Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զուարթնոց Կեդրոն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Վեհափառ հայրապետի հրամանաւ, 2020֊ի տարին՝ Զուարթնոց կեդրոնի տարի յայտարարութեան առթիւ,

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի պատուիրակութիւնը, առաջնորդութեամբ վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Անահիտ Տանձիկեանին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ուսումնական յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ Կեդրոն:

Պատուիրակութիւնը, Կեդրոնի Տնօրէնուհի՝  Նախարարուհի Տիկ. Վարդենի Օհանեան Գէորգեանէն տեղեկացաւ կեդրոնի պատմականին և նորակառոյց կեդրոնի շէնքին ծրագիրներուն, մասնայատուկ ուսուցման և ընդհանրապէս անոր մարդասէր գործունէութեան մասին։

Զուարթնոցի նուիրեալ տնօրինութեան և պաշտօնէութեան յաջողութիւն և ապագայ ծրագիրներուն իրականացում մաղթելով պատուիրակութիւնը բաժնուեցաւ կեդրոնէն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին