Սերոբ Պապուճեան Աբոյեան քառասուն օրեր առաջ մնաս բարով ըսաւ այս աշխարհին, չորս հինգ տարիներ յիշողութեան կորուստի պատճառով լռակեաց կեանքէ մը ետք:
Մեր շրջապատին մէջ մարդիկ մեզի հետ կ’ապրին, կը գործեն, լաւին ու բարիին համար կը պայքարին… ու յանկարծ կը դադրին ըլլալէ: Որքան ալ ըսուի, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ, անպայմանօրէն այդպիսիներուն մեկնումով կը ստեղծուի դատարկութիւն մը, որ ո՛չ մէկ ձեւով կրնանք լեցնել: Ամենադժուարը կ’ըլլայ, երբ շուրջդ կը դիտես ու կ’անդրադառնաս, որ այդպիսի պարապութիւնները կը շատնան, որուն համար միայն կրնանք ափսոսալ:
Սերոբը այս տեսակ մարդոցմէ էր: Կը վազէր, կը պայքարէր, կեանքի յորձանուտին մաս կը կազմէր: Գիրք-գրականութիւն, պատմութիւն, մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ իր կեանքին մաս կը կազմէին ու անոնցմով կ’ապրէր:
Քեսապցիի զաւակ, Սերոբ 1961-ին ՀԲԸՄ.ի- Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն շրջանաւարտ կ’ըլլայ, ապա Հայկազեան Գոլէճէն (այժմ համալսարան) պատմութեան նիւթի Պսակաւոր արուեստից վկայականով զինուած՝ կը նետուի կեանքի ասպարէզ :
Շրջան մը կ’ըլլայ Հայոց պատմութեան ուսուցիչ Արմէն Ղարիպի Նոր բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ապա կը մտնէ գիրքերու աշխարհէն ներս: Նախ կը պաշտօնավարէ Գէորգ Աճեմեանի գրատան մէջ, ապա կ’անցնի գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու տարածիչ Levant հաստատութիւն, ուր կը հիմնէ եւ կը վարէ դասագիրքերու բաշխման բաժանմունքը, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 2011- ին:
Սերոբին գործունէութիւնը կը տարածուէր զանազան հետաքրքրութիւններու շրջագիծէն ներս: Ան հաւատացողն էր Հ.Բ.Ը. Միութեան ազգային գաղափարախօսութեան ու անոր կողքին էր միշտ: Զինք կը տեսնենք նաեւ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն ներս, իբրեւ օգնական եւ յօդուածագիր: Հայոց վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան 50-ամեակի յուշատօնը նախապատրաստողներու եւ կազմակերպողներու մէջ կը գտնենք զինք: 1987-ին, Մելգոնեանցի քանի մը ընկերներով կը հիմնուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութիւնը որուն ատենապետութիւնը կը վարէ մինչեւ 2002: Այդ շրջանին, իր գլխաւորած վարչութիւնը կը կազմակերպէ մեծարանքի երեկոյներ, նուիրուած տասնեակ մը մելգոնեանցի գրողներու եւ արուեստագէտներու: Մելգոնեանցի շուրջ վաթսուն գրողներու գիրքերուն ցուցահանդէսը Պէյրութի մէջ տեղի կ’ունենայ 1991-ին «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ, իսկ Կիպրոս՝ Մ.Կ. Հաստատութեան մէջ, 1996-ին: Շատերուս նման, դժբախտաբար ինք ալ ականատես կ’ըլլայ իր սիրելի «Լուսոյ տաճար»ին վերջնական փակումին, երբ վարժարանը կրթական եւ աշակերտութեան թիւի առումով բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը գտնուէր եւ ոչ մէկ նիւթական տագնապ ունէր: 1988-ին, զօրավար Անդրանիկի մահուան 60-ամեակին առիթով, անոր նուիրուած ՀԲԸՄ–ՀԵԸ-ի փառապանծ հանդիսութիւնը նախաձեռնող-կազմակերպողներէն մին էր: 1995 – 1999 Սերոբ մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնախումբին, ճարտարապետ Մկրտիչ Պուլտուգեանի ատենապետութեան օրօք:
Սերոբ Աբոյեան 1969-ին կ’ամուսնանայ մելգոնեանցի ընկերուհիին՝ Ազատուհի Ճըղըլեանին հետ: Անոնք կ’ունենան երկու աղջիկ զաւակներ՝ Ցոլեր եւ Նայիրի: Ցոլերը կ’ամուսնանայ Սերժ Փանոսեանին հետ եւ կ’ունենան երկու մանչեր. անոնք ներկայիս կ’ապրին Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ: Իսկ Նայիրին կ’ամուսնանայ Ռաֆֆի Պուչագճեանի հետ: AUB-էն շրջանաւարտ, Նայիրի անգլերէն լեզու կը դասաւանդէ Պալամանտ համալսարանին մէջ:
Սերոբ Աբոյեան դժբախտութիւնը կ’ունենայ կանուխէն կորսնցնելու իր սիրելի կողակիցը, որ կը մահանայ 2007-ին:
Սիրելի՛ Սերոբ, այս տողերը թող փունջ մը ծաղիկ ըլլան հեռաւոր Այնճարի գերեզմանիդ վրայ:
ԶԱՒԷՆ ՂԱՐԻՊԵԱՆ