ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Մեր տօնացոյցին համաձայն՝ տարուան մէջ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ յիշատակին յատկացուած են շուրջ 130 օրեր, որոնց մէջ կը յիշատակուին 415 անուններ։ (Սակայն այստեղ նշենք ու ըսենք թէ, մեր ՍՈՒՐԲԵՐԸ լոկ տօնացոյցին մէջ անցածները չեն. Եկեղեցին ալ ունի հազարաւոր -թերեւս բիւրաւոր- ուրիշ սուրբեր, որոնց անունները Աստուած միայն գիտէ)
***
«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ, ՈՒՍՈՒՑԻՉ, ՆԿԱՐԻՉ, ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ, ԴԱՍԱԽՕՍ ԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏ»
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, աւազանի անունով՝ Խութլուշահ, ծնած է շուրջ 1344 թուականին։ Հօր անունն է՝ Սարգիս, որ Արճէշէն գաղթած է ու Փարպեցի աղջկան մը հետ ամուսնանալով հաստատուած է Վայոց Ձոր։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին պատանեկան տարիքին մուտք գործած է Որոտնեցիի դպրոցը եւ այդտեղ մնացած է 28 տարի։ 1371 թուականին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տաճարին մէջ քահանայական օծում ստացած է իր ուսուցիչին ձեռքով։
Սուրբը միայն երկու տարի մնացած է Ապրակունեաց վանքը, երբ արդէն նիւթական միջոցներու նուազման պատճառաւ հետզհետէ նուազած է աշակերտներուն թիւը. այնպէս որ, 1390-ին կը պատրաստուի փոխադրուիլ Տաթեւ, ուր ձեռնտուութիւն պիտի գտնէ իր ուսուցչին եղբօրմէն՝ Սմբատ Օրբելեան իշխանէն, եւ իր քեռորդի՝ Առաքել Արք.էն։ Ան նաեւ բազմաթիւ աշակերտներ ժողոված է Տաթեւի մէջ ու նաեւ Դպրեվանքը հասցուցած է բարձր դիրքի։
Ան հաւատարմութեամբ ու բծախնդրութեամբ հետեւած է իր մեծ ուսուցիչին ուղղութեան պայքարելով ունիթորական եւ աղթարմայական աւերիչ հոսանքներու դէմ, եւ բուռն կերպով աշխատած է պահել ու պահպանել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին Տաթեւի վանքին մէջ մնացած է 1390-էն մինչեւ 1409 թուական։ Այդ միջոցին է, որ կատարած է Պօղոսի տասնեւչորս թուղթերուն մեկնութիւնը եւ Գրիգոր Աստուածաբանի՝ այսինքն Նազիանզացիի ճառերուն հաւաքումը եւ անոնց ուսումնասիրութիւնը, սքանչացում պատճառած է բոլոր աշակետներուն, որոնք օրէ օր կ’աւելնային։
1409 թուականին իր խումբով փոխադրուած է Արճէշի Մեծոփ վանքը, որուն առաջնորդը Յովհաննէս Մեծոփեցի պատուով ընդունած է զինքը ու ամէն տեսակ դիւրութիւն շնորհած է իրեն, որպէսզի հոն եւս արդիւնաւորէ իր դպրոցական գործը։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին մեկնիչ է, բեմբասաց է, փիլիսոփայ է, վերլուծող է, բանասէր է։ Աւանդած նիւթերն են. Հին եւ Նոր Կտակարաններու մեկնութիւնը, եկեղեցական Սուրբ Հայրերու գրութիւնները, յոյն մեծ իմաստասէրներու գործերն ու անոնց բացատրութիւնը, քարոզախօսութիւն կամ բեմասացութիւն, երաժշտութիւն, գրչագրութիւն եւ այլն։ Իր միակ նպատակը եղած է Սուրբ Հայրերուն գրութիւններուն միջոցաւ ուսուցանել Քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքն ու ուղղափառ դաւանութիւնը։ Այդ ժամանակաշրջանին ներքին հարցեր տեղի ունեցած են, որոնցմէ ամէնէն կարեւորն է Աղթամարի աթոռի խնդիրը, այնպիսի շփոթ հանգամանքներու յանգեցան, որ Տաթեւացին հազիւ տարի մը մնալէ ետք Մեծոփի մէջ, վերադարձաւ Այրարատեան գաւառը, ժամանակ մը մնաց՝ Սաղմոսավանք, ուր դարձեալ իր շուրջ հաւաքեց խումբ մը աշակերտներ։ Տեսնելով իր խոնջած ու հիւանդագին վիճակը տարին զինք կրկին ի Տաթեւ, ուր իր յառաջացած ու զարգացած աշակերտներուն ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազանը տալէ ութը օրեր ետք կնքեց իր մահկանացուն 1410-ին Դեկտեմբեր 25-ին։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն արժանաւոր վարդապետներէն է, եռամեծ մակդիրով արժանապէս տիտղոսուած։ Իբրեւ եկեղեցական մատենագիր Տաթեւացին ամէնէն արդիւնաւորներէն հանդիսացաւ մեր մէջ, ձգելով հսկայ գրաւոր աշխատութիւններ, որոնք անսպառ շտեմարան մըն են կրօնական գիտելիքներուն։ Ան ազգին համար եղաւ երկրորդ Լուսաւորիչը, ան նաեւ եղաւ Աստուծոյ հաճոյացած մաքուր անձ մը եւ Սուրբ մը։
Ինքն ալ իր ուսուցիչին նման, տքնեցաւ ու տառապեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եւ եկեղեցին պատուեց զինքը դասաւորելով զինք տօնելի սուրբերուն շարքին։ Իր նշանաւոր գիրքերն են.- Գիրք Հարցմանցն ու Քարոզագիրքը, որ բաղկացած է երկու մեծ հատորներէ՝ Ձմրան եւ Ամրան անուններով։
Այստեղ յիշենք Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին մտածումներէն մի քանի հատը։
ԱՌԱՋԻՆ.- Աղօթքը քանի՞ տեսակ կամ ձեւ ունի։
Կ’ըսենք թէ վեց։
Նախ՝ միտքով աղօթել, ինչպէս՝ (միտքով սաղմոս պիտի ըսեմ), (Սղ 146.2)։
Երկրորդ՝ խօսքով, ինչպէս՝ (մտիկ ըրէ բերնիս խօսքերուն), (Սղ 86.5)։
Երրորդ՝ լեզուով, ինչպէս՝ (Իմ լեզուովս Աստուծոյ դիմեցի կամ խնդրեցի), (Սղ 141.1)։
Չորորդ՝ երկրպագութեամբ, ինչպէս՝ (եկէք երկրպագենք Անոր), (Սղ 86.9)։
Հինգերորդ՝ արտասուքով, արցունքով, ինչպէս՝ (Աստուծոյ առջեւ իյնանք ու լանք)։
Վեցերորդ՝ աղօթքը ապրում եւ ընծայ է, որ եկեղեցւոյ մէջ կ’ընծայուի, ինչպէս՝ (Երուսաղէմի մէջ Քեզի աղօթք ըրին) (Սղ 122.4)։
Եւ այս է պատճառը, որով Աստուած մեզի տուաւ միտք, խօսք, լեզու, մարմնի անդամներ եւ զգայարանքներ։ Որովհետեւ ամէն ինչ Աստուծոյ է։ Իսկ արտասուքը ամէն ինչի մէջ միշտ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ միւս ամէնէն աւելի արժէքաւոր է որպէս հաշտութեան ընծայ։
ԵՐԿՐՈՐԴ.- Ի՞նչ են սիրոյ աստիճանները։
Երեք են. Անկատար, կատարեալ եւ գերակատար։ Այսպէս՝
Նախ՝ մարմնի սէրը անկատար է։
Կատարեալ է հոգիին սէրը։
Իսկ Աստուծոյ սէրը՝ գերակատար։
Մենք մեր նկատմամբ անկատար սէր ունինք, ընկերոջ նկատմամբ՝ կատարեալ եւ կատարելագոյն՝ Աստուծոյ նկատմամբ։
Դարձեալ պատիժի երկիւղի պատճառով ծառայական սէրը անկատար է։
Կատարեալ է վարձկանինը պատուի պատճառով։
Եւ գերակատարը՝ որդիական սէրը բնութեամբ բարի ըլլալու պատճառով։
Ուրիշներ կ’ըսեն թէ սիրոյ աստիճանները չորս են.-
Նախ՝ երբ ինքզինքս կը սիրեմ անձնապէս։ Այս բարի սէր չէ:
Երկրորդ՝ երբ զԱստուած կը սիրեմ անձիս համար։ Ասիկա վարձկանի սէր է։
Երրորդ՝ երբ զԱստուած կը սիրեմ իր բարի ըլլալուն համար եւ այս սէրը բարի է։
Չորրորդ՝ երբ կը սիրեմ ինքզինքս Աստուծոյ համար եւ ասիկա ալ լաւագոյն է, որովհետեւ մարդ իր սիրոյն համար չէ որ կը խնդրէ սէրը, այլ` Աստուծոյ սիրոյն միայն։