Աշխարհով մէկ արագօրէն տարածուող Քորոնա ժահրը հասաւ Քուէյթ։
Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ը յղում կատարելով MTV կայանը, որ իր կարգին յղում կատարած էր քուէյթեան տեղական աղբիւրներու։
Ըստ նոյն աղբիւրին մահացու ժահրէն վարակակիրներն են քուէյթցի երեք քաղաքացիներ, որոնք վերջերս այցելած էին Իրան։
Կը նշուի նաեւ, որ հիւանդներ այցելութիւն տուած էին Իրանի Մաշհատ քաղաքը։






