Հինգշաբթի, 04. 09. 2025

spot_img

«Ազատականութիւնը Մերօրեայ Քաղաքական Լաւագոյն Վարդապետութիւնն Է Մինչ Ռամկավարութիւնը Միշտ Կ՛ընթանայ Անոր Զուգահեռ ու Լաւագոյն Դրսեւորումն է Անոր». Սեւակ Յակոբեան

7 Նորագիրներ Միացան ՌԱԿին

Կուսակցութիւնը ամբողջութիւնն է միեւնոյն աշխարհահայեացքն ունեցող եւ ազգային քաղաքական միեւնոյն նպատակները հետապնդող այն անձերուն, որոնք ուխտով մը կապուած կ՛ըլլան իրարու եւ միասնական ջանքերով հետամուտ կը դառնան իրենց ընդհանրական նպատակներու իրագործման:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցելով հայ պատանին մեր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն ունեցող այն անձն է, որ պատրաստ է անձնականը  զոհելու ընդհանրականին եւ իր կուսակիցներուն հետ լծուելու Հայ ազգին ծառայութեան:

Իրենց նախորդած՝ թիւով 15 ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն հետքերով, որոնք ընդամէնը մօտ ամիս մը առաջ միացան ՌԱԿի շարքերուն 7 պարմանուհի-պատանիներու նոր հոյլ մը երէկ՝ 4 Մարտ 2020ին իրենց կուսակցական ուխտը կատարեցին միանալով իրենց ընտրած այն կուսակցութեան, որուն անդամագրուելու պատրաստութեան շրջանը կը բոլորէին արդէն:

Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն եւ յատկապէս երէկ երեկոյեան դարձեալ զուգադիպող փակ ճամբաներուն Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ հաւաքուեցան մեծ խումբ մը պատանիներ ՌԱԿ Լիբանանի Արմենական Պատանեկան Շարժումէն, որոնց դիմաւորեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ ինչպէս նաեւ ԵՌԱԿ երիտասարդական ակումբի եւ ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան Ուսանողական Միաւորի պատասխանատու ընկերներ, միասնաբար քննարկելու իրենց հետաքրքրող կարեւոր նիւթեր: Երիտասարդութեան ուղղած իր խօսքին մէջ ընկեր Յակոբեան շեշտեց, որ ազատականութիւնը մերօրեայ քաղաքական լաւագոյն վարդապետութիւնն է մինչ ռամկավարութիւնը միշտ կ՛ընթանայ անոր զուգահեռ ու լաւագոյն դրսեւորումն է անոր:

Հաւաքին աւարտին, եւ ինչպէս վերը նշած էինք 7 նորագիրներ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանին կնքահայրութեամբ իրենց ուխտը կատարեցին միանալու ՌԱԿի շարքերուն, դառնալով տիպար Ռամկավար-Ազատականներ, որոնք հայ սփիւռքի մէջ, Հայրենիքի կենարար շունչով սնանող եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցուոյ սրբութեամբ զօրացած, ամբողջական նուիրումով պիտի լծուին ազգապահպանումի եւ մեր Մեծ Երազի իրականացման կենսական աշխատանքներուն, որպէս լուսաշող գալիքի հիմնախարիսխ ընդունելով Մայր Հարենիքը՝ Հայաստանը:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին