Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿ Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզի Արմենական-Յովսէփեան Ակումբի Վարչութիւնը Կը Շնորհաւորէ Ընկ. Դոկտ. Շահէ Նաւասարդ Սանենցը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզի Արմենական-Յովսէփեան Ակումբի Վարչութիւնը սրտանց կը շնորհաւորէ իր վարչութեան անդամ՝ Շահէ Նաւասարդ Սանենցը Ռաթկըրզ Համալսարանի (Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ) Հաղորդակցութեան եւ Տեղեկութեան Դպրոցի Կաճառէն դոկտորական աստիճանով վկայուելուն համար:

Շահէ Նաւասարդ Սանենց, որդին Փառէն (Գազանճեան) Սանենցի եւ Նազելի (ծնեալ Փարթամեան) Սանենցի, հիմնուելով հարցազրոյցներով եւ այլ միջոցներով ձեռք բերուած տուեալներու վերլուծումներուն վրայ, իր Երկլեզու Չափահասներու Տեղեկութիւն Փնտռելու եւ Գործածելու Վարքը խորագրեալ թէզով, ուսումնասիրած է ընդհանրապէս չսերտուած մարզ մը. թէ մէկէ աւելի լեզու կամ բարբառ գիտցող անհատներ – մարդկութեան կէսը – ինչպէ՞ս կը փոխյարաբերին տեղեկութեանց հետ։

Ընկ. Դոկտ. Սանենց արժանացած է նաեւ մաքիստրոսական վկայականին, կրթագիտութեան մէջ, Հարվըրտ Համալսարանէն (Մեսեչուսեց, ԱՄՆ) ու ներկայիս կը դասախօսէ Ռաթկըրզ Համալսարանէն ներս։ Ան վեթերան անդամ է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ու ներկայիս խորհրդական անդամներէն մին է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի Արմենական-Յովսէփեան Ակումբի Վարչութեան։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

 Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի

ԱրմենականՅովսէփեան Ակումբի Վարչութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին