Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովի Նախապատրաստական Նիստ Երեւանի Մէջ

11 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպական աշխատանքի խումբի կարգ մը անդամներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած է համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 փետրուարէն 3 մարտին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը:

Աշխատանքային խումբի անդամները («Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ, «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սաթիկ Սեյրանեանը` հեռակապով) որոշեցին դիմել շահագրգիռ բոլոր կառոյցներուն եւ նախորդ համաժողովին մասնակից գործընկեր լրատուամիջոցներուն՝ տեղի ունենալիք յաջորդ համաժողովի օրակարգի եւ ձեւաչափի վերաբերեալ առաջարկներ եւ դիտարկումներ ներկայացնելու խնդրանք-առաջարկով:

Լրատուամիջոցներու մեր գործընկերները եւ շահագրգիռ կողմերը իրենց առաջարկները կրնան ներկայացնել Parmforum2020@gmail.com ելեկտրոնային փոստի հասցէին մինչեւ 28 Փետրուար 2020:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին