Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ  կայացաւ 29 Փետրուար – 1 Մարտ,  Անթիլիասի մէջ  յստակացուց  լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները։ Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները։

Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած լրագրողներու համահայկական համաժողովի արդիւնքները, համաժողովի ընթացքին հնչած առաջարկները, ինչպէս նաեւ համահայկական լրատուական գործակցութեան զարգացման ուղղուած գործնական մեթոտները։

Արձանագրուեցաւ, որ երկու օրուան ընթացքին համակարգող խորհուրդը ձեւակերպած է  լրատուական  ժամանակակից միտումներու համահունչ օրակարգ, որուն նպատակը հայկական  լրատուամիջոցներու  համար զարգացման եւ գործակցութեան շարունակականութեան ապահովումն է․ այդ օրակարգը հիմնուած է մամուլի միաւորման ձգտող առանցքներու վրայ։

Նիստի նախօրեակին եւ աւարտին Խորհուրդը հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի հետ ֊ Հանդիպման ընթացքին  խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ նախանձախնդրութեան  ինչպէս նաեւ հայ մամուլի տարուան առիթով  մշակուած բոլոր ծրագիրներուն համար։ Վեհափառը խորհուրդ տուաւ ոլորտի աշխատանքները կազմակերպել,  մեկնելով համահայկական օրակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութենէն եւ մամուլի ունենալիք դերակատարութենէն։

Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը գումարել Երեւանի մէջ,  Մայիս ամսուան ընթացքին։

Հանդիպում  ՀՀ  դեսպան Աթաբեկեանի հետ

Համակարգող խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանին հետ, որ խօսեցաւ Հայաստանի հանրապետութիւն – Լիբանան միջպետական զարգացող յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններուն մասին։ Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը համահայկական մամուլ – ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն աշխատակարգի ճշդման՝  արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն եւ անոնց կիրառման գործընթացներուն մասին  իրազեկուելու նպատակով։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին