Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Իրանէն եկող Օդանաւ մը Եւս Վայրէջք Կատարեց Պէյրութի Մէջ Հակառակ Քորոնա Ժահրի Հետ Կապուած Մտահոգութիւններու

Երէկ Իրանէն եկող օդանաւ մը եւս վայրէջք կատարեց Ռաֆիք Հարիրիի անուան Պէյրութի  միջազգային օդակայանին մէջ հակառակ քորոնա ժահրին հետ կապուած մտահոգութիւններու:

Ըստ աղբիւրներուն օդանաւը վայրէջք կատարեց առաւօտեան ժամը 9ին: Օդանաւին մէջ կային 218 ճամբորդներ: Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ նշանակուած բժիշկներ բարձրացան օդանաւ քննութիւններ կատարելու համար: Կատարուած քննութիւններու արդիւնքով, քորոնայէ վարակուած ճամբորդ չկար:

Հետեւաբար բոլոր եկողները իրենց տուները գացին առանց արգելքի:

«Քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեմ վստահութիւն ունենալ մեր ձեռք առած կանխազգուշութեան միջոցներուն վրայ: Վախը հասկնալի է սակայն խուճապը ընդունելի չէ» ըսաւ Առողջապահութեան նախարարը:

Ըստ կարգ մը ժամանած ճամբորդներուն վկայութեան սակայն, ի գործ դրուած միջոցները ընդամէնը ջերմութեան ստուգումն է եւ հեռախօսի եւ հասցէի արձանագրութիւնը, որ բաւարար չէ կանխազգուշութիւն կոչուելու երբ օդանաւ մը կը հասնի այդ ժահրով վարակուած ըլլալով ծանօթ երկրէ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին