Պսակաձեւ Նոր Ժահրը (Coronavirus; COVID-19) շատ վտանգաւոր, անծանօթ եւ վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որ մեզի ծանօթ մարդկային պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը յայտնուի ու կը հարուածէ մարդկութիւնը:
Մինչեւ այս պահը, աշխարհի վրայ պաշտօնական գրանցումով՝
վարակուած են 124,968, մահացած են 4585, բուժուած են 67,050 անձեր
անոր սանձարձակ աճը արդէն իսկ նախատեսուած է:
Լիբանանի մէջ ան անխնայ տարածումի հանգրուանին մէջն է: Վարակուողներուն թիւերը ամէն օր կ՛աճին, մինչ երկու օրուայ ընթացքին արձանագրուած են մահուան երկու պարագաներ:
Ամէն մակարդակի վրայ ձախող պետութեան մը մէջ, եւ ի չգոյէ պետական մակարդակի պատասխանատու եւ լուրջ տնօրինման, իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք, որովհետեւ իւրաքանչիւրս հաւանական վարակողներն կրնանք ըլլալ մեր շրջապատին:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, սրտագին կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի ընթերցողներուն, որպէսզի դուք նախաձեռնութիւնը առնէք սոյն ժահրի տարածման դէմ միջոցառումներ ձեռնարկելու. ձեր տունէն չհեռանալով ու ձեր տեղափոխութիւնը ինչպէս նաեւ այլ մարդոց հետ շփումը կարելի եղածին չափ սահմանափակելով:
Վերջապէս, եթէ ոչ քեզի համար, քու սիրելիներուդ համար հոգ տար առողջութեանդ եւ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալու առաջին իսկ ախտանշանին, անձդ անմիջապէս անջատէ շրջապատէդ եւ դիմէ արհեստավարժ օգնութեան:
«Զարթօնք»