Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին

Չորեքշաբթի 4 Մարտ 2020ի յետմիջօրէին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին (ատենապետ), այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, տեսակցութիւն մը ունենալու Արամ Ա. Վեհափառին հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեցին Ընկ.հի Անի Լաչինեան-Մակարեան (ատենադպիր), Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան (գանձապահ) եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան (խորհրդական):

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու լիբանանահայութեան այսօրուայ դժուարին ընկերատնտեսական կացութիւնը, իր կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններով: Վեհափառ Տէրը ի շարս միւս խնդիրներուն, յատուկ հոգածութեամբ արտայայտուեցաւ լիբանանահայ դպրոցին կարեւորութեան եւ անոր գոյատեւման հետ կապուած հարցերուն մասին ու շեշտը դրաւ անոր պահպանման վրայ: Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Հայ եկեղեցիին կողքին Հայ դպրոցը եղած է գրաւականը սփիւռքի մէջ հայապահպանման վեհ գործին: Ան դրուատիքով խօսեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան աւանդին մասին հայ մշակոյթին պահպանման նուիրուած իր առաքելութեան մէջ: Արամ Ա. Կաթողիկոսը չափազանց կարեւորեց հայկական տարբեր հաստատութիւններու միասնական եւ համախոհ աշխատանքի կենսականութիւնը: Հակառակ երկրին եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին դիմագրաւած չափազանց վտանգաւոր կացութեան, իր ազգին առաջնորդ մեծ եւ պատմական ղեկավարի մը իրեն յատուկ կեցուածքով Արամ Ա. Վեհափառը  լաւատեսութիւն յորդորեց իր զրուցակիցներուն ու իր նեցուկը յայտնեց անոնց շարունակելու այն ազգօգուտ աշխատանքը, որ իրենց վստահուած է:

Ընկ. Գասարճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրական հոգածութեան համար, որ իր պատմական առաքելութեան հաւատարիմ ո՛չ մէկ բան կը խնայէ լիբանանահայութեան կողքին կանգնելու համար, որպէսզի ան նուազագոյն վնասներով շրջանցէ սոյն ճգնաժամը: Ան կարեւոր նկատեց Արամ Ա. Վեհափառի անձին առանցքային դերը, որ իր շուրջ կրնայ համախմբել ազգին բաղկացուցիչ տարրերը միասնաբար գործելու եւ յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին