Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա երէկ հեռասփռուած ելոյթով մը կոչ ըրաւ արաբական աշխարհին միաւորուելու ընդդէմ ԱՄՆ Թրամփի շրջանին մէջ միջամտութիւններուն դէմ:
Նասարլլայի ելոյթին առիթը իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլէյմանիի մահուան քառասունքին առիթով էր:
Լիբանանեան օրակարգով Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն համագործակցելու երկիրը իր տնտեսական անելէն դուրս բերելու համար: Անոր ելոյթի բովանդակութենէն յստակ էր, որ ինք կը գիտակցի կացութեան ծանրութեան, որուն դիմագրաւումը կառավարութեան կարողութիւններէն վեր է:
Միւս կողմէ երէկ երեկոյեան երկրին նախագահին եւ վարչապետին անձնական միջամտութիւններով Միտըլ Իսթ ընկերութիւնը յետս կոչեց իր որոշումը յետայսու օդանաւային տոմսակները միայն ամերիկեան տոլարով վաճառելու: Այս որոշումը, որոշ խուճապ մը ստեղծած էր քաղաքացիներուն մօտ:






