Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

ՍԴՀԿ – ՀՅԴ – ՌԱԿ Միջկուսակցական Ժողով

Երէկ, Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարին, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Նոր Հաճնոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում մը` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի միջեւ: Ներկայ էին ՍԴՀԿ-էն՝ ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան, Մարտիկ Ժամկոչեան, ՀՅԴ-էն՝ ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ ՌԱԿ-էն՝ ատենապետ Սեւակ Յակոբեան եւ Արմէն Վայեճեան։

Ժողովականները քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած կրթական, ընկերային եւ տնտեսական զանազան խնդիրներն ու տագնապները:

Քննարկելով քաղաքական օրակարգը՝ ժողովականները արդարացի համարեցին 17 հոկտեմբերին ծայր առած ժողովրդային բողոքներն ու պոռթկումները եւ նշեցին, որ տագնապէն դուրս գալու միջոցներ կը շարունակեն մնալ կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրուած տնտեսական ծրագիրի մը գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական համակարգին մէջ փտածութեան վերացումը եւ յափշտակուած գումարներու վերադարձը պետական գանձարկղին՝ դատաիրաւական անկախ համակարգի մը ստեղծումով։

Ժողովականները շեշտեցին, որ Լիբանան հեռու պէտք է պահել արտաքին ամէն տեսակի միջամտութիւններէն եւ ապատեղեկատուութեան ու խեղաթիւրումներու վրայ հիմնուած խուճապային մթնոլորտէն։ Փաստը ցոյց տուած է, որ բեւեռացումը երբեք չի նպաստեր ներկայ առաջադրանքներու իրականացման, այլ ընդհակառակն աւելի կը ծանրացնէ առկայ վատ կացութիւնը։

Իսկ  ազգային օրակարգով, որպէսզի ստեղծուած տնտեսական տագնապը չունենայ սուր հետեւանքներ, կենսական նկատուեցաւ, որ համայնքի կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները առաւելագոյն դիւրութիւններ ընծայեն համայնքի զաւակներուն եւ զարկ տան ընկերային ու բարեսիրական օժանդակութիւններուն՝ թեթեցնելու համար քաղաքայիններուն կրած տնտեսական, կենցաղային, առողջապահական  ու ապրուստի ծանր բեռը:

Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ներկայ հանգրուանին անխախտ պահել լիբանանահայութեան անվտանգութիւնն ու միասնակամութիւնը եւ ճիգ չխնայել երաշխաւորելու լիբանանահայ համայնքի կենսունակութիւնը եւ անոր պատմական դերակատարութեան շարունակականութիւնը։

Միջկուսակցական ժողովը անդրադարձաւ նաեւ պատմութեան ընթացքին Լիբանանի հանդէպ մի՛շտ ալ թշնամական վերաբերմունք որդեգրած, երկար ժամանակ զայն իր լուծին ենթարկած, զայն սովամահ դարձուցած, ծաւալապաշտ ու ցեղասպան Թուրքիոյ Լիբանանի նկատմամբ որդեգրած նորօրեայ տխուր վերաբերմունքին, որ կը սպառնայ այս անգամ երկրի կայունութեան ու ապահովութեան։ Այս իմաստով անհրաժեշտ նկատուեցաւ ցուցաբերել համալիբանանեան զգաստութիւն եւ խոհեմութիւն։

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ հայաստանեան ու արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն։ Որոշուեցաւ յառաջիկայ հանդիպումին եզրակացնել Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակի ոգեկոչման համահայկական ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները։

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին

 ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

 ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին