Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

«Մահ Իմացեալ»ը` Յանուն «Կեանք Իմացեալ»ին

451 թուականին իմացեալ մահի տեսլականով առաջնորդուած սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ 1036 հաւատամարտիկներ, ակն ունէին՝ անսեթեւեթ պահելու հայու նկարագիրը եւ ինքնութիւնը: Անոնք Պետրոսեան ժայռահիմն հաւատքով տոգորուած եւ վեհ ձգտումով ճամբայ ելան ամրօրէն պահպանելու կերտուած ազգային քաղաքակրթութիւնը եւ անխաթար պահելու ազգային գիտակցական կենսանպատակը: Ե. դարուն մղուած հայ-պարսկական այս ճակատամարտը, ռազմական առումով նշանակալից յաղթանակ մը չէր: Սակայն քրիստոնէական հաւատքին, բարոյական սկզբունքներուն եւ ազգային ինքնուրոյն նկարագիրին տէր կանգնելու անտեղիտալի ըղձանքը՝ անկիւնադարձային իրողութիւն մը եղաւ հայութեան համար: Արդարեւ, միայն ռազմական յաջող իրագործումները չեն որ կը ձեւաւորեն ազգի մը նկարագիրը, այլ՝ ազգի մը ոգին է, որ կ’արտացոլացնէ անոր էութիւնը, կրօնքը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Ժողովուրդի մը մեծութիւնը իր թուային քանակին, հարստութեան կամ աշխարհակալական ձգտումներուն եւ անոնց առաւելագոյն իրագործման մէջ չի՛ կայանար, այլ՝ իր հոգեկան ոյժին, հաւատացած արժեհամակարգին եւ ստեղծագործական հանճարին մէջ:

Դարեր անցան, սակայն Վարդանանց հիմնած գաղափարական դպրոցին նպատակը մինչեւ օրս կը մնայ տիրապետող, որովհետեւ անոնք հաւատացին ինքնուրոյնութիւն եւ անմահութիւն կերտող արժէքներու գոյութաձեւին, մարմնաւորելով Եղիշէ Պատմիչի վկայութիւնը. «Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակներ եւ ոչ մարդիկ, ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը եւ ոչ ալ ամէնէն դառն հարուածները. վասնզի մեր հայրը կը ճանչնանք Սուրբ Աւետարանը, եւ մայրը՝ Առաքելական Եկեղեցին ընդհանրական. հետեւաբար, թող ո՛չ ոք իբրեւ չար անջրպետ մեր միջեւ իյնալով մեզ բաժնէ ասկէ»: Ահաւասիկ ա՛յս հաւատքէն բխած եւ մեր կեանքը ջահաւորող Վարդանանց լոյսին կը պարտինք մեր ազգային ինքնուրոյնութեան եւ ամբողջականութեան պահպանումը:

Վարդանանք իմացեալ հաւատքի զօրութեամբ մահուան երկիւղը վանեցին իրենցմէ, անմահութեան խորհուրդով լեցուեցան եւ ատով իսկ ունեցան առաւե՛լ կեանքի ձգտումը: ԶԱստուած հայերէնախօս դարձնող, Աստուծոյ սրբութեա՛մբ աղօթելու վարժուած, ինքզինք անքակտելիօրէն խո՛ր ու հաստա՛տ համոզումով քրիստոնէութեան միացուցած ժողովուրդի սրտին եւ հոգիին ամէնէն խորունկ ակունքէն ժայթքող աղաղակն էր այս՝ կեանքի եւ մահուան անհաւասար պայքարի մը մէջ արտասանուած: Դարեր անցան, բայց Վարդանանք՝ դարերուն հետ անսասանօրէն քալեցին եւ խաւարն ու մշուշը փարատեցին իրենց լուսեղէն փառապսակով: Հակառակ հայկական բանակին ամրակուռ շարքերուն մէջ կասկած եւ ջլատութիւն սերմանող Վասակեանց փորձերուն, քրիստոնէական եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը վեր դասուեցաւ երկրային բարիքներու, փառքի, պատիւի ու պաշտօնի սին պատրանքներէն. եւ հայ ժողովուրդը բարոյապէս յաղթեց եւ ուղղուեցաւ դէպի անմահութիւն:

Վարդանանք առաջնորդուեցան Եղիշէ Պատմիչի նշանաւոր կարգախօսով. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Ինչպէս երէկ, այսօր եւս, Իմացեալ մահի գաղափարը կը պահանջէ յարատեւ տագնապ, գիտակից յանձնառութիւն, ամբողջական մասնակցութիւն ու նահատակութիւն՝ ի խնդիր հաւաքականին եւ հոգեւոր ու ազգային իտէալներուն: Եղիշէ Պատմիչ, հայրենասիրութեան եւ Քրիստոնէական հաւատքի համազգային արտայայտութեան թարգմանը հանդիսանալով, մեզի փոխանցած է նաեւ հետեւեալ գաղափարը, թէ ինչպէս որ Քրիստոս գիտակից նահատակութեան խորհուրդով եւ մահուամբ մահը խորտակելով յաւիտենական կեանքը նուաճեց, նոյնպէս Վարդանանք իմացեալ մահով նման զուգահեռ մը ստեղծեցին եւ գիտակից նուիրուածութեամբ ազգին յաւիտենական կեանք պարգեւեցին: Հետեւաբար, իմացեալ մահը գրկելով, մեզի շնորհեցին կեանքը, որուն իմացեա՛լ շարունակութեան պարտականութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է միանգամայն:

Իմացեալ կեանքը այսօ՛ր բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտ եւ հրամայական պահանջք է: Նման կեանք մը որդեգրելու համար նախ կարիքը ունինք ինքնաճանաչումի, հաւաքական յիշողութեան եւ իմաստութեան ճանաչումին, այսինքն՝ մեր գոյութեան, ազգային ապրումներուն, քրիստոնէական համոզումներուն եւ հաւատամքին ամբողջական ճանաչումին եւ իւրացումին: Իսկ իմաստութիւնը կ’ընդգրկէ պատասխանատու արժեւորում՝ կեանքի իմաստին եւ անոր ունեցած դերին մարդուն էութեանը մէջ. այլ խօսքով, կեանքի իմաստին հանդէպ քննական մօտեցումի որդեգրում, անով ներգրաւուելու կարողութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ յատկանշուող: Ապրիլ իմաստութեամբ կը նշանակէ իմացական խորաթափանց ըմբռնումը գործնական ապրումի եւ աշխատանքի վերածել, եւ ճշմարտութիւնը՝ միտքէն դէպի առօրեայ ապրելակերպի փոխադրել: Նման գիտակցական նուիրումով էր, որ առաջնորդուեցան Վարդանանք եւ յանձնառու պատասխանատուութեան զգացումով կենսագործեցին թէ՛ իրենց եւ թէ ազգին՝ հաւաքականութեան գոյութիւնը: Անոնք հաւատացին ու ապրեցան հոգեւոր եւ ազգային վեհ արժէքներով եւ այդ արժէքները պահպանելու համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին: Անոնք  իմաստութիւնը ունեցան անդրադառնալու հաւաքական եւ միասնակամ ուժին եւ գործեցին ա՛յդ առաջադրանքով – ո՛չ անձնական շահերէ մղուած եւ ո՛չ ալ ժամանակաւոր ուժի խաբկանքով տարուած. այլ՝ իրենց անձերը նուիրեցին այնպիսի՛ յաւիտենական արժէքներու, որոնք կը բարձրացնեն եւ կը լուսաւորեն ազգը եւ անոր ապագան:

«Ծանի՛ր զքեզ» եւ «Ծանինք մենք զմեզ» նշանաբանները առաւել եւս կ’իմաստաւորուին իմացեալ մահով իմացեալ կեանք կերտելու պարունակէն ներս: Նման կեանքի մը համար այսօր հրամայական է ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաճանաչումի գերազանցօրէն որակաւոր մակարդակի մը նուաճումը: Ինքնաճանաչում որ կը վերաբերի մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերու ոլորտներուն եւ որ կ’երաշխաւորէ մեր իմացեալ գոյատեւումը հայրենիքի, ազգի եւ կրօնքի հզօր հովանիին ներքեւ:

Հետեւաբար, արժանի դառնալու համար Վարդանանց զոհաբերութեան եւ անոնց կտակած արժէքներու պահպանման, իմացեա՛լ կեանքով ապրինք եւ յաւերժացնենք Վարդանանց խորհուրդը: Կրաւորականութենէ հեռու, անտեղիտալի մաքառումով տէրը կանգնինք մեր անանց արժէքներուն, որպէսզի մշտապէս վերանորոգ աւիշով, կենսաւորենք մեր վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը՝ մեր ազգին եւ կրօնքին հաւատարիմ մնալու վեհ ուխտին: Այսպէ՛ս է որ ազգովին Վարդանանց իմացեալ մահով նուաճուած յաղթանակը կրնանք արժեւորել ու զայն ամրապնդել իմացեա՛լ կեանքով:

ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին