Հիմնուելով մեր դաւանանքին վրայ, որ կը յարգէ բազմակարծութիւնը, կարգ մը մեր ակնոցով անհրաժեշտ յապաւումներով, տեղ կու տանք սոյն յօդուածին: Այս քայլը լոկ մեր լայնախոհութեան դրսեւորումը չէ: Ան նաեւ յարգանք է, «ոգիի սովի» այս մռայլ օրերուն, հանդէպ գաղափարապաշտի մը, նոյնիսկ եթէ իր հետ չենք բաժնէր միեւնոյն գաղափարականը: Սոյն գրութիւնը կարելի է կարդալ նաեւ իրավիճակ մը արտացոլացնող հայելիի մը տեսանկիւնով, որուն ցոլացուցածը ինքնաքննադատութեան ինչպէս նաեւ գործելաձեւի վերարժեւորումի ուսումնասիրութեան մղող որպէս մղիչ ուժ կրնայ ծառայել:
«Խմբ.»
Յիմարութիւն է՝ երբ մարդ Աստուծմէ խնդրէ բաներ, զորս ինք կրնայ իր ուրոյն ուժերով ձեռքբերել։
ՍԱՄՈՍԵՑԻ ԵՊԻԿԻՒՐ
Յունական Սամոս կղզիի իմաստունը՝ Եպիկիւր (Ն.Ք. 341-270), որ իդէապաշտ (idealist) Պղատոնի դպրոցի հետեւորդ էր, հրաժարեցաւ, եւ յարեցաւ մատերիապաշտ (materialist) դպրոցին։ Ան հիմնեց «Պարտէզ» կոչուող իր դպրոցը, եւ պատմութեան մէջ առաջինը եղաւ իր դպրոցին մէջ՝ իգական սեռի աշակերտուհիներ ընդունողը (Ն.Ք. 4-րդ դարուն)։ Այս ռահվիրայ իմաստասէրը, որ մեծ մարդասէր մըն էր, ոչ միայն յիմարութիւն համարեց՝ չափահաս մարդոց համար, անչափահաս մանուկի մը ապաւինողականութեամբ խնդրել Աստուծմէ բաներ, զորս ինք կրնայ՝ իր սեփական ուժով ձեռքբերել, այլեւ՝ հետեւեալ հանելուկ-հարցումը տուաւ. «Եթէ Աստուած կարող է խափանելու Չարը, բայց չուզեր, ուրեմն չարակա՞մ է. ո՛չ։ – ատիկա նման չէ Աստուծոյ էութեան։ Եթէ կ՚ուզէ բայց չի կրնար, ուրեմն անզօ՞ր է. ո՛չ – ատիկա չի համապատասխաներ անոր նկարագրին։ Եթէ ոչ կ՚ուզէ եւ ոչ ալ կարող է, ուրեմն Աստուած չէ։ Իսկ եթէ թէ՛ կ՚ուզէ եւ թէ կարող է, ինչ որ միայն Աստուծոյ կը վայելէ, ուրեմն ուրկէ՞ ծնած է Չարը, կամ՝ ինչո՞ւ չի վտարեր Չարը աշխարհէն»։
Այս հանելուկ-հարցումին բանական աներկբայ պատասխանը՝ մեր հաստատ համոզումով, հետեւեալն է. «Չարը ծնած է Մարդէն, եւ ոչ թէ Սատանայէն։ Ուրեմն, Մարդը ինքն է դարձեալ որ պարտի Մարդու ծնունդ Չարը վտարել այս աշխարհէն…»։ Որովհետեւ՝ ոչ յիմար, այլ խելացի չափահաս մարդուն ուժերը բաւական են Չարը վտարելու աշխարհէն, երբ ատիկա ծնած է մարդոցմէ։ Միայն բնութեան Չարիքին դէմ յանդիման՝ Մարդը տկար է, եւ կրնայ դիմել Աստուծոյ, կամ աւելի ճիշդը, կրնայ դիմել աներեւոյթ, անանուն, անդիմագիծ ու անիրական «նախախնամութեան» մը… պարզապէս՝ չյուսալքուելու համար։ Որովհետեւ՝ բնութեան աղէտները Աստուծոյ հրահանգով չէ որ կը յառաջանան։ Վահան Թէքէեան իր «Երբ Օրը Գայ» քերթուածին մէջ կը մաղթէ, որ գայ այն օրը, երբ մարդ ստիպուած չըլլայ մարդոց ուղղելու իր գոհութիւնն ու դառնութիւնը, այլ միայն՝ բնութեան։ Բայց Չարին հանդէպ գիտակից ատելութիւն չունեցողը… չի կրնար գիտակից սէր ունենալ Բարիին հանդէպ, Արդարին հանդէպ, Չարի Զոհին հանդէպ…։ Հայրենազրկեալ Արեւմտահայութեան «փոշի ազգ»ի վերածուած բեկորներուն հանդէպ՝ գիտակից եւ անկեղծ սէր չունի ուրեմն, այն Հայը, որ գիտակից ատելութիւն չունի հայասպանին հանդէպ, պայքարելու պատրաստակամութիւն չունի անոր դէմ։ (Չեխ յեղափոխական բանաստեղծ Ճիւլիուս Ֆիւչէք ունի քերթուած մը՝ «Ատելութիւն Սրբազան» խորագրով)։
Մինչդեռ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ժողովրդապաշտ դպրոցը, ի հակադրութիւն պետութենապաշտ դպրոցին (որ պետութիւն չունեցող ազգի մը տարագրեալներուն կը մերժէ շնորհել «ժողովուրդ»ի կարգավիճակ), կը ճանչնայ արեւմտահայ տարագրեալներու աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ բեկորներուն «ժողովուրդ»ի կարգավիճակ, տուեալ ընդունելով չորս պատմա-մշակութային նախապայմաններուն լրացուած ըլլալը, եւ պահանջելով լրացումը 5-րդ կազմակերպչական նախապայմանի մը, որ է՝ կազմակերպումը եւ ստեղծումը միակ կառոյցի մը, որ ըլլայ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները միաւորող կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրեալ) եւ միակ լիազօր կազմակերպութիւնը, որ այս պայմանները լրացնելով կը դառնայ միջազգային իրաւական անձնաւորութիւն (personne juridique internationale), եւ լսելի կը դառնայ միջազգային ատեաններուն կողմէ։
Սակայն, տուեալ կարծուած կամ ենթադրուած չորս պատմա-մշակութային նախապայմանները՝ ներկայի համակողմանի ՆԱՀԱՆՋին բերումով, արդեօ՞ք առկայ են այսօր եւս…։
Որո՞նք են այդ չորս նախապայմանները։
1 – Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան կենդանի պահպանումը։
2 – Ազգային ինքնուրոյն ինքնութեան պահպանումը։
3 – Միեւնոյն ազգային պատմական յիշողութեան պահպանումը։
4 – Ունեցած են միեւնոյն պատմական հայրենիքը։
Կը կրկնենք. այս նախապայմանները դրուած են Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ժողովրդապաշտ բարեացակամ դպրոցին կողմէ, երեք յաջորդական փուլերով։
Առաջինը՝ 4 Յուլիս 1976 թ. Ալճերիոյ մայրաքաղաքէն՝ ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովէն բխած Ժողովուրդներու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագիրը։ Ասոր Յօդ. 3-րդը կը տրամադրէ. «Ամէն ժողովուրդ որ արտաքսուած է իր հայրենիքէն, իրաւունքը ունի հայրենիք վերադարձի»։
Երկրորդը՝ Ապրիլ 13-ին, 1984 թ. Փարիզի (Սորպոն Համալսարան) մէջ կայացած Պերթրանտ Ռասէլի Ժողովուրդներու Իրաւանց Պաշտպանութեան Միջազգային Հիմնարկի «Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարան»ի դատավարութեան արձակած վճիռը՝ Հայ Դատի թղթածրարին շուրջ, որուն Առաջին Յօդուածը՝ Հայ Սփիւռքի հայ բնակչութիւնները կը կազմեն «ժողովուրդ» մը ըսաւ, առանց մանրամասնելու թէ ինչ հիմունքներով։ (Բառացիօրէն խմբագրուած է հետեւեալ ձեւով. “Les populations Arméniennes de la Diaspora Arménienne constituent un Peuple”)։
Երրորդը՝ 1984 թ. Սեպտեմբեր 16-19, Վենետիկի մէջ, Լելիօ Պասսոյի անուան «Խաղաղութեան եւ Ժողովուրդներու Ազատագրութեան Միջազգային Հիմնարկ»ին հրաւիրած Սիմփոզիումը՝ շուրջ 30 օտար եւ հայ իրաւագէտներու, դատաւորներու եւ պատմաբաններու, եռօրեայ քննարկումներէ ետք, եկաւ եզրակացնելու թէ՝ չորս պատմա-մշակութային նախապայմաններու հիման վրայ Հայ Սփիւռքը կը կազմէ «ժողովուրդ» մը, եւ պահանջեց լրացնել 5-րդ կազմակերպչական նախապայման մը՝ ընդունելի ըլլալու համար միջազգային ատեաններու առջեւ, Հայ Դատը ներկայացնելու։ Այս Սիմփոզիումին մասնակցած էր Դոկտ. Մեթր Ռուբէն Պօղոսեան, որ Սիմփոզիումի քննարկումներուն եւ եզրակացութիւններուն ամբողջութիւնը ընդգրկող հատոր մը խմբագրեց ֆրանսերէն լեզուով, որ հրատարակուեցաւ Պէյրութի մէջ, Վիոլէթ Ճեպեճեան Գրադարանին կողմէ՝ “Le Visage d’un Peuple” խորագրով։
Կազմակերպչական 5-րդ նախապայմանին լրացումին համար, մօտ 50 հայ իրաւաբաններ, պատմաբաններ, բանաստեղծներ, բժիշկներ, երկրաչափներ, հրապարակագիրներ եւ հասարակական գործիչներ՝ Պէյրութէն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թեհրանէն, Փարիզէն, Լոնտոնէն, Նիկոսիայէն, Պերլինէն, Սթոքհոլմէն, Ուփսալայէն եւ ԱՄՆ-էն, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մեթր Ռուբէն Պօղոսեանի եւ խմբագրութեամբը տողերս գրողին, մշակեցին 5-րդ նախապայմանի լրացման Ծրագիր մը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը (ՏԱՀՔ) անունով՝ Հայ Սփիւռքը օժտելու համար այն համահայկական կառոյցով, որ պիտի հետապնդէր սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւնը, եւ որուն մէջ՝ լրջօրէն, կեդրոնականօրէն եւ համահայկականօրէն պիտի քննարկուէին՝ Սփիւռքի համակողմանի ՆԱՀԱՆՋին դարմանները, միջոցները եւ եղանակները փնտռելու եւ ստեղծելու հարցերը, վերջ տալու համար տիրող անտիրականութեան, որպէսզի կարելի դառնայ Հայ Սփիւռքի հայապահպանումի միակ շօշափելի, արժանի ու գրաւիչ նպատակին՝ Արեւմտահայաստանի Ազատագրութեան Պայքարի ձեռնարկումը… գէթ։ Որպէսզի հայրենազուրկ, կեդրոնազուրկ եւ տիրազուրկ չմնայ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը։
Սակայն, 1984 թուականին տակաւին լրացուած կը կարծուէին կամ կ՚ենթադրուէին օտարներուն կողմէ, չորս պատմամշակութային նախապայմանները։ Այսօր՝ նոյնիսկ մեզի համար արդէն կասկածելի, տարակուսելի դառնալու ուղին բռնած են, երբ մեր թշուառութիւնը հասած է Էջմիածինի «ծուխ»երն անգամ յափշտակելու եպերելի իշխանաքաղցութեան։
Պահանջուած 5-րդ կազմակերպչական նախապայմանը թէեւ ՏԱՀՔ-ի տարազով ձայն բարբառոյ յանապատի մնացած է, բայց ուրիշ տարազով մը լրացնելու երախտաշատ փորձ մը կայ՝ Հայ Սփիւռքի յառաջապահ, ոչ աւանդական, զինուորագրեալներու տակաւին փոքրաթիւ ջոկատին կողմէ։ Այս ջոկատը՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան սաղմն է. տակաւին միայն 28 հազար քաղաքացիներով։
Պահանջուած 4-րդ պատմամշակութային նախապայմանը կը մնայ լոկ անցեալի պատմական եղելութիւն։
Սակայն, պահանջուած միւս 1, 2 եւ 3 նախապայմանները, նահանջած են՝ 1984-էն ասդին. լեզուն, ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ գրաւեալ հողերու պատմական յիշողութիւնը։
Այս համակողմանի նահանջին թիւ մէկ պատճառը՝ մեր արշակաւանեան անմիաբանութիւնն է, աւատապետական տրոհուածութիւնն ու հատուածականութիւնը եւ կողմի մը մենատիրական մոլուցքը, որ թշնամին է համահայկականութեան ոգիին, եւ որ պառակտեց Հայութիւնը դար մը ամբողջ՝ 1918-2020, եւ դեռեւս կը շարունակուի … ինչ որ անկարելի կը դարձնէ Հայ Հողային Դատի միասնական, համահայկականօրէն հետապնդումը, հայութեան ազգային միասնական հանրային կարծիքի կազմութիւնը, վերջին մէկ դարու միասնական Հայոց Պատմութեան պատրաստութիւնը, ազգային միասնական կարծիք կազմելուն ազգի թշնամիներուն ու բարեկամներուն շուրջ, նոյնիսկ՝ Սիոնիզմին ու Փանթուրքիզմին շուրջ, որոնց երկուքն ալ հաւասարապէս մեղսակիցներն են Մեծ Եղեռնին… Արեւմուտքի իմփերիալիստ տէրութիւններուն հետ միասին, եւ՝ միասնական կարծիք կազմելու արտերկրի մէջ՝ հայապահպանումի աշխատանքին միեւնոյն շօշափելի նպատակ մը ճշդելու, կամ՝ կեթթոյացումի՞ թէ ընդելուզումի ճամբով սերտաճի, համարկումի քաղաքականութիւն վարելու հարցերուն շուրջ։ Մէկ խօսքով. անկարելի դարձուց նորահաս սերունդներուն համար, համազգային հեղինակաւոր, կեդրոնական ու վստահելի ու գործունակ կառոյցի մը ստեղծումը։ Այլ խօսքով՝ Հայ Սփիւռքին տիրութիւն ընող եւ զայն առաջնորդող ու ղեկավարող կառոյցի մը շուրջ միասնական կարծիք կազմելու հնարաւորութիւնը։ Եւ՝ համակողմանի ՆԱՀԱՆՋը կը շարունակուի Հայ Սփիւռքին մէջ ամենուրեք։
Մինչ անդին, Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները, փոխանակ իրենք զիրենք պատասխանատու զգալու այս նահանջին մէջ, եւ փորձ մը ընելու, հաւաքական ճիգերով դարմաններ գտնելու այս նահանջին, հետապնդելով սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւնը, որ իրենց անելիքն էր… պարտքը, հաւաքաբար փախուստ տուին Արեւելեան Հայաստան… ուր անելիք չունէին։
Այս փախուստը իրենց պարտականութենէն… փախուստ չէ՞ր արդեօք՝ իրենց կոչումէն, առաքելութենէն, կորսնցուցած չէի՞ն իրենց կոչումին եւ առաքելութեան գիտակցութիւնը։ Ապա ուրեմն՝ ինչո՞ւ կը շարունակեն իրենց գոյատեւումը…։
Այս գիտակցութեան կորուստին մէկ մանրանկարը տեսանք արդէն Լիբանանի մէջ՝ ներքին պատերազմի օրերուն, երբ նոյները փախուստ տուին Արեւմտեան Պէյրութէն, ուր հաստատուած էին լիբանանահայութեան մեծագոյն ազգային, կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ երիտասարդական հաստատութիւնները, զանոնք փակելով կամ նոյնիսկ՝ վաճառելով…։ Ազգային Առաջնորդարան, Ալեք Մանուկեան Կեդրոն, Փալանճեան Ճեմարան, Համազգայինի Գրատուն, Ժողովրդային Տուն կամ՝ Երեւանեան Կեդրոն, Տեմիրճեան Վարժարան, Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան… որուն հետեւանքով պարպուեցաւ Զոքաք էլ-Պլաթի հայահոծ մեծ թաղամասը, ուր կը գտնուի Սբ. Նշան Մայր Եկեղեցին ու Խանամիրեան Գոլէճը, որոնց հին անունը՝ Եագուպիէի թաղ էր պատմականօրէն, Երուսաղէմի Սբ. Յակոբ Վանքին անունով, քանի որ կը պատկանէր Պատրիարքարանին…։ Մինչդեռ, համախումբ կեանքը կը նպաստէր հայերէն լեզուի պահպանումին։
Մանաւանդ, երբ աւելի ապահով կարծուած «քրիստոնեայ» Արեւելեան Պէյրութը շատ շատ աւելի անապահով էր քան «իսլամ» Պէյրութը. հոս հայահոծ թաղերը չռմբահարուեցան, ինչպէս եղաւ միւս շրջանակներուն մէջ:
Աւանդական Սփիւռքի ղեկավարութիւնը՝ դար մը ամբողջ, մինչեւ Մեծ Եղեռնի դարադարձ, եւ մինչեւ այսօր, Մեծ Եղեռնի երկու ոճիրներէն միայն մէկը կուռքի վերածեց, պաշտամունքի առարկայ՝ Ցեղասպանութիւնը, եւ պահանջելու պէս մուրաց ատոր բարոյական, ապաքաղաքական ու սնամէջ ճանաչումը, մոռացութեան տալով աւելի մեծ ոճիրը՝ Տարագրութիւնը, Հայրենազրկումը։ Ինչ որ պատճառ եղաւ որ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները կորսնցնեն իրենց ՏԱՐԱԳՐԵԱԼի ինքնութեան գիտակցութիւնը, եւ՝ սկսան ապրիլ ու շարժիլ ՏԱՐԱԲՆԱԿի գիտակցութեամբ, «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաբանով, կորսնցնելով մարդու մը ինքնութեան բաղադրիչներէն՝ պատմական յիշողութեան խիստ կարեւոր բաղադրիչը ինչպէս տեսանք։ Առանց պատմական յիշողութեան՝ չկայ հայրենազրկեալի գիտակցութիւն։ Ուրեմն, առանց հայրենազրկեալի հայրենիք վերադարձի գիտակցութեան, արտերկրի մէջ՝ վերջիվերջոյ անձնատուր կ՚ըլլայ հայապահպանումը, կը յաղթէ՝ նահանջը, այլասերումն ու ձուլումը, կամ՝ աշխարհաքաղաքացիութիւնը, կամ ալ՝ լաւագոյն պարագային, միայն ծագումով հայը։ Հայապահպանումի միակ շօշափելի նպատակն ու մղիչ ուժը հայրենիքը ազատագրելու պայքարն է, որ կը պահանջէ երկու բան՝ հայրենազրկեալի գիտակցութիւն եւ պայքարելու յանձնառութիւն։
Աւանդական Սփիւռքի ղեկավարութիւնը անտեսեց, կամ՝ մոռացութեան տուաւ հայապահպանումի նաեւ ուրիշ մէկ ազդակը՝ ամրակուռ, առողջ ու երջանիկ հայ ընտանիքը, որ կորիզն է Տարագիր Արեւմտահայութեան։ Հոս եւս, Առաքելական Համայնքի կրօնական դատարանի պատասխանատու տնօրէնները՝ Կաթողիկոս, Առաջնորդ կամ Ազգային-Քաղաքական Ժողով, 1982 թուին մերժեցին բարեփոխել եւ արդիականացնել, նաեւ՝ աւելի արդար դարձնել 1952 թուին որդեգրուած Անձնական Իրաւանց ու Դատավարական կանոնները, զոր առաջարկած էր Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւնը (լիբանանահայ միակ համահայկական միութիւնը), որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ իրաւագէտներու Սիմփոզիում մը հրաւիրած էր այս նպատակով։ Միայն Վահէ Սէթեան հաւանութիւն տուած էր, որ 1952 թուի կանոնները պատրաստող յանձնաժողովի երեք անդամներէն մէկն էր, իսկ միւսները՝ Մեթր Կարապետ Իզմիրլեան եւ Մեթր Հրաչեայ Շամլեան։
Աւանդական կուսակցութիւններուն փախուստը Սփիւռքէն եւ ապաստանիլը Արեւելեան Հայաստան, պատճառ եղաւ նաեւ իրենց ներքին պառակտումներուն, երկփեղկումին, եւ նոյնիսկ՝ եռփեղկումին, որուն մէջ տխուր դերակատարութիւն ունեցան հոն տիրապետող օլիգարխիկ համակարգին գլուխները, սկսեալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն, փառատենչ ու պատեհապաշտ կուսակցական մտաւորականները կաշառելով ոչնչագին «շքանշան»ներով։
Աւանդական կուսակցութիւնները այսպիսով կորսնցուցին իրենց առաքելութեան ու կոչումին գիտակցութիւնը՝ հետեւելով Հայաստանակեդրոն ուղիին, եւ դարձան հարիւր տոկոսով ինքնանպատակ. այսինքն՝ անատակ առաջնորդելու եւ ղեկավարելու, բայց ատակ՝ միմիայն տեղքայլելով գոյատեւելու։ Այսպիսով՝ Սփիւռքը մնաց անտիրական, բայց անոր փոքրաթիւ յառաջապահ ջոկատը կը խոստանայ կանգնեցնել, ապա նաեւ՝ ետ դարձնել ՆԱՀԱՆՋի արագաշարժ անիւը, որ սիզիֆեան ջանքեր կը պահանջէ։ Ուրեմն, ամէն իրաւ հայրենասէր Հայ, այսօր՝ պարտի հետեւիլ յառաջապահ Սփիւռքի ջոկատին, եւ քաղաքացին դառնայ Արեւմտեան Հայաստանի Իրաւականօրէն Շարունակուող Պետութեան, բազմապատկելով անոր ներկայի միայն 28 հազար քաղաքացիներուն թիւը։ Զօրացնելու համար այս սաղմնային պետութեան ներկայացուցչական հանգամանքը, որպէսզի դառնայ նաեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներուն կեդրոնական եւ միակ լիազօր կառոյցը, զոր կը պահանջէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ժողովրդապաշտ դպրոցը, ինչպէս տեսանք։ (Ինչ որ ալ ըլլան այս յառաջապահ ջոկատին հանդէպ դրական ու բացասական դիրքորոշումները, այս ջոկատին ստեղծած՝ հիմա արդէն Բ. խորհրդարանը, 77 պատգամաւորներով, 20 հազար քաղաքացիներու ձայներով՝ անուրանալի է, որ այս խորհրդարանը Տարագիր Արեւմտահայութեան միակ ընտրեալ ներկայացուցչական կառոյցն է)։
Համահայկական հրամայական մարտահրաւէր մըն է այսօր, ոչ միայն Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ սփիւռքակեդրոն տեսլականով, այլեւ՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարենորոգումը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ միասնութեան վերականգնումի տեսլականով։
Վերջապէս։ Այսօր՝ իր ներքին դատաստանին առջեւ ո՞վ կրնայ մոռնալ, որ հայապահպանումին նորագոյն եւ մեծագոյն եղեռնը հանդիսացաւ վերջին երեսուն տարիներուն, Արեւելահայաստանի մէջ հաստատուած՝ ապազգային, օլիգարխիական իշխանութեան ազգաքանդ արժեհամակարգը, որ եկաւ փոխարինելու նախորդ սովետահայ ազգաշէն արժեհամակարգը։ Ուրանալով ու դրժելով սովետահայ արժեհամակարգին կերտած հայապահպանումի նոր Ոսկեդարը, որ դարձած էր Տարագիր Հայութեան հայկականութիւն եւ հայրենասիրութիւն ջամբող զուլալ, վճիտ ու լուսաշող աղբիւրը՝ եօթանասուն տարի ամբողջ։ Հաստատելով՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (որուն պետական գերբին կեդրոնական մակերեսը կը գրաւէր վեհանիստ Արարատը, եւ վերեւը՝ մուրճ-մանգաղ), որ կազմակերպեց Հայոց Պատմութեան Առաջին Հայրենադարձութիւնը, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն, համալսարանական ձրի ուսում ջամբեց հարիւրաւոր սփիւռքահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, ուսուցիչներու եւ ուսուցչուհիներու, երգի-պարի եւ թատերական խումբեր գործուղեց Սփիւռքի գաղթօջախներուն եւ Սփիւռքին համար հրատարակեց «Հայրենիքի Ձայն» թերթը, եւայլն, եւայլն…։ Ուր կար հայերէնի ընթերցասէր ժողովուրդ եւ տասնեակ հազարաւոր տպաքանակով հայ գրողներու, բանասէրներու եւ պատմագրերու գործեր, որոնց նախապէս կը բաժանորդագրուէր ընթերցասէր ժողովուրդը, եւ ուր սովետահայ բանաստեղծը հպարտօրէն կը յայտարարէր. «Ես հայ եմ, հին ինչպէս լեառն Արարատեան, թաց են ոտքերս դեռ Ջրհեղեղի ջրից, իմ սուրբ հոն է տեսել՝ Նոյն առաջին անգամ, Բաբելոնեան Բէլը խորտակուել է իմ սրից…»։
Մինչդեռ՝ Գ. օլիգարխիկ «անկախ» հանրապետութեան Ա. նախագահը՝ ի սկզբանէ կը յուսալքէր Տարագիր Հայութիւնը, գոչելով. «Պատմական իրաւունքի հիման վրայ պահանջատիրութիւնը իռացիոնալ ռոմանտիկա է…», եւ երկրի դռները լայն կը բանար՝ կասկածելի, ծածկագիտական, այլասերող տասնեակներով իբր թէ աղանդաւորական մութ աղանդներու առջեւ, նսեմացնելով մեր ազգային եկեղեցին, անոնց շնորհելով միեւնոյն ազատութիւնն ու իրաւունքները…։
Իսկ Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները, խաբուելով «անկախութեան» հմայքէն, մոռցա՜ն Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան արժեհամակարգը, եւ բնազանցական բացարձակապաշտ մտածելաեղանակով՝ ստրկացան օլիգարխիկ իշխանութեան ազգաքանդ արժեհամակարգին։ Միմիայն մատի վրայ համրուող իրաւ հայրենասէր եւ պարկեշտ հրապարակագիրներ չմոռցան, եւ երբեմն գրեցին Նոյեմբեր 29-ի առիթով։ Յիշենք անոնցմէ Դոկտ. Աւետիս Եափուճեանը եւ Աւետիս Ռազմիկը։ Իսկ հաւանաբար, միայն Լիբանանահայ Գրական Շրջանակն էր, որ ներքին տօնախմբումներ կ՚ունենար Նոյեմբեր 29-ի առիթով, որովհետեւ հաստատ մնաց իր սկզբնական արժեհամակարգին եւ գաղափարականին վրայ։
Եւ իբր հետեւանք, վերջին 30 տարիներու Սփիւռքի նահանջը եղաւ աւելի արագ ու համակողմանի։
Սակայն, անհասկնալի մնաց այն, որ աւանդական կուսակցութիւններէն մէկը, որ կէս դար պայքարելէ վերջ, 70-ականներուն, հաշտուած էր սովետահայ արժեհամակարգին հետ, ան ալ գործակցեցաւ օլիգարխիկ համակարգին հետ…։
Յապաւումներով
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ