Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Կը Յայտարարէ Մայր Տաճարի Համար Համահայկական Հանգանակութիւն

Էջմիածինը կը յայտարարէ համազգային հանգանակութիւն ի նպաստ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ բարեզարդութեան։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն:

Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի հրատապ ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան աշխատանքները սկսած են 2017-ին` զերծ պահելու համայն հայութեան նուիրական սրբավայրը հնարաւոր փլուզման վտանգէ: Մայր Տաճարի վերջին ամրակայումը կատարուած է 1950-60-ական թուականներուն եւ կրած է մասնակի բնոյթ: Միածնաէջ Տաճարի պահպանման եւ ամրացման առումով ասիկա վերջին հարիւրամեակներուն կատարուող մեծագոյն հիմնանորոգութիւնն է, որ կը պահանջէ նաեւ աշխարհի բոլոր ծագերուն բնակող մեր ժողովուրդի զաւակներուն անմիջական մասնակցութիւնը։

Այս կապակցութեամբ 2019 Յունիս 23-ին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը սրբատառ կոնդակով համայն հայութեան ուղղած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Եկէ՛ք կառուցենք լոյսի Սուրբ Խորանը» կոչը։

Մայր Տաճարի նորոգութեան համար նուիրաբերուող օգնութիւնները համակարգելու նպատակով ստեղծուած են հոգաբարձուներու պատուոյ յանձնախումբ եւ գործադիր մարմին: Հաստատուած է նաեւ աշխատանքային խումբ` ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Հովնան արք․ Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ: Սփիւռքի տարբեր թեմերու եւ համայնքներու մէջ ձեւաւորուած են տեղական յանձնախումբեր:

Այսօր հայութեան Սրբութիւն սրբոցը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, կարիք ունի իր իւրաքանչիւր զաւակի օժանդակութեան, որպէսզի շարունակէ իր յաւիտենական առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Սրտաբուխ նուիրատւութիւնները կարելի է փոխանցել եւ տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ www.cathedral.am կայքէջին միջոցով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին