Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

«Ձեր Աշխարհին Մէջ Ես Չկրցայ Ապրիլ, Իսկ Իմ Աշխարհիս Մէջ՝ Միայնակ Եմ» Լէոնիտ Ենկիպարեան Ծննդեան 85-Ամեակ

  

«Ծնած եմ Մոսկուա: Ինը տարի անցուցած եմ ռինկէն ներս: …Շատ մասնագիտութիւններ փոխած եմ: Քսաներկու տարեկանիս ինծի կը մնար միայն դերասան դառնալ: Գրել սկսած եմ նոյն ժամանակ,ակամայ: Հեղինակներէն ոչ ոք կ’ուզէր աշխատիլ հետս. ինքս ստիպուած էի սցենարիստ (շարժանկարի ուրուագիծ գրող) դառնալ: Դուր եկաւ: Այժմ սարսափով կը մտածեմ՝ իսկ եթէ յանկարծ յայտնուի՞ իրական սցենարիստը…»:

Իր մասին այսպէս կը գրէր ընդամէնը 37 տարի ապրած, «աշունը սրտին մէջ ծաղրածուն» (ինչպէս կոչած են անոր), տաղանդաւոր մնջկատակ, կրկէսի ան­զու­գա­կան դերասան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արթիսթ Լէոնիտ Ենկիպար­եանը:

1935թ. Մարտ 15-ին, Մոսկուայի Մարյինա Ռոշչա արուարձանին մէջ ծնած Լէոնիտին հայրը հայ էր, մայրը՝ ռուս: Լէոնեան (այսպէս յաճախ կը կանչէին անոր) մինչ կրկէս մուտք գործելը՝ «իրը» գտնելու փնտռտուքներու մէջ էր. աւարտելով դպրոցը, նախ կ’ընդունուի ձկնային տնտեսութեան ինստիտուտ՝ ուսանելով 6 ամիս միայն: Ապա կը տեղափոխուի մարմնա­մարզութեան ինստիտուտ: Առաջին կարգ հասած հրաշալի բռնցքամարտիկը, որ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած էր՝ մրցոյթներու ժամանակ գրաւելով երրորդ եւ առաջին տեղերը, շուտով այդ ասպարէզէն ալ կը հեռանայ: Որեւէ մասնագիտութիւն փորձելու ժամանակ, «…սիրտս կը շշնջար՝ աս քուկդ չէ. դուն դեռ պիտի գտնես քուկդ»: 1955-ին, Կրկէսային Արուեստի Պետական ուսումնարանին մէջ նոր բացուած ծաղրածուական բաժինը մտնելով, ան կը բացայայտէ որ ատիկա այն «ճակատագրականն  ու վերջնականն է, որու մասին անդադար կը շշնջար սիրտս»: Ուսումնարանը աւարտելէ վերջ, Լէոնիտ իբրեւ ծաղրածու իր առաջին քայլերը կը սկսի Երեւան երթալով եւ հայկական կրկէսախումբ ընդունուելով:

«Երբ կը ստեղծէի իմ ծաղրածուական կերպարը,- կը պատմէ ան,-յաջողեցայ անոր օժտել մարդկային յատկութիւններով՝ ի տարբերութիւն ծաղրածուական շատ դիմակներու։ Ծաղրածուներու կաղապարային դիմակներէն կը բացակայի մարդկային բնաւորութիւնը, հետեւաբար, նաեւ թախիծը։ Նման դիմակներու վրայ կայ միայն հերթապահ ծիծաղ։ Հետեւաբար, չկայ մարդը։ Իսկ իմ հերոսս մարդ է։ Այդ պատճառով կը ծիծաղի, կը տառապի, կը թախծի եւ իրեն պատասխանատու կը զգայ շուրջը կատարուող ամէն ինչին համար»։

20-րդ դարու կրկէսի նշանաւոր դերասանը 1956-էն մուտք կը գործէ նաեւ շարժանկարի ասպարէզ, «Կոմունիստ» շարժանկարին մէջ փոքրիկ դրուագով մը` կերտելով գլխաւոր հերոսը սպաննող յանցագործներէն մէկուն կերպարը։

Հայկական շարժանկարի տաղանդաւոր բեմադրիչ Հենրիկ Մալեան եւ Լեւոն Իսահակեան կ’որոշեն շարժապատկեր մը ստեղծել կրկէսի ծաղրածուի մասին՝ ներկայացնելով անոր իրական անցած ուղին, որ պէտք է մարմնաւորէր ինքն իսկ՝ Ենկիպարեանը: Կը ստեղծուի «Ճանապարհ Դէպի Կրկէս» (1963թ.) շարժանկարը: Լէոնիտը պարզապէս կը զարմացնէ իր անզուգական դիմախաղով ու բացառիկ ճկունութեամբ, խորիմաստ եւ վարպետ կատարումով, զոր ամբողջ շարժանկարի ընթացքին կ’ուղեկցուի իր էութիւնը հարազատօրէն բացայայտող թախիծի շղարշով մը:

Յետագային, ան ինքնատիպ դերեր կը ստանձնէ շարժանկարի հանրահռչակ բեմադրիչներ Ս. Փարաջանովի «Մոռացուած Նախնիներու Ստուերները», Ռ. Պիգովի «Այպոլիտ-66», Վ. Շուքշինի «Վառարան-նստարաններ» շարժանկարներու մէջ: Իր մասնակցութեամբ, յետոյ իր մասին բազում շարժանկարներ կը ստեղծուին. «Կրկէսաբեմին Վրայ Պատանեկութիւնն է», «Ծանօթացէք՝ Լէոնիտ Ենկիպարեան», «2-Լէոնիտ-2», «Վզնոց Իմ Սիրելիին Համար», «Մեր Մանկութեան Կրկէսը», «Լէոնիտ Են­կիպարով», «Լէոնեայ, Մեզ Բան Մը Ցոյց Տուր», «Մարդը՝ Դեղին Մոլորակէն», «Բոլորը Ծաղրածու են: 4-րդ Եթերաշրջան: Լէոնիտ Ենկիպարով», «Լէոնիտ Ենկիպարեան: Հեռուստամեմուարներ: Ան Արեւոտ Ծաղրածու Էր…», «Լէոնիտ Ենկիպարեան Բոլոր Ռէփրիզները», «Գրպանահատներու Արքան» (որու բեմադրիչը ինքն էր), «Աստղային Ծաղրածուն», «Ծիծաղի Արքաները: Ենկիպարեան», «Լէոնիտ Ենկիպարեան (Ինչպէս Գացին Կուռքերը)», «Սիրտը Ափին Մէջ» (իր ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած), «Ծաղրածուն Հրաժեշտ Կու Տայ Փրահային», «Լէոնիտ Ենկիպարեան. Ժպիտ՝ Արցունքներու Մէջէն», «Պոետն Ու Ծաղրածուն»:

1964-ին Փրահայի մէջ տեղի ունեցած ծաղրածուներու միջզգային մրցոյթին Ենկիպարեան կ’արժանանայ առաջին մրցանակի` Է. Պասի անուան գաւաթին։

«Բոլոր ժամանակներու ծաղրածու»ն մեծ յաջողութեամբ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ ԽՍՀՄ-ի, Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Չեխիայի մէջ, արուեստասէր հանդիսատեսին հրամցնելով Ենկիպարեանական բարդ ու ինքնատիպ, ճշմարիտ եւ  հաւաստի, հետաքրքրական կատարումներ: Կատարումներ, որոնք այսօր ալ անգերազանցելի մնացած են. եւ արուեստ, զոր ունէր ըսելիք, միտքի թռիչք, լի էր նորարար մտայղացումներով եւ մտորելու ու խորհելու կը մղեր:

Ենկիպարեան նաեւ հրաշալի արձակ ստեղծագործութիւններ՝ նովելներ կը գրէր, որոնց մէջէն ի յայտ կու գայ «արեւոտ ծաղրածուի» հանճարեղ, քնարական, տխրաթախծոտ, խորաթափանց, նրբագեղ եւ զգայուն հոգին: Ան 100-է աւելի նովելներու, նաեւ «Առաջին Ռաունտ» եւ «Վերջին Ռաունտ» գիրքերու (ռուսերէն) հեղինակն է:

Սակայն աւելի «իր սրտին հարազատը» կրկէսն էր, ուր ինք կը ստեղծէր, կը բեմադրէր եւ կը ներկայացնէր կերպարները:Տարախոհ,տարաճաշակ  հանդիսատեսը հաճոյքով կը դիտէր անոր հեղինակած՝ «Ջութակ», «Բռնցքամարտ», «Փողոցային Լարախաղաց», «Քայլեր», «Սիրտը Ափին Մէջ», «Մանկական Կեանքը», «Հովանոց», «Լոյս Եւ Ստուեր», «Մարդ, Որուն Հետ Պատերազմած Եմ», «Ողջն Ու Մեռածը», «Ողիմպիական Մետալներ» եւ այլ մանրապատումները:

  

              Աշխարհի շատ բեմեր նուաճած Ենկիպարեան, կը ստեղծէ մնջախաղի իր էստրադային թատրոնը, ուր կը խաղայ իր հեղինակած ներկայացումները (որոնք կը ներկայացնէր նաեւ կրկէսին մէջ), ստեղծելով եւ կատարելով ողբերգական եւ կատակերգական տեսարաններ, բազմազան կերպարներ ու իրավիճակներ, բարդ հնարքներ: Յիշարժան են «Աստղային Անձրեւ» եւ «Ծաղրածուի Տարօրինակութիւնները» մանրապատումները:

Բարձրարուեստ ծաղրածու-մնջախաղացը մարդոց ծիծաղ պարգեւող խոհուն եւ փիլիսոփայ արուեստագէտ մըն էր, որ լռելեայն կը խօսէր կեանքի, ճշմարտութեան, բարիի եւ չարի, լոյսի եւ ստուերի, խիղճի մասին: Իր սկզբունքն էր. «Առանց որեւէ իզմի, թեքուելու կամ տատանուելու… կը կենաս ձեռքերուդ վրայ, հաց կ’ուտես»:

Բազմաթիւ հռչակաւոր անձերու պէս՝ բարձր գնահատելով Ենկիպար­եանի տաղանդն ու արուեստը, չեխ նշանաւոր դերասան, գրող, բեմադրիչ, նկարիչ եւ թատրոնի տեսաբան Միրոսլաւ Հորնիչէկ ըսած է. «Հազարաւորներ կու գան, շարունակ կը խօսին եւ ոչինչ կ’ըսեն: Ան եկաւ, լռեց եւ ամէն ինչ ըսաւ»:

«Սովորաբար կրկէսին մէջ ծաղրածուները դադարները կը լրացնեն` արթիսթներու ելոյթներու միջեւ: Ենկիպարեանի պարագային հակառակն էր. մենք` արթիսթներս, կը լրացնէինք անոր ելոյթներու դադարները»,-ըսած է Հայաստանի կրկէսի գեղարուեստական ղեկավար, Ենկիպարեանի սան Սոս Պետրոսեանը, զոր 1972-ին Երեւանի մէջ հիմնեց «Ենկիպարեանի Անուան Մանկական Կրկէս-սթուտիօ»ն:

Քաղաքներէն Ենկիպարեան կը սիրէր Երեւանը, Մոսկուան, Փրահան, տարուան եղանակներէն՝ աշունը, որուն «բոլոր ժամանակներու ծաղրածու» կը կոչէր:

Չնայած ձեռք բերած մեծ փառքին, «արցունքներու մէջէն ժպտացող» Ենկի­­պար­եան բնաւ հարուստ չեղաւ, բայց հոգիով հարուստ, նրբամիտ եւ ողջ կեանքի ընթացքին մանուկ մնացած, մաքուր սրտով երիտասարդը՝ հեքիաթի հերոսի մը պէս, հանդիպած աղջիկներուն ծաղիկներ նուիրել կը սիրէր, չնայած՝ «Մեծ քաղաքին մէջ ծաղիկներ նուիրելը շատ դժուար գործ է»,-կ’սէր: 

Տարիներ շարունակ իր հանդիսատեսին լռութեամբ զուարճացնող եւ յուզող, այդ թախծոտ ծաղրածուն իր արուեստի պէս ալ լուռ եւ հանգիստ, իր ննջասենեակին մէջ, միայնութեան մէջ հրաժեշտ տուաւ կեանքին: 1972թ. Յուլիս 25-ի առտուն, մայրը կը մտնէ սենեակ անոր արթնցնելու…, լռութիւնը կ’ըլլայ միակ պատասխանը: «Հեռանալիս մի՛ մարեր դիմացինիդ հոգւոյն լոյսը»,- կ’ըսէր Լէոնիտ: Ինք հեռանալով, հաւատարիմ մնաց իր խօսքերուն՝ իր ձգած ժառանգութեամբ լոյս պարգեւելով հանդիսատեսի հոգւոյն:

                                            

Տաղանդաւոր դերասանը իր խաղով եւ ստեղծած կերպարներով ոչ մէկ բանով ետ կը մնար աշխարհահռչակ մնջկատակներէն: Տակաւին որքա՜ն գլուխգործոցներ ունէր աշխարհին տալու ան, որքա՜ն անաւարտ հեքիաթներ տարաւ ան իր հետ…  

«Ծաղրածուներու արքայ» անուանուած՝ հաճելի դիմագիծերով, երազկոտ ու բարի աչքերով, այդ հրաշք դերասանէն շատ սորվելիքներ ունին ներկայիս եւ ապագայի մնջախաղի դերասաններն ու ծաղրածուները:

«…Ես այնպիսին չեմ, ինչպէս բոլորը:Ծաղրածուն չի կրնար ըլլալ ինչպէս բոլորը: Ծաղ-րածուն մասնագիտութիւն չէ, աշխարհայեացք է:Եթէ դուք այդպէս՝ ծաղրածուի աչքերով կը նայիք աշխարհին, ապա ինչով ալ զբաղիք, միեւնոյն է՝ ծաղրածու էք: …Կը վախնամ բարեկեցութենէ: Կը սիրեմ ծովը, աշունը…Վինսէնթ Վան Կոկ»: «Համաձայն չեմ որ մնջախաղը կոչուի «լռութեան արուեստ»: Ինծի կը թուի, թէ շարժումն ու դիմախաղը իրենց հնչողութիւնն ունին, ինչպէս գոյնը: Մնջախաղը հրաշալի է անով, որ մարդուն կը ստիպէ մտածել, … կը վստահի մար­դուն եւ կը բարձրացնէ անոր իր սեփական աչքին: …Բեմ կու գայ ներկած դէմքով, տարօրինակ ու զուարճալի մարդը, կը խնդացնէ մեզ, եւ յաճախ ինք արտասուելով կը հեռանայ»,-Լէոնիտ Ենկիպարեան:

«…Ենկիպարովն առանց որեւէ բառ արտասանելու հանդիսատեսին հետ կը խօսի սիրոյ ու ատելութեան, մարդու նկատմամբ յարգանքի, ծաղրածուի յուզառատ սրտի, մենութեան եւ ունայնութեան մասին: Եւ այս բոլորը ան կ’ընէ մաքուր, նուրբ, անսովոր»,-ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիսթ, յայտնի ծաղրածու Եուրի Նիքուլին:

«Մտայղացումներով լի հետաքրքիր ու դժուարին շատ կատարումներ մինչեւ օրս մնացին չգերազանցուած, մնացին` Ենկիպարեանական: …Ցաւօք, Լ. Ենկիպարեանն աւելի շատ մտայղացումներ տարաւ իր հետ,քան ըրաւ ողջութեան ժամանակ: Կեանքէն հեռացաւ, երբ կ’ապրէր ստեղծագործական բուռն զարգացման ու վերելքի շրջանը: Ափսոս, անոր «ջութակը» վաղաժամ կոտրեցաւ. բայց ամոքուինք այն բանով, որ մեծ հայորդու ջութակի ձայնը դեռ կը լսուի»,-circus.am կայք:

 

ԼԷՈՆԻՏ  ԵՆԿԻՊԱՐԵԱՆ – ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ

(յապաւումներով)

Գրպանահատը

Ես գրպանահատ եմ: Ես գրպանահատներու արքան եմ: Ես հարուստ եմ եւ երջանիկ: Գրեթէ երջանիկ: Միայն թե ափսո՜ս, որ ոչ ոք գրպանին մէջ իր սիրտը կը պահէ:

Լապտերները

Գիշեր է: Անձրեւ կը մաղէ: Կաթիլները… երբ կ’իյնան լապտերներու լոյսին տակ, կը թուի, թէ փողոցի երկայնքին շարուած լապտերները կ’արտասուին:

Ինչի՞ մասին: …Ամբողջ գիշեր անոնք կ’արտասուին մենակութենէ…

Դուն, ես ու իմ տխրութիւնը

Սրճարանը կը դատարկուի: Կը շարժին աթոռները, կը շխկշխկայ սպասքը խոհանոցին մէջ:

Կը մնանք միայն դուն, ես ու իմ տխրութիւնը: Ներէ, գիտեմ որ կ’ուզէիր երկուքով ըլլանք այսօր, բայց հետս է իմ տխրութիւնը… Ըհը՜, դուն արդէն կը զայրանաս, զանգել կ’ուզես, շտապ է:

Կը մնանք երկուքով, ես ու դուն՝ իմ տխրութիւն…

Չէ ու հա

Ես անդունդի եզրին եմ՝ «Ոչ»֊ի ու «Այո»֊ի արանքը։ Քո «Ոչ֊»էն ես իմ «Այո»֊ին կը հասնիմ ցանկութենէ, ամաչկոտութենէ եւ սէրէ հիւսուած պարանով։ Այն կը ցնցուի, կը ճոճուի, ու իմ վրաս կախուած է Միայնութիւնը եւ «Այո»֊ն, որ այնքան գրաւիչ ու մօտ կը թուէր, հիմա անհասանելի է: Բայց ես կը քալեմ, Հպարտութիւնը կը պահէ հաւասարակշռութիւնս: Նաեւ հին ու բարի Յոյսի վալսը, զոր կը հնչէ բարդ  համարներու կատարման ժամանակ, ուժ կու տայ զիս։

…Ես կու գամ. փորձելով չնայիլ ներքեւ, եւ չմտածել որ յանկարծ, մինչ ես կու գամ դէպի քո «Հա»ն, ինչ֊ որ մէկն արդէն հասած է քեզ, օգտագործելով Բարեկեցութեան աստիճանը…

 

Ես կրկին միայնակ եմ

…Իմ հանդիսատես, ես կը հաւատամ այն բանին որ դուն պիտի բարի ըլլաս: Ինչի՞ մասին դուն այսօր, այժմ, այս երեկոյ, կը մտածես, դուն, որ վաղը գալու ես ինծի նայելու: Երեւի, ոչ իմ մասին: Իսկ եթէ նոյնիսկ իմ մասին, միտքովդ ալ չ’անցնիր, թէ ինչ տխուր է, եւ ինչքան չ’ուզէր ապրիլ այս ծաղրածուն, թէ ինչ միայնակ է ան:…

Միթէ՞ քո միտքով կ’անցնի, որ ես լիովին, կը հասկնա՞ս, բացարձակապէս մինակ եմ:

Չեմ հասկնար, …չեմ հասկնար ձեր օրէնքները, ձեր բարոյականութիւնը, ձեր սէրը, մեծա-հասակներ: Չեմ գիտեր, թէ ես ինչպէս պիտի ապրիմ: Ձեր աշխարհին մէջ ես չկրցայ ապրիլ, իսկ իմիս մէջ՝ ես լրիւ միայնակ եմ:

Ճանապարհը

Կը մեկնիմ: Ես վաղը կը մեկնիմ: Ճանապարհը՝ երկա՜րերկա՜ր։ Եւ նոյնքան երկար է գնացքը:

Ան կազմուած է տասնեակ, գուցէ նաեւ հարիւր հազարաւոր վագոններէ: Ամէն վագոնին մէջ՝ հարիւրաւոր լուսամուտներ, որովհետեւ ամէն մի վագոն մէկ հարիւրամեակ է:

Ես կը մտնեմ վերջին վագոն, որ գոնէ փոքր ինչ մօտ ըլլամ քեզ:

 

 

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին