Վերջերս, դիմատետրի միջոցաւ եւ հոն տիրող «խանդավառութենէն» տեղեկացայ որ Սուրիոյ խորհրդարանը, պաշտօնապէս ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Շնորհակալ նախաձեռնութիւն: Սակայն ինչո՞ւ հիմա: Պահ մը մտածելէն վերջ վերլուծեցի որ Սուրիական պետութիւնը որդեգրեց «Վնասին, որ կողմէն դառնաս՝ շահ է» ասոյթը նաեւ անոր մէջ ընդգրկելով «Մէկ քարով երկու թռչուն» զարնելու հին-նոր քաղաքականութիւնը իբր արդիւնք «Գնայ մեռիր եկուր սիրեմ» իր ներկայ վիճակին:
Կը կրկնեմ. ինչո՞ւ հիմա, մինչ տասնեակ տարիներէ ի վեր, երբ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը բարգաւաճութիւն կը պարգեւէր իր ծննդավայրին, Սուրիան եւ Թուրքիան ոսկիէ վանդակի մէջ, սիրոյ թռչուններուն նման «Սէրս գաղտնի թող մնայ» կ’երգէին:
ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ