Լիբանան յաջորդ շաբաթ պիտի որոշէ եթէ պիտի վճարէ 1.2 միլիառ ամ. տոլարի հասնող իր պարտքը, որուն վճարման ժամկէտը Մարտն է: Այսպէս յայտնած է Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապը նախարարաց խորհուրդին առջեւ անոր Ուրբաթ օր գումարած ժողովին ընթացքին: Հակառակ այս անորոշ յայտարարութեան աղբիւրներ կը նշեն, որ կառավարութեան մօտ միտում կայ վճարումը յետաձգելու:
«Ինչ կը վերաբերի Eurobond-ի վճարումի ժամկէտին, մենք կը շարունակենք սերտել զանազան տարբերակներ: Մենք տակաւին որոշումի մը չհասանք: Այս բանէն դուրս ամէն տեսակի խօսք ճշգրիտ չէ». այսպէս յայտարարեց Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտըլ Սամատը երէկ վկայակոչելով վարչապետ Տիապի արտասանած խօսքը կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին, որ նախագահած էր նախագահ Միշէլ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ:






