Լիբանանի կառավարութիւնը լուրջ անելի առջեւ է: Կամ այն է, որ ան պէտք է գործակցի Միջազգային Դրամատան հետ եւ տեղի տայ անոր պայմաններուն եւ կամ ալ կքի չգործակցելու հետեւանքով գալիք բոլոր խնդիրներուն տակ: Այսպէս է, որ իրավիճակը կը նկարագրեն շատ մը տնտեսագէտներ, դիւանագէտներ եւ քաղաքական գործիչներ:
Հակառակ, որ կառավարութեան կարգ մը անդամներ կրնան յստակատեսութիւնը ունենալ տեսնելու գալիքը սակայն անոնք պիտի կարենան շրջանցել Հըզպալլայի կամքը, որ վերապահ է Միջազգային Դրամատան հետ համաձայնութիւններ ընելու հարցով:






