Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը

Հայրենիք իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան ընդունուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր անգամ մը եւս ականատեսը եւ վկան հանդիսանալու՝  Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինմամբ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռի յարաճուն զարգացման ու բարենորոգման :

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռին վայել ու անոր ազգային եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը ներկայացնող՝ բարեզարդուած  Վեհարանին մէջ ընդունման ընթացքին, ընկ. Յակոբեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Տիրոջ ազնիւ անդրադարձին համար, ինչ կը վերաբերի Մայր Աթոռի նիւթական սատարումին Լիբանանահայ համայնքի կարիքաւոր անդամներուն, որ շաբաթներ առաջ յատկացուած էր Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, որպէսզի վերջինիս տնօրինմամբ հասնի Լիբանանահայ ընտանիքներուն եւ կառոյցներուն:

Տեսակցութեան ընթացքին, ընկ. Յակոբեան իր ներկայացուցած վարչութեան սրտագին ողջոյնները փոխանցելով Վեհափառին,  Նորին Սրբութեան  զեկուցեց, Լիբանանի ներկայ քաղաքատնտեսական իրավիճակին եւ այս պատճառով խնդիրներու մէջ յայտնուած լիբանանահայ համայնքին յոյզերուն մասին: Քննարկումներու նիւթ դարձան նաեւ ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր:

Վեհափառ Հայրապետը Հայրական մտահոգութեամբ մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանահայութեան ու անոր ազգային հաստատութիւններուն դժուար առօրեային վերաբերող իւրաքանչիւր մանրամասնութեամբ: Ան նշեց, որ հոգեհարազատ Լիբանանն ու Հայ Սփիւռքի կարեւոր մէկ օղակը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը իր ամենօրեայ աղօթքներուն մէջն են: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը  մաղթեց, որ Լիբանան այս արհաւիրքն ալ շրջանցէ նուազագոյն վնասներով եւ հաստատեց, որ մինչ այդ եւ մի՛շտ Մայր Աթոռը կողքին է Լիբանանահայութեան:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին