Մինչ պսակաձեւ ժահրը անխնայ կը տարածուի ժողովրդային մակարդակի մտահոգութիւնը կ՛աւելնայ:
Հակառակ այն բանին, որ քաղաքացիին անվտանգութիւնը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է, անոր այս հարցին հետ զբաղելու միջոցառումները թոյլ կը դուին ըլլալ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ այս ժահրին վտանգը շատոնց կը սպառնար, միայն մէկ հիւանդանոց է, որ պատրաստուած էր անոր եւ ան այսօր արդէն նեղ կու գայ ընկալելու բոլոր գրանցուողները: Միայն նոր է, որ կառավարութիւնը ձեռնարկեց 8 այլ կեդրոններ պատրաստել:
Ժողովրդային մտահոգութիւնները աւելի եւս շատցան երբ արդէն արձանագրուեցաւ մահուան երրորդ պարագայ, որ այս անգամ տարեց քաղաքացի մըն է, մինչ ժահրը կրողներուն թիւը կ՛աճի եւ այսօր պաշտօնապէս հասաւ 71ի:
Վարակէն հեռու մնալու նպատակով Լիբանանի մէջ շատ մը հաստատութիւններ փակ պահեցին իրենց դռները։
Կրթական հաստատութիւնները, կառավարական կարգ մը կեդրոններ, ինչպէս նաեւ ճաշարաններ, գիշերային ակումբներ օրերէ ի վեր փակ կը պահեն իրենց դռները։
Երէկ իր դռները փակող ճաշարաններու թիւը հասաւ իր առաւելագոյնին: Իրենց դռները փակեցին այնպիսի խանութներ, որոնք նոյնիսկ պատերազմի կամ ապահովական խնդիրներու ամենաթէժ օրերուն 7 օրի վրայ 24 ժամով կ՛աշխատէին:
Նշենք, որ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատունը իր ֆէյսպուքի էջին վրայ
կոչ ըրած է քաղաքացիներուն՝ միայն հրատապ եւ անյետաձգելի խնդիրներու համար այցելել ՀՀ դեսպանատուն։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցնելու կարգով կը նշուի, որ Հայաստան մեկնիլ փափաքող՝ լիբանանցի, ոչ ՀՀ քաղաքացիներ իրենց մուտքի արտօնագիրը կրնան ստանալ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանէն։






