Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Կամուրջներ

Կամուրջին միակ ու գլխաւոր յատկութիւնը միացնելու մէջ կը կայանայ.անանցանելի գետի մը մէկ ափէն միւսը, կամ վիհի մը՝ որ անանցանելի ձոր մը պատճառած է: Ասոնք տեսանելի, հինէն հնարուած զանգուածներ են որոնք ի պահանջել հարկին կը գործածուին, բայց նոր շրջանին աւելի մեծ չափերով, նոյնիսկ ցամաքամասէ մը կղզի մը իրար զօդող: Մարդու հնարամտութիւնը կարելի եղածին չափ անհրաժեշտութիւնները ի գործ ածելու հետամուտ է ուստի ոչ միայն վերոնշեալ մի քանիներն որ կամուրջ կ՛անուանուին, այլ՝ ինչու՞ չէ ցամաքամասէ ցամաքամաս, նաւով, օդանաւով  երթեւեկելու եւ…համացանցով՝ որ երկրագունդը մէկ ամբողջութեան մէջ առած է հաղորդակցութեան միջոցով եւ ալ ո՛չ գետ, ո՛չ վիհ, ոչ կղզի, այլ՝ աննիւթական միջոցաւ դարձած է միջոց՝ փոխ-յարաբերութեան. Արտաքին երեւոյթը գիտական հրաշք կրնանք անուանել որպէս միջոց, սակայն, թէ ինչե՜ր կը պարունակեն նկարներով, գիտելիքներով, հայհոյութիւններով, աղօթքներով եւ անէծքներով ասելի եւ անասելի, մէկ խօսքով՝ մարդը հո՛ն է իր ամբողջ մերկութեամբ:

Իբրեւ կամուրջ՝ մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ, ժպիտը կարեւոր է ի հարկէ. Պարզ հանդիպումի մը ընթացքին կան մարդիկ որ կը ժպտան. Կը  փոխադարձես. Նայած անձին թէ ինչ կ՛արթնցնէ մէջդ, յիշողութեան տետրին մէջ – այդ ուրիշ. Բայց կը ժպտաս. Ան կամուրջ է ցանկալի: Հոս եւս ինչպէս ամենուր, մարդոց տեսականին կը վխտայ իր բազմազանութեամբ.կան՝ որոնք պատրաստ են ժպիտ մը ունենալ անմիջապէս որ տեսնես. Կան՝ որոնց ինքնութիւնը, կամ ինքնասիրութիւնը – եթէ կ՛ուզէք –չի զիջիր ու իր «վեհութեամբ» սոնքացած կ՛անցնի ու կ՛երթայ. Յատկանշական է. Հոս եւս կրօնք, ազգութիւն, հանգամանք, եւ…հագուստ կապուստ իրենց դերը կը ներգործեն. Չափերու մասին չխօսինք, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի չափէ եւ վերջապէս, ինչու՞: Շուկան էք. Ա՛լ առատութեան մէջ էք.  Գործին պահանջքն է յաճախորդը հաճոյացնել կամ գրաւել որուն առաջին քայլը ժպիտն է. Ելեկտրական կամուրջ՝ առուծախի մարզի:

Մարդկային փոխ-յարաբերութեան մէջ անթիւ են կամուրջները. Ամէն փոխ-յարաբերութիւն ունի իր ձեւի կամուրջը, իրար զօդող միջոցը, պատճառը, այլապէս անկարելի պիտի ըլլար յարաբերիլ: Կան կառոյցներ. Պետութիւն, եկեղեցի, միութիւններ ուր ամենօրեայ գործունէութիւնները կամուրջներ են օրէնքի եւ գործադրութեան, մարդու եւ Աստուծոյ, ծրագիրի եւ կատարողութեան: Փիլիսոփայութիւնը կը կամրջէ ճշմարտութեան որոնումին. Գրականութիւնը՝ հոգեմտայինին, երաժշտութիւնը՝ կը վերացնէ հոգեկանդ: Չմոռնանք նաեւ կարեւորագոյնը՝ ՀԱՄԲՈՅՐ ԿԱՄՈՒՐՋԸ սիրտէ-սիրտ, սիրտէ-սուտ, սուտէ-սիրտ եւ սուտէ-սուտ: Երգ մը կայ (Արաբերէն) «Երանի ամէն ոք երջանիկ ըլլար»: Ասոյթ մը կայ .- «Երանի՜ երանի չըսողին»: Սակայն մարդ ենք եւ վերջ ի վերջոյ, տեղ մը, պահ մը պիտի կտրուին կամուրջները եւ կը մնայ իր «ԵՍ» ին առանձինն ու վերջին կամուրջին կը հասնի.-ԱՂՕԹՔ՝ ԱՌ ԵՐԿՆԱՅԻՆԻՆ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին