Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Որպէսզի Սերունդները Չմոռնան Հերոս Ասատուր Սաչեանը

Պատանեկան յուշերուս մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած են ամէն տարուան Հոկտեմբեր 15-ին Հաճնոյ հերոսամարտին նուիրուած հանդիսութիւններն ու նախաձեռնութիւնները։ Հաճընցիներուն համար առաջնահերթութիւն էր նահատակներու հոգիներուն համար պատրաստուելիք մատաղը։ Որպէս վերապրող, հայրս մեծ յուզումով եւ ոգեւորութեամբ կը նախաձեռնէր՝ իր հայրենակիցներու խումբով պատրաստելու ճիտապուր-մատաղը, Շաբաթ գիշեր մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Կիրակի առաւօտեան պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի կ’ունենար իսկ կէսօրէ ետք ալ յուշահանդէս, Նոր Հաճնոյ Փիլիպոսեան սրահին մէջ։ Օրուան յայտագրին մաս կը կազմէր Հաճընէն վերապրողներուն վերապահուած բաժինը որ կ’ընդգրկէր անոնց յուշերու ներկայացումը Հաճնոյ գոյապայքարին դրուագներէն, յաճախ արտասանուած Հաճնոյ բարբառով։ Հո՛ն է որ ես առաջին անգամ լսեցի հօրս պատմութիւնը, թէ ան ինչպէս Սիսէն գացած էր թուրքերու կողմէ պաշարուած Հաճըն, վտանգելով իր կեանքը, հոնկէ վերադարձած էր իր հետ բերելով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները՝ Հաճնոյ ռազմագիտական տուեալներուն մասին։ Այդ քաջութեան համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Խապայեան զինք անուանած էր «հերոս» առ ի գնահատութիւն իր կատարած ազգային սխրագործութեան։

1961 թուականին Տօնիկեան տպարանէն լոյս տեսաւ հօրս «Դրուագներ Հաճնոյ Հերոսամարտէն եւ Հերոսին Ոդիսականը» հատորը որ գրի առած էր Ատանացի երիտասարդ մտաւորական Արամ Ասպետ (Պետրոսեան) որ ժամանակաւորապէս հաստատուած էր Պէյրութ որպէս քաղաքական ապաստանեալ եւ կ’ապրէր ծնողքիս հետ նոյն երդիքին տակ։ Առ ի երախտագիտութիւն հօրս ցուցաբերած ասպնջականութեան, ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գրի առնելու հօրս յուշերը, որոնք հինգ մեծադիր տետրակներու մէջ ամփոփուած էին։ Տարիներ ետք սոյն ձեռագիրները տպագրութեան կը յանձնուին մտաւորական Միհրան Սէֆէրեանի խմբագրութեամբ։ Իր ժամանակաշրջանը բնորոշող այս պատմական գործը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու երկու մտաւորականներու անձնուրաց աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի։ Ահա այդ հատորէն օգտուելով ջանացած եմ ներկայացնել հօրս՝ որպէս սուրհանդակ, պաշարուած Հաճըն երթալու եւ վերադառնալու վճռակամութիւնն ու խիզախութիւնը, որ ապահովեց իր անուան կցուած «հերոս» մակդիրը։

Ասատուր Սաչեան 1919-20 տարիներուն Սիս կը գտնուէր երբ Հաճըն, շրջապատուած թրքական թնդանօթներով, մեկուսացուած էր Կիլիկիոյ այլ քաղաքներէն։ Իր հայրենակիցներն ու ընտանեկան բոլոր պարագաները Հաճնոյ մէջ էին ու անոր սիրտը կը տոգորէր այդ հարազատներու անստոյգ ապագայով։ Հաճնոյ մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը հասնէր Սիս եւ Ատանա կայք հաստատած հաճընցիներուն եւ հայութեան այլ հատուածներուն։ Հաճըն մոռացութեան տրուած էր թէ՛ ֆրանսական իշխանութիւններու եւ թէ՛ հայ կամաւորական խումբերու ղեկավարութեանց կողմէ։ Որպէս հաճընցի, Ասատուր կը տագնապէր իր հայրենակիցներու կացութեամբ եւ կ’ուզէր ամէն գնով Հաճըն երթալ անձամբ տեսնելու զանոնք եւ իր կարելին ընելու անոնց օգնութիւն հասցնելու համար։ Իր այս այրող կրակը եւ ջերմ ցանկութիւնը կը փոխանցուի կամաւորական սպայակոյտի պետ Չանկալեանին, որ զինք կը կանչէ իր մօտ հարցաքննութեան։ Չանկալեան Ասատուրին կը ներկայացնէ այն բոլոր դժուարութիւնները որոնց պիտի ենթարկուէր ան, եթէ Հաճըն երթալու փորձ մը ընէր։ Անկասկած որ մահը հաստատ իր բաժինը պիտի ըլլար։ Ասատուր անյողդողդ կամքով կառչած կը մնայ իր որոշումին վրայ՝ մեկնելու Հաճըն։ Ուստի ղեկավար մարմինները վստահ ըլլալով որ ճիշդ անձն է որ կրնար այս սրբազան գործը յաջողութեամբ պսակել, զայն կ’օժտեն նման արկածախնդիր ճամբորդութեան մը անհրաժեշտ պիտոյքներով, ինչպէս թրքական գիւղական ձեռք մը հագուստով, կարճ փող հրացան 500 փամփուշտով, ռումբերով, հեռադիտակով եւ ուտելիքով։

Խումբ մը կամաւորներ կու գան զինք ճամբու դնելու Սիսէն 1 ժամ հեռու գիւղ մը։ Բաժանումի պահը տխուր էր, բայց Ասատուրն էր որ կը քաջալերէր իր ընկերները, թէ ինք անպայման պիտի վերադառնար ողջ առողջ եւ իրենք զիրար պիտի տեսնէին կրկին։ Այս ճամբորդութիւնը ան կը ծրագրէ կատարել գիշերով եւ ցերեկները հանգստանալով։ Քաջատեղեակ ըլլալով թրքական գիւղերու եւ քաղաքներու աշխարհագրական դիրքերուն, ան պիտի որոնէր ճամբաներ՝ ժայռերու ու մացառներու մէջէն, միշտ հեռու մնալով մարդաբնակ շրջաններէն։ Դժուարանցանելի անցքերուն ու փոսերուն մէջ գլորումը պատճառ կ’ըլլան որ ան երկու ժամուան ճամբան 9 ժամէն կտրէ։

Իր ճամբուն վրայ բացի թուրք չէթէներէ (զինեալներէ) ան կ’ակնկալէր հանդիպիլ նաեւ թափառաշրջիկ ցեղերու ու անոնց կենդանիներու հօտերուն, որոնք խիստ վտանգաւոր կրնային ըլլալ։ Բարեբախտաբար, այս վայրերէն ալ ապահով կ’անցնի սակայն բնութիւնը չի գործակցիր իր հետ ու տեղատարափ անձրեւ մը կը սկսի սաստկօրէն տեղալ։ Հագուստները կը թրջուին, կը ծանրանան ու գետինը լպրծուն ըլլալով չի կրնար քալել։ Երկու ժամ կը մնայ ծառի մը ճիւղին կռթնած, այս անշարժութիւնը դող կը պատճառէ իրեն, սակայն կրակ վառելու կը վախնայ, կասկած չյառաջացնելու համար։ Այս վիճակին մէջ յանկարծ մարդու ոտնաձայն կը լսէ. չէթէներ էին անոնք, որոնք պահակութիւն կ’ընէին խրամներու մէջ։ Անոնցմէ մէկը զինք կը տեսնէ եւ լուր կու տայ իր ընկերներուն։ Ասատուր առանց վայրկեան մը կորսնցնելու կը կրակէ եւ 3 չէթէներ դիտապաստ գետին կ’իյնան իսկ մնացեալները կը փախչին։ Ան հարկադրուած կ’ըլլայ ճամբան փոխել եւ երեք ժամ քալելէ ետք կ’ապաստանի հսկայ ժայռերու կողքին ուր կը հանգչի ապահով զգալով ինքզինք։ Չէթէները ի զուր զինք կը փնտռէին իրարու ձայն տալով, սակայն ձեռնունայն կը վերադառնային իրենց որջերը։ Մութը կոխելէ ետք ան կ’երթայ գիշերել տաճկաց գերեզմանատունը, քանի որ թուրքեր չափազանց շատ կը վախնային գերեզմանատուներէն, հետեւաբար հայ մարտիկներուն համար գերեզմանատունը ամենաապահով վայրն էր թշնամի թուրքերէն իրենք զիրենք պաշտպանելու համար։ Գերեզմանատան մէջ քանի մը ժամ քնանալէ ետք, կրկին ճամբայ կ’իյնայ իր մարտնչող հայրենիքը՝ Հաճըն հասնելու մեծ բաղձանքով։ Կը հասնի Աղղալ Ուշաղի գիւղը եւ կը սպասէ որ բնակչութիւնը տուն մտնէ ու փողոցները ամայանան։ Լռութեան մատնուած գիւղին մէջէն քալած պահուն յանկարծ կը լսէ շուներու հաջոցը որ կը կասեցնէ զինք ու կարճ դադարէ մը ետք կրկին կը շարունակէ իր ճամբան։ Այս գիւղը որպէս անցք օգտագործելը շատ վտանգաւոր էր սակայն ուրիշ ելք չունէր ու այդ վտանգը աւելի կը գօտեպնդէր զինք՝ հայրենիք հասնելու իր երազի իրականացման ճամբուն վրայ։ Մինչ այդ իր դիմաց կ’ելլէ հովիւներով եւ շուներով պաշտպանուած այծերու երամակ մը, ուստի կը հարկադրուի ճամբան փոխել ու քալել դէպի ամարանոցները։ Ձորերու մէջէն հոսող առուակներու ափին նստած կը հանգստանայ ու ապա կը շարունակէ քալել անվհատ դէպի հայրենիք, դէպի ծննդավայր Հաճըն։

Մինչեւ առաւօտ շատ երկար ճամբայ կտրած ըլլալով կը հասնի նոր լեռներու ստորոտը, ուր հովիւի մը տունը կ’երեւէր եւ ուրկէ այծերն ու ուլերը արօտավայր կը դիմէին։ Կրկին շան հաչոցներ կը լսէ որոնք զինք կը վախցնեն։ Ստիպուած ճամբան կը հարկադրուի փոխել ու այս անգամ մեծ դժուարութեամբ բարձր լեռ մը կը սկսի մագլցիլ։ Կ’արժէր իր կեանքի ապահովութիւնը ձեռք ձգելու համար այդ դժուարութիւնը եւս յաղթահարել, իր կեանքը պէտք էր հայրենիքին համար ան ամէն ինչ պիտի ընէր ողջ առողջ Հաճըն հասնելու համար։ Լերան վրայ ընկողմանած կրակ կը վառէ, կը տաքնայ ու կը կազդուրուի։ Հակառակ ցերեկը քնանալու եւ գիշերը քալելու իր ծրագրին, կ’որոշէ ցերեկով իջնել վար ու լեռնային անտառներու ամայութենէն օգտուելով քալել ցերեկով որը խիստ վտանգաւոր էր։ Յանկարծ կը տեսնէ մէկը, որ դէպի իրեն կը մօտենայ ու շուտով կանգ կ’առնէ ծառի մը ետին ու հոնկէ ալ դէպի լերան գագաթը կը մագլցի։ Քիչ մը հանգչելէ ետք լեռնէ լեռ մագլցելով Եաղպասանի լեռը կը հասնի ուրկէ մշուշի մէջ կը տեսնէր Հաճնոյ լեռները։ Կը յուզուի ու կ’արտասուէ, մտաբերելով իր եղբայրներուն անօգնական եւ գուցէ սովահար վիճակը, անհաւասար կռուի մէջ յուսալքուած ու յոռետես։ Իր գտնուած վայրը վտանգաւոր էր քանի որ թուրքեր ամառնային իրենց արձակուրդը կ’անցընէին այստեղ՝ Կիտնէշէն կոչուած ամարանոցին մէջ։ Գիշերով հարկաւոր էր այս տեղերէն անցնիլ շարունակելով ճամբան մինչեւ կապոյտ ջուր (Կէօքսու) կոչուած գետը որ Հաճընէն միայն չորս ժամ հեռու էր։ Գետի եզերքի բարձունքներուն վրայ վայրի կենդանիներ կային եւ վտանգաւոր էր այդտեղ կեցութիւնը։ Մարդաբնակ չըլլալուն կը համարձակի լքուած տուներէն մէկուն մէջ կրակ վառել ու տաքնալ մինչեւ առաւօտ։ Հոնկէ կ’իջնէ ու վայրի կենդանիներու սարսափազդու որջերուն մօտէն անցնելով, մէկուկէս ժամէն կը հասնի Կապոյտ ջուրի եզերքը։ Հայրենիքի անսահման սէրը ուժ կու տար ու քաջութիւն, շարունակելու իր խիստ վտանգաւոր ճանապարհորդութիւնը։

Այժմ միակ խնդիրը որ կար Կապոյտ գետէն անցնիլն էր։ Ան նախատեսած էր այս դժուարութիւնը եւ իր հետ բերած էր պարան մը եւ երկու երկարավիզ վարտիկներ։ Վարտիկները թրջելով, ոտքերը կապելով կ’ուռեցնէ եւ վրան տարածուելով ծփալ կը սկսի առանց ընկղմելու վտանգին։ Իսկ ռազմամթերքն ու ուտեստեղէնը կը տեղաւորէ իր շինած փայտէ մակոյկին վրայ։ Պարանի մէկ ծայրը մէջքին եւ միւս ծայրը մակոյկին կապելով գետին վրայ կը ձգէ ինքզինքը եւ լողալով ապահով կ’անցնի միւս ափը։ Արդէն հասած էր եզերքը ուր չինարի ծառերը իրենց ճիւղերը տարածած էին ջուրին մէջ եւ անոնցմէ մէկուն կառչելով դուրս կու գայ ջուրէն։ Զէնքը կը պատրաստէ, հագուստները կը հագուի, պաշարը կարգի կը դնէ։ Թաց հագուստներով քալելը դժուար էր ուստի տեղ մը կը նստի ու կը չորցնէ զանոնք։ Գիշերով կը հասնի Աթման, ուր հեռադիտակէն կ’երեւային հովիւներ եւ շուներ, որոնց վախէն կը սպասէ մինչեւ անոնց անհետանալը։ Քանի մը ժամ քալելէ ետք կը հասնի Աթմախի ակը, որ Հաճնոյ հողագործներու հացահատիկի ցանքին վայրն էր։ Հոնկէ կ’անցնի Ուճիպէք ըսուած տեղը։ Յոգնած էր եւ սպառած ու ոսկորները կը ցաւէին։ Հեռադիտակէն ամայութիւն նշմարելով կրակ կը վառէ, կը տաքնայ եւ հագուստները կը չորցնէ։

Առաւօտուն կը դիտէ Հաճնոյ լեռները ու կը նշմարէ Հաճնոյ համայնապատկերին միայն մէկ մասը։ Հեռուն խրամներ կ’երեւին քարով եւ ծառերու ճիւղերով ծածկուած, ոչ ոք կ’երեւէր խրամներուն մէջ։ Հաճնոյ սահմանին կանգնած պէտք էր դիրքորոշուիլ թէ ինչպէս կարելի էր Հաճըն մտնել։ Ան եկած էր տեսնելու իր հայրենակիցները, խօսելու անոնց հետ ու վերադառնալու Սիս, Հաճնոյ լուրերը տանելով իր հետ։ Ան խօսք տուած էր ու պիտի յարգէր իր խոստումը։ Ողջ առողջ մինչեւ Հաճնոյ սահմանները հասնելէ ետք պէտք էր մուտք գործէր Հաճըն, նոյնիսկ եթէ այդ արժէր իր կեանքը։ Այս վճռակամութեամբ ան կ’որոշէր իր բռնելիք ճամբան։  Ճիշդ պիտի ըլլար զօրանոցի մէջտեղէն գիշերով անցնիլ եւ Ս. Թորոս եկեղեցւոյ պարտէզներուն մէջէն սողոսկիլ Հաճըն։ Մեծ զգուշութեամբ կը յառաջանայ քայլ առ քայլ եւ միեւնոյն ատեն գետնէն սողալով կը հասնի թրքական զօրանոցին վերի մասը։ Անշշուկ սպրդելով զօրանոցի ետեւի մասէն կամաց-կամաց կրկին սողալով կը հասնի Թուրսարգիսեաններու գերեզմանատունը։ Վտանգը շրջանցած էր, կը լսէր թուրքերու եւ հաճընցիներու խօսակցութիւնները, որոնք շատ մօտ դիրքերու վրայ էին։ Թուրքերու դիրքերը ետին ձգած ըլլալով ալ վախ չկար անոնցմէ, սակայն եթէ զգոյշ չըլլար հայու գնդակի զոհ կրնար դառնալ։ Հաճընցիք զինք թուրք լրտես կարծելով կրնային կրակել իր վրայ։ Ս. Թորոս եկեղեցւոյ դիմացը պատնէշի մը ետին պահուըտած կէս գիշերին կը պոռայ թէ ինք Ասատուր Սաչեանն է, Սիսէն սուրհանդակ եկած է։ Անոնք չեն հաւատար եւ զինք թուրք կարծելով կը սկսին կրակել եւ այդ զինարձակումը մօտ 1 ժամ կը տեւէ։ Ասատուր իր ամբողջ ուժով կը պոռայ որ չկրակեն ու յանկարծ իր հօրեղբօրորդին Նազարէթ Սաչեանը կը ճանչնայ իր ձայնը եւ իր զինակիցներուն կը պատուիրէ չկրակել։ Մեծ յուզումի եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով անոնք կը գիրկընդխառնուին եւ կ’արտայայտեն իրենց զարմանքը, թէ ինչպէս ան կրցած էր հասնիլ Հաճըն երբ բոլոր ճամբաները փակ էին իր առջեւ։ Այս ինչ հրաշք էր, որ Ասատուրը հասցուցած էր Հաճըն։

Զինեալ հաճընցիները Ասատուրը անմիջապէս հրամանատար Ճէպէճիի քով կը տանին, որ ճակատը համբուրելով կ’ըսէ «դուն հերոս ես»։ Սիսէն Չանկալեանի եւ Թուրսարգիսեանի կողմէ կաթով գրուած նամակները ան կը յանձնէ Ճէպէճիին որոնք կրակին ցոյց տրուելով կը կարդացուէին։ Այդ նամակներու բովանդակութիւնը կը պարզէր ֆրանսական կառավարութեան դիրքը Հաճնոյ հանդէպ որ խիստ յուսահատական էր։ Հրամանատարը Ասատուրէն քաղելով բոլոր տեղեկութիւնները կը թելադրէր, որ ան Սիս վերադառնար եւ Հաճնոյ յուսահատական գոյամարտին թարգմանը ըլլար թէ՛ հայոց եւ թէ՛ ֆրանսացիներու մօտ։ Ան տեսակցութիւններ կ’ունենայ նաեւ Գայմագամ Չալեանի եւ Հաճնոյ մեծամեծներուն հետ, որոնք Հաճնոյ պաշարման բոլոր մանրամասնութիւնները կը փոխանցեն իրեն որպէսզի ինք ալ իր կարգին տեղեկացնէ այդ բոլորը՝ Սիսի հայ եւ օտար քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան։ Ճէպէճիի հետ վերջին տեսակցութիւնը տեղի կ’ունենայ Հաճնոյ աղաներու ներկայութեան։ Ճէպէճեան բոլորի ներկայութեան կը յայտարարէ «ես շատ կռիւներու մասնակցեցայ Կովկասեան եւ այլ ճակատներու վրայ եւ ստացայ պատուոյ նշան Զօր. Անդրանիկէն։ Տասնեակ տարիներու մէջ չտեսայ սուրհանդակ մը այնքան «հերոս», որքան տեսայ երեք օրեր առաջ Ասատուր Սաչեանը։ Եթէ Տէրը կամենայ եւ մեր զէնքերը յաղթական ըլլան եւ մենք ազատուելու բախտը ունենանք, իմ ունեցած բոլոր նշաններս պիտի նուիրեմ մեր «հերոս Ասատուրին»։ Ճէպէճին Գոմիսէր Յաբէթ Ահարոնեանին կը թելադրէ Ասատուրի ճամբորդութեան հետ կապուած անհրաժեշտ բոլոր ռազմական եւ այլ սարքերը, հանդերձանքն ու ուտեստեղէնը պատրաստել ու զայն ճամբու դնել զինուորներու խումբով մը։ Կէս գիշերին անոնք կ’ընկերակցին Ասատուրին՝ Հաճընէն դուրս որոշ հեռաւորութեան մը վրայ եւ հրաժեշտ կ’առնեն իրարմէ ծանր հոգեվիճակով։ Այս առաքելութիւնը եւս Ասատուր յանձն կ’առնէ հայրենիքի փրկութեան սուրբ նպատակին համար։ Ան բարոյական պարտաւորութեան տակ կը զգար ինքզինքը վերադառնալու Սիս եւ պատմելու ազգակիցներուն՝ հաճընցիներու օրհասական կեանքին մասին։ Արդեօք իր տեսածներէն ո՞ր մէկը պիտի պատմէր ծերունիներու թախանձանքը, կտրիճներու պատգամները, մայրերու, կոյս քոյրերու, եղբայրներու աղաչանքը, Հաճնոյ անհեռանկար ապագան։

Հաճընէն Սիս վերադարձը միայն 3 օրեր կը տեւէ ու արդէն մերձակայ այգիներու մէջէն գաղտնաբար յառաջանալով կը մօտենայ հայկական դիրքերուն ու ձայն կու տայ «ես Ասատուր Սաչեանն եմ, Հաճընէն կու գամ»։ Ձայնը չճանչնալով եւ թշնամի կարծելով աւելի ուժգին կը սկսին կրակել։  Սակայն շատ չանցած, կ’անդրադառնան որ եկողը իրենց հայրենակիցն է շուտով կ’առաջնորդեն զինք Սամուէլ Չաուշի դիրքին որմէ ետք ան կը դիմաւորուի հաճընցի հրամանատար Պօղոս Թուրսարգսեանի կողմէ։ Անոնք կարօտով կ’ողջագուրուին, սակայն երբ Թուրսարգիսեան կ’իմանայ Հաճնոյ անյոյս վիճակին մասին ան դառնօրէն կ’արտասուէ։ Շուտով տեսակցութիւններ կը կազմակերպուին որպէսզի Ասատուրը հանդիպի Ազգ. Միութեան ատենապետ Միսաք Ազիրեանին, ֆրանսացի նահանգապետ Պ. Թայարտային որուն կը յանձնէ Գայմագամ Կարապետ Չալեանի նամակը։ Թայարտա կը գնահատէ Ասատուրը իր քաջագործութեան համար սակայն կը յայտնէ որ Ատանայէն նամակ ստացած է Սիսէն նահանջելու հրահանգով։ Թուրսարգիսեան կը խնդրէ արտօնել իրեն հայ կամաւորներով եւ իր ունեցած ռազմամթերքով Հաճըն մեկնիլ օգնութիւն հասցնելու համար։ Թայարտան կտրուկ կը մերժէ խնդրանքը՝ յուսալքութեան մատնելով իր շուրջը գտնուող հայ ռազմական եւ քաղաքական այրերը։ Շուտով կ’իրականացուի Սիսը պարպելու ֆրանսական ծրագիրը, նոր բռնագաղթ մը պարտադրելով հայութեան։ Սիսի բնակչութիւնը դէպի Ատանա, Տարսօն եւ Մերսին կ’ուղղուի ամենադժուար պայմաններու մէջ։ Մինչ այդ՝ Ասատուր կը շարունակէր իր առաքելութիւնը Հաճնոյ օգնութիւն հասցնելու կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Սիսի կամաւորական գունդի պետ Չանկալեան զինք ղրկած էր Ատանա՝ ազգային ղեկավար Միհրան Տամատեանին մօտ, յանձնելու Հաճընէն բերած իր նամակները եւ տալով լրացուցիչ տեղեկութիւններ Հաճնոյ մահամերձ վիճակին մասին։ Տամատեան կը քաջալերէ Հաճնոյ փրկութեան գործը կազմակերպելու տեսլականը։ Հետզհետէ կը կազմուի կամաւորներու բանակը, կը գոյանայ անհրաժեշտ գումարը եւ ի մի կը հաւաքուի պատկառելի ռազմամթերք։ Ատանայի Աբգարեան վարժարանի սրահին մէջ կը համախմբուին հաճընցիներ, ուր Ասատուր կը զեկուցէ Հաճնոյ ներկայի գոյավիճակին մասին տալով իր ականատեսի վկայութիւնները, կը գօտէպնդի զանոնք Հաճնոյ օգնութեան փութալու անյետաձգելի գործը, եւ մօտ 500-ի հասնող հաճընցիներու կամաւորական բանակը անդամագրելու ծրագիրը։ Կամաւորական գունդերու համար հրամանատար կ’առաջարկուի Զօրավար Անդրանիկի բանակէն Սարգիս Արմաղանեանը, որուն հանդէպ բոլորն ալ ունէին խոր հաւատք եւ վստահութիւն։ Արմաղանեան կը մերժէ ընդունիլ նման առաջարկ, հիմնուած նախկին փորձառութեանց հիման վրայ որոնք չէին յուսադրեր զինք նուիրուելու նման պատասխանատուութեան մը։ Սակայն Միհրան Տամատեան կը յաջողի համոզել զինք ընդունելու այս ազգանուէր առաքելութիւնը։ Անմիջապէս ան կը լծուի գործի եւ կը մեկնի Ագարճա, ուր համախմբուած էին հաճընցի կամաւորները։ Կը սկսի կազմակերպել բանակի ստորաբաժանումները, հետազօտիչ խումբը, յառաջապահը, յետսապահը, հեծելազօրքը, սուրհանդակները, կարմիր խաչը եւայլն։ Երբ Արմաղանեան կը յաջողի կազմակերպել նման հզօր բանակ, կը դիմէ Տամատեանին, որ Հաճնոյ փրկութեան նուիրուած իր ռազմական գործողութիւններուն համար անկախ ռազմավարութիւն վարելու պաշտօնական հրամանագիր ապահովէ ֆրանսական իշխանութիւններէն։ Հարկաւոր էր հազարաւորներու փրկութեան համար իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը իր լրումին հասցնել առանց խափանարար, արտաքին միջամտութիւններու։ Ֆրանսացիք կը մերժեն տալ պաշտօնական որեւէ արտօնութիւն եւ Արմաղանեան կը հարկադրուի հրաժարիլ իր հրամանատարի պաշտօնէն։ Զինք փոխարինող հրամանատարները չունենալով իր կարողութիւնն ու հմայքը, պատճառ կ’ըլլան բանակի նօսրացումին եւ ի վերջոյ կազմալուծման։ Կը ձախողին Հաճըն օգնութիւն ղրկելու բոլոր կարելիութիւնները։ Ֆրանսական թրքամէտ քաղաքականութիւնը զօրավիգ հանդիսացած էր թրքական ուժերու կատաղի յարձակումներուն, ճզմելու համար հայկական ըմբոստութեան երեւոյթները Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ։ Թէեւ անոնց թիրախը գլխաւորաբար Հաճընն էր որուն խիզախ մարտիկները կը դիմադրէին հերոսական ինքնապաշտպանութեամբ, առանց արտաքին որեւէ օգնութեան։ Պաշարուած Հաճըն 9 ամիսներ դիմադրելէ ետք Հոկտեմբեր 15, 1920ին կը նահատակուէր 6000 հաշուող իր բնակչութեամբ։ Հերոս Ասատուր Սաչեանի կեանքը մինչեւ իր խոր ծերութիւնը յատկանշուեցաւ անսփոփելի վիշտով մը իր նահատակ հաճընցի հայրենակիցներու յիշատակին որ մխաց իր հոգւոյն մէջ մինչեւ իր մահը։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, ան մահացաւ 1968 թուականի Հոկտեմբեր 15-ին Հաճնոյ հերոսամարտի ոգեկոչման օրը։ Օրուան եկեղեցական եւ ազգային իշխանութիւններու որոշումով ան արժանացաւ ազգային թաղման արարողութեան որպէս հայ ժողովուրդի հերոս զաւակը։

Հանգիստ իր եւ իր հերոսական ժողովուրդի աճիւններուն։

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին