Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը, թէկուզ ան ըլլայ տակաւին սաղմնային վիճակի մէջ, ինչ որ կը պատահի դէպքերու բերումով կամ յղացողին մէկ «սխալ սրբագրելու» գնով, կամ՝ վրիժառութեամբ ինչ որ շա՜տ կարդացած ենք մեր ջարդերու գրականութեան մէջ, կատարուած՝ թուրքին կողմէ:
Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը, թէկուզ ան երբ տակաւին հազիւ կը սկսի խօսիլ, խնդալ, քալել ու հազիւ մայրը զգացած ու ահա՝ ուրկէ ուր «չար սատանան» իր թաթով զայն կ՛անշնչացնէ ու կաթէն կախեալ երախան որ ալ չի խնդար, չի շարժիր, ու լռելեայն «մնաք բարով»ը ըսած է …:
Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը, գուցէ ապրիլ ըսելու ոչ պիտանի, քանի որ ոչ մէկ «ապրիլ» չէ տեսած իր կեանքի ընթացքին: Կը յիշեմ ծանօթ դրացի մը որ ամբողջութեամբ անկեղծութիւն, նուիրուածութիւն, աշխատասիրութիւն եղած էր ու մահը բոյն պիտի դնէր իր թոքերուն մէջ իբրեւ քաղցկեղ ու …ապաժամ ղրկէր հոն ուր վերջին կայանն է այս աշխարհի, որուն «Աստ հանգչի» կը գրեն եթէ… ունենայ գերեզման. այլապէս՝ «տուփ»ի արժանի: Կը յիշեմ իր մէկ խօսքը որ թաչուած է մէջս.-«Արդէն որբ մեծցայ»: Ամուսնացած էր սակայն՝ անզաւակ. Այս ալ այլ ցաւ էր որ կ՛ապրէր:
Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը, եւ ամէն կեանք իր ուրոյն պատմութիւնը իր բախտաւորութիւններով ինչպէս նաեւ դժբախտութիւններու շարանով. Վերջապէս կեանքի տեսակաւոր պայքարներով. Իրաւազրկութեամբ երբեմն, երբեմն պատահականութեան զոհ իբրեւ, արկածներով, դաւերով, նենգութեամբ ինկած՝ խմբովին կամ անհատաբար. Ո՜հ օրաթերթերը լի են բազմաբնոյթ տեղեկութիւններով:
Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը. Բնութեան արհաւիրքներէն եւ մարդկային գազանութենէն բխած արդիւնքով. Լեռներ կազմող հրաբուխներով եւ անտեսանելի բջիջներով որոնք հոսող գետի նման կ՛անցնին կ՛երթան իրեն հետ տանելով ինչ որ կարելի է ու իրենց հասու՝ ընթացքն ի վար:
Ամէն մահ վկան է ապրուած կեանքի մը. Ջարդը տեսած, գաղթի ինկած, հօրը «ՀԱՅՐ» ու մօրը տակաւին «ՄԱՅՐ» չ՛ըսած, Մեսրոպի «Ա»ին այբ չ՛ըսած, անկէ անտեղեակ անձ, կեանքը գործ ըրած ու գործը՝ ՊԱՅՔԱՐ զաւակներուն մէջ տեսած մօտիկ ազգականներու ուրուագիծերը. Վրէժի կերպ մը՝ անշնչացածներու, մեռելներուն՝ որոնց մէջէն պիտի ազատէին ԶԻՆՔ ու կեանքի պիտի նայէր որդեգրուած, հուսկ՝ ոչ անտէր…
Մահը մերն է, մենք մահինը. Ամէն ծնունդ անմահ է քանի որ գոյութեան եկած է, թէկուզ իբր մէկ տերեւը աշնան բազմահարիւր ծառերու աննշան:
ՀԱՆԳԻՍՏ ՄԱՀԱՑԱԾՆԵՐՈՒՆ, ՅԻՇԱՏԱԿԸ ԱՆՄԵՌ Է:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք» աշխատակից