Հայապահպանումը՝ ինքնին, վախճանական նպատակ մը չէ, ինքնանպատակ չէ, այլ՝ լոկ միջոց մըն է, ծառայելու համար նպատակի մը գործադրութեան։ Եւ միջոցի մը արժէքն ու նշանակութիւնը կը չափուին իր հետապնդած նպատակին արժէքին ու նշանակութեան չափով։ Եւ՝ նպատակ մը մեծագոյն արժէքն ու նշանակութիւնը կ՚ունենայ, երբ հանրօգուտ է՝ կը ծառայէ մարդոց ու մարդկութեան։ Գամառ Քաթիպան ըսած է հայ հարուստին. եթէ քո շահից՝ չունի Հայաստան, թքել եմ՝ քո անհատական շահին վրան։
Հայապահպանում միջոցի զօրութեան երկու նախապայման ազդակներն են՝ նախ Հայոց Լեզուին եւ Հայոց Պատմութեան քաջածանօթութիւնը։ Իսկ այս միջոցը արժեւորող երկու շօշափելի նպատակներն են՝ Հայոց Լեզուի հայկականութեան պահպանումն ու նաեւ՝ հարստացումը, եւ՝ Հայոց Պատմութեան դասերուն թելադրած պատմական անհրաժեշտութեան գործադրութեան հետապնդումը՝ լուրջ եւ անկեղծ յանձնառութեամբ։
Տարագիր Արեւմտահայութեան յառաջապահ տարրերը այսօր կը գտնուին իրենք զիրենք յաղթելու եւ ազգին հաւաքական ցաւերուն դարման գտնելու մարտահրաւէրին առջեւ։
Այդ հաւաքական ցաւերն են՝ Հայ Հողային Դատը մոռացութեան տալու եւ Հայոց Լեզուին սպառնացող վտանգները։ Այս ցաւերուն դարման գտնելով է որ յառաջապահ տարրերը պիտի ունենան հոգեկան գոհունակութիւն, քանի որ արդէն իսկ՝ սկսած է խիստ վտանգաւոր դառնալ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արարատի գերեվարեալ վիճակին մոռացութեան հիւանդութիւնը եւ կը յիշուին միայն Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական ու իրաւունք ունիք, բայց առնելիք չունիքի իմաստով ճանաչումները, եւ միւս կողմէ՝ հայատառ օտար բառերու զանգուածեղ գործադրութիւնը թէ՛ Սփիւռքի եւ մանաւանդ՝ Արեւելահայաստանի մէջ…։
Ա.- ՀԱՅԱՏԱՌ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ
Հայոց Լեզուի հայկականութեան պահպանումն ու միաժամանակ անոր այժմէականացումն ու առաւել հարստացումը կը պահանջեն գործադրել հետեւեալ սկզբունքները.
1- Բացարձակապէս մերժել հայատառ օտար բառերու գործածութիւնը, եթէ՝ գոյութիւն ունին ատոնց հայերէն ՃՇԳՐԻՏ հոմանիշները, որոնք չեն ջնջեր կամ անտեսեր ատոնց ունեցած իմաստի եւ նշանակութեան գիտական նրբերանգները։
2- Սրբագրել՝ հայերէնի տառացի թարգմանուած սխալ բառերը, հայերէն ճշգրիտ բառերով. եւ երբ կարելի չըլլայ՝ օտար բառերուն արմատները հայացնել հայերէնի քերականութեան եւ լեզուամտածողութեան ենթարկելով զանոնք։
3- Ի պահանջել հայերէնի այժմէականացումի հարկին, չվարանիլ օտար բառերը նոյնութեամբ որդեգրելէ՝ եթէ կարելի չըլլայ գտնել հայերէնի մէջ, ատոնց ճշգրիտ իմաստի եւ նշանակութեան գիտական նրբերանգները պահպանող բառեր, հարստացնելու համար հայերէնի բառապաշարը, քայլ պահելու համար ժամանակին հետ։
Որովհետեւ, արդէն մեր ապրող ու զարգացող լեզուն, զոր մաքրակրօնները՝ իրենց բնազանցական բացարձակապաշտ մտածելաեղանակով, «մաքրամաքուր» կը կարծեն, այս սկզբունքներով առաջնորդուած է, եւ այդ «մաքրամաքուր»ին մէջ կան հարիւրաւոր, եւ հաւանաբար ալ՝ մի քանի հազար բառերու օտար արմատներ, որոնց չենք անդրադառնար այսօր՝ որ հայերէն չեն։
Յիշենք օրինակներ՝ արաբերէն արմատ բառերէն, հայերէնի մէջ.
Այպանել, գանձ, ձէթ, թագ, պալատ, բսիաթ, մանգաղ, մարգ, գունդ, դիւան, վառօդ, ծոմ, թիլ, սել, պանդոկ, պիստակ, բլբուլ, պղպեղ, ալանի, մունետիկ, ժամանակ, մասար, բադ, մկրատ, խանութ, ախոռ, զեփիւռ, փերուզ, սնտուկ, խան, արտ, կանթեղ, կարաւան, զուլալ, ամ (տարի), խալխլում, թարգման, վարդ, եասաման, բարբարոս, մահր, մաքս, գողգոթայ, լուբիա, թափոր, շաքար, գոհար, եւայլն…։
Նոյնպէս կան մեծ թիւով պարսկերէն, յունարէն, լատիներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն արմատներ (օրինակ՝ մեր ամսուայ 12 անուններն ալ հայերէն չեն…)։
Յիշենք շատ քիչ օրինակներ հայատառ օտար բառերէն, որոնք բացարձակապէս մերժելի են, քանի որ կան ատոնց ճշգրիտ հայերէն հոմանիշները.
Պրոդուկտիվ՝ արդիւնաբեր, ինտրիգ՝ դաւ, կոնֆերանս՝ համաժողով, կոզմետիկ՝ շպար, քոմենթ՝ մեկնաբանութիւն, էսկալացիա՝ մագլցում, սաստկացում, ինդուստրիա՝ ճարտարարուեստ, դեստրուկտիվ՝ քանդիչ, կործանարար, պլան՝ ծրագիր, նախագիծ, ռեսուրս՝ աղբիւր, կոմյիւնիկէ՝ հաղորդագրութիւն, պերմենենտ՝ մնայուն, տեւական, շարունակական, նյիւանս՝ նրբերանգ, վենդետա՝ վրիժառութիւն, փոխվրէժ, ագրեսիա՝ նախայարձակում, ռեաբիլիտացիա՝ վերականգնում, էլեմենտ՝ տարր, դենտենց՝ հակում, ձգտում, մղում, պրիմիտիւ՝ նախնադարեան, ռեակցիա՝ հակազդեցութիւն, հակադարձութիւն, կոնֆլիկտ՝ հակամարտութիւն, հակընդդիմութիւն, պատրիոտ՝ հայրենասէր, ֆրոնտ՝ ճակատ, ֆոտո՝ լուսանկար, ռեգիոն՝ շրջան, տարածաշրջան, կոորդինացիա՝ համակարգում, ապաթիա՝ ապակրանք, սուվերենութիւն՝ գերիշխանութիւն, եւ այսպէս հարիւրաւոր…։
Սակայն կան նաեւ՝ հայերէնի թարգմանուած օտար բառեր, որոնք չունին իմաստի եւ նշանակութեան գիտական ճշգրտութիւն եւ չեն յարգեր նրբերանգները։
Օրինակ.
Վիպապաշտութիւն, բայց ռոմանթիկը վէպը պաշտող մը չէ երբեք։
Ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն եզրերը չեն յարգեր իրենց միջեւ գտնուող իմաստի եւ նշանակութեան տարբերութեան նրբերանգը։ Ռազմը եւ մարտը միասին պատերազմ կը նշանակեն։
Աշխարհամարտը եւ ճակատամարտը պատերազմներ չե՞ն։ Ուրեմն, նոյնութեամբ առնել եւ հայացնել ստրատեգիա եւ տակտիկա եզրերը։
Երկվայրկեանը, որ second-ին տառացի թարգմանութիւնն է, թուաբանական մեծ սխալ մըն է… երկու վայրկեանը չի կրնար մէկ վայրկեանէն նուազ ըլլալ… րոպէն՝ կ՚ըլլայ։
Կայսերապաշտութիւնը եւ իմփերիալիզմը՝ աշխարհակալութեան իրարմէ հիմնովին տարբեր իմաստի եւ նշանակութեան երկու նրբերանգներ ունին, քանի որ առաջինը յատուկ է աւատատիրական դարաշրջանի աշխարհակալութեան, իսկ երկրորդը՝ գերզարգացած կապիտալիզմի, վայրի կապիտալիզմի դարաշրջանի։ Ուրեմն, կը գործածենք իմփերիալիզմը, զայն հայացնելով, երբ խօսինք ներկայ ժամանակներու աշխարհակալութեան մասին։ Արդէն՝ կայսր-ը հայերէն չէ, կայսրութիւն եւ կայսերապաշտութիւն՝ հայերէն չեն, այլ՝ օտար յատուկ անուն։
Դրամատիրութիւն եզրը ճշգրտօրէն կապիտալիզմ չի նշանակեր, որ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽ ունեցող եւ ոչ թէ ամէն դրամ ունեցող, դրամատէր դասակարգին իշխանութիւնն է, եւ ոչ թէ անդիմորոշ դրամին…։ Դրամագլուխ (capital) ունեցողը՝ կրնայ գնել արտադրութեան միջոցներ եւ վարձել մեծ թիւով աշխատաւորներ եւ շահագործել զանոնք, եւ կամ կանխիկ գանձուած տոկոսով պարտքի տալ մեծ գումարներ։
Ստրկատիրութիւն եզրը ի՞նչ կը նշանակէ։ Տիրութիւն ընողը ստրո՞ւկն է…։ աւելի ճիշդը՝ ստրկատէրատիրութիւնը պիտի ըլլար։
Ընկերվարութիւն եզրը կրնա՞յ սոցիալիզմ նշանակել։ Սոցիալիստական հասարակարգը ընկերակցութիւն չէ, այլ՝ համայնատիրութիւն։ Սոցիալականը ընկերային չի նշանակեր, այլ՝ հասարակական։ Ուրեմն, գործածել սոցիալիզմ եզրը, հարստացնելով հայերէնի բառապաշարը։ Կամ՝ սոցիալատիրութիւն, եւ կամ՝ հասարակավարութիւն։
Նոյնպէս՝ ընկերաբանութեան փոխարէն գործածել հասարակագիտութիւնը։
Փիլիսոփայութիւնը եւս հայացուած օտար (յունարէն) արմատ մըն է։ Իմաստասիրութիւնը լրիւ հայերէնն է։
Եկեղեցի, մզկիթ, ելեկտրական, ելեկտրոնային եւ երկար շարք մը օտար բառերու, որոնք հայացուած են եւ ապրած են ու վերապրած երկար ժամանակ։
Վերջապէս, հարկ է հաստատել, որ օտար լեզուներու ծանօթացումը կը հարստացնէ՝ ոչ միայն մեր լեզուագիտական, այլեւ՝ գաղափարախօսական մշակոյթը։ Սակայն, օտար լեզուի մը լեզուամտածողութիւնը կրնայ վնասակար ըլլալ՝ օտարացնելով մեզ, եթէ հակառակ է մեր լեզուի լեզուամտածողութեան։ Լեզուամտածողութիւնը ժողովուրդի մը դաւանած արժեհամակարգին արտայայտութիւնն է։ Օրինակ՝ անգլերէն Globalization եզրը հայերէնի մէջ՝ Համաշխարհայնացում է։ Ամերիկա եւ Բրիտանիա իբր ծաւալապաշտ երկիրներ, երկրագունդը (այսինքն՝ աշխարհագրական տարածք) գտած են կարեւոր։ Իսկ հայ ժողովուրդը՝ աշխարհը գտած է կարեւոր։ Երկրագունդը՝ աշխարհագրական տարածք է միայն։ Աշխարհը՝ երկրագունդին մարդկայնացումն է։ Մարդով բնակուած Երկիր մոլորակը աշխարհն է… միւս մոլորակներն ու աստղերը՝ տիեզերք…։ Ծաւալապաշտ թուրքերը ընտրած են küreselleşme եզրը (küre-ն երկրագունդն է՝ արաբերէնի գուրաթ ալ-արտ-ը, բայց արաբը մեր նման ա՚աուլամա-ն ընտրած է՝ ա՚ալամ-ը)։
Լեզուամտածողութեանց տարբերութեան ուրիշ օրինակ մըն է՝ «Մայիս Մէկ»ը։ Մայիս 1-ը՝ «Աշխատանքի՞ Օր» է, «Աշխատաւորներու Տօ՞ն»ն է թէ՝ «Բանուոր Դասակարգի Պայքարի Օր»ը։ Լեզուամտածողութիւնը ուրեմն, տարբեր է՝ ոչ միայն ազգերու միջեւ, այլեւ՝ դասակարգերու։ Միեւնոյն երկրի՝ պետական պաշտօնական պատմութեան եւ ժողովրդական պատմութեան լեզուամտածողութիւնները իրարմէ տարբեր են…։ Ֆրանսացիները կը գործածեն Mondialisation բառը (monde – աշխարհ) Ֆրանսական Յեղափոխութեան իբր հետեւանք…։
Բ. – ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐԸ
Տարագիր Արեւմտահայութեան յանձնառու յառաջապահներէն երեք ջոկատներ՝ յաջորդաբար, Հայ Հողային Դատի հետապնդումին համար, պայքարի եւ մարտնչումի ասպարէզ իջան՝ Մեծ Եղեռնի 60-րդ տարելիցէն յետոյ։
Առաջինը՝ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկները, որոնք Հայ Դատի զինեալ քարոզչութիւնը կատարեցին արիւնալի գործողութիւններով եւ կարգ մը խիզախ ճակատումներով։ Այս վերջիններուն մեծագոյնները եղան՝ Անգարայի օդակայանի ճակատումը՝ թուրք բանակին դէմ, տալով նահատակներ, եւ Փարիզի մօտ թրքական դեսպանատան գրաւումը՝ թուրք ոստիկանութեան հետ ճակատելով, տալով բանտարկեալներ, մեծ արձագանգ գտնելով միջազգային մամուլին մէջ։
Երկրորդը՝ յիսնեակ մը մտաւորականներու ջոկատը,– իրաւաբաններ, բժիշկներ, գրողներ, պատմաբաններ, երկրաչափներ եւ լրագրողներ, որոնք մշակեցին Հայ Դատի հետապնդումի իրաւական հիմքերը եւ կազմակերպչական կառոյցի ծրագիրը Միջազգային Հանրային Իրաւունքի պահանջներուն համաձայն, որ նախապայման կը նկատէ ստեղծումը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրեալ) եւ միակ լիազօր կառոյցին, այսինքն՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսին (ՏԱՀՔ) եւ կոչ ըրին բոլոր հոսանքներուն եւ կազմակերպութիւններուն՝ համահայկական ուժերով ստեղծելու ՏԱՀՔ-ը։ Ասոնց երեսնամեայ քարոզչութիւնը մնաց ձայն բարբառոյ յանապատի… քանի որ աւանդական ու պահպանողական բոլոր կազմակերպութիւնները պոյքոթեցին այս համահայկական կոչը… իրենց կամ՝ մենատիրական մոլուցքին, կամ՝ ամլացածութեան, կամ՝ անտարբերութեան, կամ՝ Արեւմտահայաստանն ու Արարատը մոռցած ըլլալնուն… եւ կամ ալ՝ իրենց անդամալուծութեան պատճառներով…։
Երրորդը՝ չեղաւ երազատես ՏԱՀՔ-ականներուն նման. եղաւ իրատես, եւ ոչինչ սպասելով աւանդապահ, ամուլ ու թմրած Սփիւռքէն, իր ուսերուն առաւ պատասխանատւութեան բեռը, եւ՝ գործնապաշտօրէն սկսաւ մասնակիէն հասնելու համար ընդհանուրին, եւ մեկնեցաւ՝ Արեւմտահայաստանի պետութեան իրողական եւ իրաւական միջազգային ճանաչումին փաստէն, որոշեց՝ իրաւականօրէն շարունակութիւնը ըլլալ այդ ճանչցուած պետութեան, եւ սկսաւ ստեղծել այս պետութեան կառոյցներուն սաղմերը։
2004 թուին հիմնեցին Արեւմտեան Հայաստանի Բնիկ Ժողովուրդին Ազգային Խորհուրդը։
2006-2007-ին այս Ազգային Խորհուրդը անդամակցեցաւ ՄԱԿ-ի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւանց Փորձագիտական Նորակազմ Յանձնաժողովին։
2014-ին, 18,786 արձանագրեալ քաղաքացիները ընտրեցին Արեւմտահայաստանի Ազգային Ժողովը (խորհրդարան), 64 պատգամաւորներով, որոնք ընտրեցին Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան նախագահը՝ Արմենակ Աբրահամեան, եւ անոր նշանակած վարչապետին՝ Տիգրան Փաշապէզեանի դահլիճին տուին վստահութեան քուէն։
2016-ին, այս պետութիւնը վաւերացուց Սեւրի Դաշնագիրը։
2018-ին, 28,000 քաղաքացիներուն 20,000-ին ձայնով ընտրուեցաւ այս պետութեան երկրորդ խորհրդարանը 77 պատգամաւորներով։ Իսկ նախապէս վարչապետ նշանակուած եւ վստահութեան քուէ ստացած էր Գառնիկ Սարգիսեան, որ ստացաւ նաեւ՝ երկրորդ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։
Այս պետութիւնը ունի սահմանադրութիւն, պաշտօնաթերթ, ելեկտրոնային հեռուստակայան ու կեդրոնատեղի Երեւանի մէջ։ Հրատարակած է հրամանագրեր, հաղորդագրութիւններ եւ որոշումներ, այս բոլորը բովանդակող հատորներու շարք, ունի դրօշակ, զինանշան ու մի քանի կայքէջեր…։
Նախապէս այս մասին գրած ենք մի քանի յօդուածներ։ Ներկայ յօդուածը պիտի ամփոփէ Սեւրի Դաշնագրի վաւերացման մանրամասնութիւնները, որոնք ունին իրաւական միջազգային հագամանք, եւ որոնք քաղուած են վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի հեղինակած, արաբերէն եւ արաբ հանրային կարծիքին ուղղուած խիստ այժմէական ու կարեւոր հատորին կցուած Դ. յաւելուածէն։
Այս յաւելուածին խորագիրն է՝ «Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան որոշումը՝ վաւերացնելու Սեւրի Դաշնագիրը, առնուած 24 Յունիս 2016 թուին»։
Իբր ներածական մէջբերուած է՝ “The Times” թերթի Փարիզի թղթակիցին գրութիւնը. «Դաշնակից 11 տէրութիւններ՝ Փարիզի մէջ, 10 Օգոստոս 1920 թուին կը ստորագրեն դաշնագիր մը» վերնագրով, որ կը մանրամասնէ բոլոր գլխաւոր անցքերը դաշնագրին, ստորագրութենէն առաջ եւ յետոյ, որոնք դուրս կը մնան ներկայ գրութենէն, սակայն յիշենք, որ թղթակիցը մանրամասն անդրադարձած է դաշնագրի ստորագրումը ձգձգելու թրքական պատուիրակութեան փորձերուն եւ ի վերջոյ ստորագրելուն։
Կ՚անդրադառնանք միայն մամլոյ այն պաշտօնական հաղորդագրութեան, որ հրատարակուած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ՝ Սեւրի Դաշնագրի վաւերացումին շուրջ՝ 24 Յունիս 2016 թուին։
Սեւրի Դաշնագրի վաւերացման եղանակին շուրջ դաշնագրի որոշումներէն մէկը կը պահանջէ, որ եւրոպական ցամաքամասէն դուրս գտնուող երկիր մը իր վաւերացումը պէտք է յանձնէ Ֆրանսայի կառավարութեան։
Ուրեմն, Արեւմտահայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որուն պաշտօնական նստատեղին առժամաբար Փարիզ կը գտնուի, 2016 թուի Ապրիլի 24-ին, դիմած է ֆրանսական կառավարութեան հարցնելով թէ՝ ո՞ւր եւ ե՞րբ կրնայ յանձնել Արեւմտահայաստանի վաւերացման ակտը՝ Սեւրի Դաշնագրին։ Ֆրանսական կառավարութիւնը՝ 9 Մայիս 2016 թուին, պաշտօնական յուշագրով մը (մէմօ) կը հաղորդէ ԱՀ Խորհրդարանի նախագահութեան վաւերացման ակտի յանձնումի վայրն ու պայմանաժամը։
ԱՀ Խորհրդարանը՝ Մայիս 10-էն մինչեւ Յունիս 24 2016, երեք նիստեր կը գումարէ խորհրդակցելու համար վաւերացման սկզբունքին եւ բանաձեւին շուրջ՝ վարչապետ Տիգրան Փաշապէզեանի եւ արտգործնախարար Գառնիկ Սարգիսեանի մասնակցութեամբ, եւ 24 Յունիսի վերջին նիստին, ջախջախիչ մեծամասնութեան ձայնով կ՚առնէ որոշում մը՝ երկու յօդուածներէ կազմուած.
Առաջին – Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը լիազօրել՝ վաւերացնելու Սեւրի Դաշնագիրն ու անոր յաւելուած երեք դաշնագրերը։
Երկրորդ – Հանրապետութեան նախագահը լիազօրել նաեւ՝ ներկայացնելու պահանջագիր մը՝ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոնի կողմէ 22 Նոյեմբեր 1920 թուին՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արեւմտեան սահմանագիծի ճշդումին շուրջ արձակած Իրաւարար Վճիռին գործադրութեան համար։
Յիշեալ երեք յաւելուած դաշնագրերն են.
1 – Հայաստանի եւ Դաշնակից գլխաւոր տէրութիւններու միջեւ կնքուած դաշնագիրը՝ Հայաստանի մէջ գտնուող միւս ցեղային, մշակութային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան կապակցութեամբ։
2 – Սեւրը ստորագրած պետութիւններու տարածաշրջանին մէջ՝ դիւանագիտական ծառայութիւններու պահպանումին վերաբերող յաւելուածական փրոթոքոլ։
3 – Հայաստանի եւ Դաշնակից գլխաւոր տէրութիւններու միջեւ կնքուած դաշնագիրը այն անհրաժեշտ նկատուած միջոցառումներուն շուրջ, որոնք այս տէրութիւնները այդպիսին կը նկատեն՝ ուրիշ տէրութիւններու առեւտուրին ազատ (transite) անցքը երաշխաւորելու համար։
Սեւրի Դաշնագրի էջ 457-րդը եւ 458-րդը կը սահմանեն՝ այս դաշնագրերը խմբագրել ֆրանսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն լեզուներով. ուրեմն, այս բոլորը պէտք է վաւերացնել։ Ապա կը ճշդեն թէ՝ վէճի պարագային, ֆրանսերէն եւ անգլերէն բնագրերը վաւերական կը նկատուին, ի բացառեալ՝ առաջին եւ եօթերորդ գլուխները, որոնք կը վերաբերին Ազգերու Լիկայի Ուխտին եւ գործնական քայլերուն, որոնց պարագային իտալերէն բնագիրն ալ վաւերական կը նկատուի։
Տէրութիւններու վաւերացման շուրջ «Առաջին Տեղեկագիր»ը կը հրապարակուի, երբ Սեւրը վաւերացնեն Թուրքիան եւ գլխաւոր Դաշնակիցներէն երեք տէրութիւններ։ Այս առաջին հրապարակումին օրէն՝ Սեւրի Դաշնագիրը պարտադիր կը դառնայ այդ հինգ տէրութիւններուն։
Տողերս գրողը չկարողացաւ ստուգել թէ՝ յիշեալ «Առաջին Տեղեկագիր»ը հրապարակուա՞ծ է թէ ոչ, քանի որ միջազգային հեղինակաւոր իրաւագէտներ կ՚ըսեն թէ՝ Սեւրը ստորագրուած է օրինաւորապէս եւ վեհաշուք պաշտօնականութեամբ, սակայն անկատար (imperfected) մնացած է, որովհետեւ բոլոր ստորագրողները ցարդ վաւերացուցած չեն զայն, ինչպէս էր պարագան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, մինչեւ 24 Յունիս 2016 թուականը։
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ պարագային, հետեւեալ մանրամասնութիւնները թոյլ կու տան հետեւցնելու թէ՝ Թուրքիոյ կողմէ վաւերացած է 25 Օգոստոս 1920 թուին։
Այսպէս. Սեւրի Վեհաժողովէն 2-3 ամիսներ առաջ, երբ Թուրքիոյ յանձնուած է դաշնագրի նախագիծը, թուրքերը նախ մերժած են, եւ՝ ներկայացուցած են փոփոխութիւններով տարբերակ մը։ Ֆրանսայի վարչապետը՝ Alexandre Millerand կտրականօրէն մերժած է ամբողջութեամբ այդ տարբերակը եւ պնդած՝ որ թուրքեր ամբողջութեամբ ստորագրեն նախագիծը, առանց ոչ մէկ փոփոխութեան, եւ առանց ձգձգելու դաշնագրի ստորագրումը։ Թուրքիոյ վարչապետը՝ Մէհմէտ Ատիլ Ֆերիտ Փաշան համոզած է Սուլթան Մուհամէտ Ուահիտետտին Զ.ն որ «կարգ մը տարածքներ միայն կորսնցնելով ստորագրելը աւելի նախընտրելի է քան ամբողջ երկիրը կորսնցնելը»։ Ուրեմն, Սուլթանը յատուկ նիստի հրաւիրած է Ազգային Գերագոյն Խորհուրդը, քննելու եւ վճռելու համար խնդիրը։ Ազգային Գերագոյն Խորհուրդը երկար քաշքշուքներէ վերջ, վարչապետի խիստ ազդարարութեան ճնշումին տակ, ոչ միայն կ՚որոշէ թրքական պատուիրակութեան արտօնել ստորագրել Սեւրը 10 Օգոստոս 1920 թուին, այլեւ՝ Սուլթանը անձամբ կը հաստատէ ու կը վաւերացնէ զայն 25 Օգոստոս 1920 թուին (15 օր ետք)։
Հետեւաբար, 24 Յունիս 2016 թուի վաւերացումով, Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան կողմէ, Սեւրի Դաշնագիրը գործադրելու իրաւունքը շահուած է, եւ՝ Թուրքիոյ կողմէ ալ՝ 25 Օգոստոս 1920 թուին վաւերացումով, Սեւրը Թուրքիոյ պարտադրելու առիթը ստեղծուած է, եթէ՝ անկատար մնալուն պատասխանատուները վերջապէս ստիպուին վաւերացնել զայն։ Ստիպող կողմը պարտի ըլլալ ՄԱԿը՝ իբր հիմք գործածելով Միջազգային Հանրային Իրաւունքի այն իրաւասկզբունքը, որ միջազգային համաձայնագրեր ստորագրող պետութիւններէն կը պահանջէ բարիկամեցողութիւն, եւ կը դատապարտէ չարամտադրութիւնը, զոր գործած են այն պետութիւնները, որոնք ստորագրելէ վերջ… չեն վաւերացուցած, որուն բարոյապէս պարտաւոր են։
Իսկ Տարագիր Արեւմտահայութեան յառաջապահ բեկորները՝ բարոյապէս պարտաւոր են, առնուազն, քաղաքացին դառնալու այս պետութեան, զօրացնելու համար այս պետութեան ներկայացուցչական հանգամանքը, եթէ՝ գործնապէս եւ անկեղծօրէն կ՚ուզեն ազատագրել Արեւմտահայաստանն ու Արարատը, թրքական գերեվարութենէն… նշանաւորելու համար ներկայ դարադարձը՝ Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին։
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ