Մինչ քորոնա ժահրով վարակուած չորրորդ հիւանդը գրանցուեցաւ երէկ, Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկաւ յայտարարելով, որ Լիբանանի տարածքին վարժարանները փակ պիտի մնան մինչեւ Մարտ 8 ներառեալ:
Նշենք, որ Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցը, երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց իր մօտ գրանցուած չորրորդ պարագային մասին: Գրանցուած հիւանդը արտասահմանէն չէ, որ իր հետ կրած է ժահրը: Ըստ աղբիւրներուն, ան Լիբանանի մէջ վարակուած է:






