Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտարարեց, որ կը փակէ երկրի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու օդային տարածքը։ Սուրիոյ կառավարութիւնը նաեւ նկատել տուած է, որ այսուհետեւ թիրախ պիտի դարձնէ, բոլոր այն կործանիչները կամ օդանաւերը, որոնք կը հատեն միջազգային համաձայնագրերով հաստատուած օդային տարածքը։
Նշենք, որ Դամասկոսի այս որոշումը կը հրապարակուի այն պահուն, երբ հաղորդուեցաւ սուրիական բանակի Սու-24 կործանիչի մը վար առնուելուն լուրը։
Կործանիչի հարուածուելուն լուրը հաստատուեցաւ Sky News կայանին կողմէ, որ սակայն օդանաւուն անձնակազմին վերաբերեալ ոչ մէկ տեղեկութիւն հաղորդեց։






