիճակին, Լիբանանի Կրթութեան նախարարը երէկ յայտարարեց, որ պետական քննութիւնները անպայման պիտի տեղի ունենան: Այս յայտարարութիւնը, որոշ աղմուկ բարձրացուց աշակերտական եւ ուսուցչական շրջանակներուն մէջ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին