Լիբանանի մէջ գրանցուեցաւ Քորոնա ժահրով վարակուած երրորդ պարագան։
Ըստ աղբիւրներու վարակակիրը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի է, որ օրեր առաջ Թեհրանէն ժամանած ր Պէյրութ։
Կը նշուի նաեւ, որ հիւանդը փոխադրուած է Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցը, որ վերջերս յատուկ բաժին մը յատկացուցած է Քորոնայով ախտաճանաչուած հիւանդներուն։






