Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Այդ «Բարի Սամարացի», Բայց «Ի Բնէ Անկոտրում» Գրողը. Հրանտ Մաթեւոսեան – 85

«…Ինչպէս բոլոր մեծերը, երեխայի նման անպաշտպան էր կեանքի խարդաւանքներու հանդէպ: Շիտակ էր:… Ամբողջովին սէր էր: Ամբողջովին՝ բարութիւն: Ինչպէ՜ս կը սիրէր կեանքը, մարդուն, աշխարհը եւ յատկապէս աշխարհի իր փոքրիկ անկիւնը՝ Լոռին: Ինչպէ՜ս կը սիրէր բառը, բառերու ներդաշնակ խաղը: Բառի պաշտամունք ունէր: Իւրաքանչիւր բառը պիտի հնչէր սեփական ձայնով: Կը վախնար մեռած բառերէն:…

Հրանտ Մաթեւոսեանի խօսքն ուրիշ էր՝ երբ գրաւոր կը դարձնէիր, կը պարզուէր՝ ոչ մէկ աւելորդ բառ ըսուած է: Ոչ կրնաս պակսեցնել, ոչ աւելցնել:

Շռայլ էր: Շռայլօրէն կու տար ամէն ինչ՝ հոգւոյն ջերմութիւնը, էներգիան, կեանքի թանկարժէք ժամանակը, գրպանի դրամը: Ցուրտ ու դժուար տարիներուն անոր դիմողը երբեք ձեռնունայն չէր հեռանար:Կու տար անգամ անոնց, որոնք ստանալէն յետոյ չէին յապաղիր չարախօսիլ:… Համեստ էր ու խոնարհ զարմանալու աստիճան, ինչը յատուկ է մեծերուն, ինչպէս մեծամտութիւնը՝ ապաշնորհներուն: Հիմա, երբ չկայ, նոր կը զգանք իր կարիքը, կը տեսնենք բաց մնացած իր տեղը:… Ան բաւարարուած եւ հպարտ էր իր նախնիներէն ստացած ժառանգութեամբ եւ իրեն տրուածով ելաւ համաշխարհային ասպարէզ ու մէկ աստիճան վեր բարձրացուց պապերէն եւ նախնիներէն ժառանգածը: Մինչեւ վերջին բջիջը հայ էր, լոռեցի, միեւնոյն ժամանակ՝ լիարիւն աշխարհաքաղաքացի»:

Իրապէս ուրիշ էր Մաթեւոսեանի խօսքը, ուրիշ էր Մաթեւոսեան՝ մարդուն տե-սակը…

Մաթեւոսեանական լեզուն այլ է՝ նոր է: Անոր գործերը հասանելի չեն բոլորին՝ դժուարընթեռնելի, դժուարըմբռնելի, դժուարընդունելի են: Դիւրամարս չեն: Սակայն… գլուխգործոցներ են: Կարծեմ թէ Մաթեւոսեանի գործերուն համար եւս շատ բնորոշ են մեր հանճարեղ բանաստեղծ, անկրկնելի աշուղ-երգիչ Սայեաթ Նովայի հետեւեալ տողերը.

Ամէն մարդ չի կանայ խմի՝ իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է:

Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ՝ իմ գիրն ուրիշ գրէն է:

Այո՛, շատերուն անհասանելի եղաւ Մաթեւոսեանի «գիրը». իր գործերն ու տաղանդը չհասկցուեցաւ ոմանց կողմէն: Դէ, իսկ քանի որ՝ «դունչը խաղողին չհասաւ»,… ուրեմն «թթու է», եւ… սկսան քննադատութիւններն ու հալածանքները գրողին հանդէպ: Պէտք է հեռանար, որպէսզի մեծարէին՝ յետմահու եւ տեսնէին «բաց մնացած իր տեղը»: Բնաւ զարմանալի չէ որ այսօր Մաթեւոսեանին կը մեծարեն նաեւ այն ժամանակ քննադատողներէն ալ…

Սակայն սկսինք սկիզբէն:

1960ականներուն  հայ արձակը հարստացաւ երիտասարդ սերունդի այնպիսի շնորհալի ստեղծագործողներով, ինչպիսիք էին՝ Մուշեղ Գալշոյեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Զօրայր Խալափեան, Պերճ Զէյթունցեան, Նորայր Ադալեան, Հրանտ Մաթեւոսեան եւ այլք:

Երիտասարդ ստեղծագործողները կը փորձէին գրական գործերու միջոցով կեանքը ներկայացնել նոր տեսանկիւններէ, կը շեշտադրէին այնպիսի խնդիրներ, որոնք մինչ այդ անտեսած էր գրականութինը:

Այդ հիանալի հոյլին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը գրաւեց Հրանտ Մաթեւոսեան:

85 տարի առաջ՝ 1935թ., Փետրուար 12ին ծնաւ հայ գրականութեան տաղանդաւոր, իւրայատուկ գրող, արձակագիր, շարժանկարի ուրուագրող՝ Հրանտ Մաթեւոսեանը՝ Թումանեան, Լոռիի մարզի Ահնիձոր գիւղը:

Միջնակարգ կրթութիւնը իր գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ յետոյ, ուսումը շարունակեց նախ Կիրովականի մանկավարժական, որմէ յետոյ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Անուան Պետական Մանկավարժական ինստիտուտի պատմալեզուաբանական բաժինին մէջ, ուսմանը զուգահեռ աշխատելով «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթին եւ «Գրական Թերթ»ին մէջ՝ որպէս գրաշար եւ սրբագրիչ: Յետագային Մոսկուայի մէջ յաճախեց նաեւ Շարժանկարի Բեմադրիչներու եւ Շարժանկար Ուրուագրողներու բարձրագոյն դասընթացքներուն:

Ան գրական ասպարէզ մտաւ 1961թ.՝ «Ահնիձոր» ակնարկով, որու մէջ ներկայացուց ժամանակակից գիւղի եւ գիւղացիի ծանր ապրելակերպը: Ապա հրատարակեց «Օգոստոս» պատմուածքներու առաջին ժողովածուն, որուն յաջորդեցին՝ «Ծառերը», «Մեր Վազքը», «Տէրը» ժողովածուները: Գրեց նաեւ հրապարակախօսութիւն, փորձագրութիւններ՝ էսսէներ (էսսէանգլ.՝ essay–ակնարկ, յօդուած, փորձ: Գրականագիտութեան սեռերէն՝ ազատ ոճով գրուած եւ հեղինակի խորհրդածութիւններով յագեցած յօդուած, ակնարկ), եւ յօդուածներ՝ «Մեծամօր», «Սպիտակ Թղթի Առջեւ», «Ես՝ Ես Եմ»: Իր բոլոր գործերը շարունակեցին նուիրուած ըլլալ գիղին, գիւղացիին՝ անոր ծանր պայմաններուն, ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, պահանջներուն….

Մաթեւոսեանը ԽՍՀՄ Գրողներու Միութեան անդամ եղաւ 1964էն, իսկ 1996-2000 թթ.՝ ՀՀ Գրողներու Միութեան նախագահ: Կեանքէն հեռացաւ 67 տարեկանին՝ 19 Դեկտեմբեր, 2002ին եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Երեւանի Պանթէոնին մէջ:

Ան պարգեւատրուեցաւ «Տրուժպա Նարոտով» (ռուս.-Ազգերու Բարեկամութիւն) ամսագիրի եւ ԽՍՀՄ պետական մրցանակներով, արժանացաւ «Երեւանի Պատուաւոր Քաղաքացի» պարգեւին եւ «Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: 2004էն ՀՀ Գրողներու Միութիւնը սահմանած է Հրանտ Մաթեւոսեանի անուան մրցանակ: Անոր անունով Երեւանի մէջ կոչուած են դպրոց եւ փողոց:

Մաթեւոսեանը՝ իր ստեղծագործած նորատիպ, հոգեհարազատ, ժամանակին հետ քայլ պահող եւ հրաշակերտ գրական գործերով հայ գրականութիւնը կապեց համաշխարհային գրականութեանը: Անոր պատմուածքները՝ ե՛ւ իր ողջութեան տարիներուն, ե՛ւ մեզմէ հեռանալէ վերջ, ընթերցողներու լայն արձագանգին արժանացան ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուեցան եւ հրապարակուեցան աւելի քան քառասուն լեզուներով: Իր երկերու ուրուագծերու վրայ ստեղծուեցան «Մենք Ենք, Մեր Սարերը», «Օգոստոս», «Աշնան Արեւ», «Այս Կանաչ-Կարմիր Աշխարհը» եւ «Տէրը» շարժապատկերները: Բեմադրուեցան «Մեծ Աշխարհի Մեր Անկիւնը», «Չէզոք Գօտի», «Մեծամօր» եւ այլ գործեր:

Մաթեւոսանի մէջ խտացուած էր տաղանդի հսկայական պաշարը. տիրապետելով հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կարեւոր թէզերուն, ան ստեղծեց այնպիսի գրականութիւն, որ կը բացայայտէ մարդկային հոգեբանութեան ճիշդ բնութագիրը՝ քննելով անոր բնաւորութեան առանձնայատուկ գիծերն ու մտածելակերպը:

Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութիւնը դասուած է «գիտակցութեան հոսքի գրականութեան» մէջ, ուր դէպքերը հիմնականին կը զարգանան հերոսներու յիշողութիւններու վրայ՝ ընդգծելով  անոնց հոգեբանական անցումները: Կեանքի տեւական հոսքին մէջ գտնուելով, Մաթեւոսեանը ստեղծեց անընդմէջ, անդադար եւ անվերջ  «հոսող» գրականութիւն, որ ոչ մէկ արգելքի առջեւ կ’ընդհատուի:

Շատ հետաքրքրական է Մաթեւոսեանի պատմելաձեւը, յաճախ աչքի չզարնող մանրամասն պատկերներու միջոցով կը ներկայացնէ իր համագիւղացիներու կեանքը եւ կը բացայայտէ անոնց խորը հոգեբանութիւնը: Չբաւարարուելով ներկայի կամ անցեալի յիշողութիւններով, անոր գիտակցութիւնը կը հոսի:

Յիշողութիւններու, մենախօսութիւններու (երբեմն՝ մտովի, երբեմն ալ՝ բարձրաձայն), մտորումներու եւ վերյուշի միջոցով, ներկան ու անցեալը շաղախելով միմեանց, գրողը մեզի կը մատուցէ իր երեւակայութեան մէջ ուրուագծուած ապագայ կեանքի  որոշակի դրուագներ: Անոր հերոսները մշտապէս կը գտնուին կեանքի հոսքին մէջ, ուր անցեալը, ներկան եւ ապագան՝ նոյն պահուն կրնան մէկտեղուիլ հերոսի հոգեվիճակին մէջ:

Հեռաւոր եւ աննկատ գիւղերու մէջ ապրող պարզ ու հասարակ մարդկանց մէջ գրողը համատեղեց տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրեր սփռուած մարդկային ընդհանրական գիծերը, որուն արմատները դեռեւս վաղ անցեալէն խորը մխրճուած են իրենց հողին մէջ:

Իրենց հողին տէրն էին նաեւ իր առաջին գործերէն՝ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» վիպակին հովիւները: Առաջին միտքը զոր կ’արտայայտէ հեղինակը՝ թող ուրիշ մէկը չսողոսկէ մեր եւ մեր սարերուն մէջտեղը: Ապա կը ներկայացնէ սովորական գիւղացի մարդուն ուժը, որ, սակայն, հետզհետէ կը դառնայ ենթարկուող, նորի ազդեցութիւնը իր վրայ կրող եւ ճնշման ներքոյ՝ իր դարաւոր արմատներէն, մշակոյթէն հեռանալով՝ իր հողին եւ տեղանքին տէր հանդիսացող այսօրուան գիւղացին կ’ուղղուի դէպի «ամենակուլ» քաղաքը. կ’երթայ ձուլուելու ապագային՝ յաջորդներու մէջ: Վիպակը կ’աւարտուի գիւղի պարպումով եւ կերպարները կը յայտնուին քաղաքի մէջ: Իսկ սարերու՝ առանց «մենք»ի գոյութիւնը անիմաստ եւ տխուր է:

 «Ծառերը» վիպակին մէջ գրողը ընդհանրական գաղափարով մը կը շեշտէ «հայ տեսակի» ուժի եւ խեղճութեան խնդիրը. «Լաւը չես, խեղճ ես,… զաւակս, որդիս, առաջնեկս, իմ յոյսս. մէջդ վրէժ չկայ»… «Ասում ես խիղճ, բայց խիղճը գիտե՞ս երբ է գեղեցիկ, երբ գազանի մէջ է: Քոնը խիղճ չի, խեղճութիւն է»… Սակայն, այդ «խեղճութիւն»ին կը հակադրուին Մաթեւոսեանի ստեղծած այլ կերպարներ, որոնք կ’ըմբոստանան, կը դիմադրեն եւ իրենց ուժը կը գործադրեն կեանքի զանազան հարւածներու դէմ. «Մենք Ենք, Մեր Սարերը»-հովիւները (Իշխան, Ռէւազ, Պաւլէ, Աւագ, Զաւէն), «Աշնան Արեւ»-Աղունը, «Թաշքենթ»-Թեւիկ-Թեւաններ, «Տէրը»-Ռոստոմ…

Մաթեւոսեանի ստեղծագործութիւններու մէջ կը գերիշխէ վերյուշը, ինչը բնորոշ է հոսքի գրականութեանը: Օրինակ՝ «Աշնան Արեւ»ին մէջ Աղունի յիշողութիւնները կը բացայայտեն կարեւոր մանրամասներ իր հայրական տունէն ներս անցուցած կեանքի, իր ամուսնութեան եւ ամուսնոյն տունը ունեցած կեանքի մասին: Վերյուշի միջոցով անցեալի քանի մը ժամանակներ կը կեդրոնացուին մէկ օրուան մէջ, անցեալն ու ներկան վարպետօրէն կը միաձուլուին իրարու:

Ընդհանրապէս Մաթեւոսեանի գործերուն բնորոշ գիծերէն է գործողութիւններու՝ մէկ օրուան կամ քանի մը ժամուան ընթացքին կատարուիլը:

Պատմութիւն կերտողը մարդն է, եւ Մաթեւոսեանն այսօրուան հայ մարդուն մէջ կը տեսնէ անոր սկիզբը, ներկայ եւ ապագայ ճանապարհները: Այսինքն, նախ պէտք է ճանչնալ հայ մարդուն, ծանօթանալ անոր ազգային բնաւորութեան արմատածին գիծերուն, գիտնալ ատոնց յառաջացման պատճառները, պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդի դիմագրաւած արհաւիրքները, դարերու ընթացքին անոր ունեցած վերելքներն ու վայրէջքները, մշակոյթը… եւ այդ անփոխարինելի հարստութիւնը հոգւոյն մէջ ամբարած՝ գործել ներկայիս եւ քալել դէպի ապագան:

Մեծերը Մաթեւոսեանի Մասին

Ուիլիըմ ՍարոյեանԱյստեղ դուք ունիք մէկը, որ մեծ անձնաւորութիւն է համաշխարհային գրականութեան մէջ: Ան Հրանտ Մաթեւոսեանն է: Որեւէ ազգի մէջ իրմէ լաւ պատմութիւն գրող չկայ: Անոր գրութիւնները խորունկ ձեւով ցոյց կու տան հայոց մասնակցութիւնը մարդկութեան պատմութեան: Ուրիշ ազգութեան մէջ ուրիշ գրող Հրանտ Մաթեւոսեանի պէս չի կրնար գրել: Ես կարդացած եմ իր գործերը թարգմանութեամբ: Ինքը հայութեան մասին կը գրէ, եւ այդ հայութիւնը այնքան ճիշդ է որ ես կը զարմանամ, կ«ուրախանամ եւ հպարտ կը զգամ:Շատ գրողներ, բանաստեղծներ ունիք,բայց պէտք է ներէք ինծի,եթէ ըսեմ որ ան ուժը,որ անհրաժեշտ է, հսկայակա՜ն, Հրանտ Մաթեւոսեանի մէջ է: Եւ կ«ուրախանամ, որովհետեւ ազգ մը, պիտի ընդունիք աս, աշխարհին կը ճանչցուի իր արուեստով: Եւ որ արուեստը այդքան ահագին ըլլայ, օտարին միտքին մէջ ազգն ալ կը մեծնայ:

Սամուէլ Մկրտչեան՝ «Ինքը» Բնութեան մէջ ան կը դառնար Ինքը. այլեւս գոլ (գաղջ) քաղաքի լռակեաց, ինքնամփոփ նեարդակծիկը չէր, այլ տիեզերական մարդ՝ իր՝ Նահապետի վերջին աշնան վերջին գոյներու ու ձայներու հետ սքանչելիօրէն ներդաշնակ: 

 Զարմանալի՞ է, որ մեր (այսինքն՝ արիւնակից) Վարպետին գնահատողն ալ այլազգին էր, հասկցողն ալ: Չարենցը դաս չեղաւ, ու փրփրաբերան ընկեցիկն իր դարաւոր, անմեկնելի չարութեամբ նորէն թունաւորեց (փորձեց թունաւորել)Հրանտ Մաթեւոսեանին: Բայց Ինքը բնազդաբար ճիշդ արահետը ընտրած էր, թէ՞ ճիշդ արահետը գտած էր իրեն: Վայրահաչոցը կար ու կայ.

Փառք Աստուծոյ որ Ինքն իր թունդութեան մէջ բարի սամարացի էր ու առերեւոյթ փխրունութեան մէջ՝ ի բնէ անկոտրում: Եթէ գրող կը պահանջուէր՝ Ինքը եղաւ. եթէ ճշմարտախօս կը պահանջուէր՝ Ինքը եղաւ. ու եթէ զոհ կը պահանջուէր՝ դարձեալ Ինքը եղաւ: Մեր կիսատպռատութեան ու ծանծաղամտութեան զոհը

Լեւ Անիցքի-…Մաթեւոսեանը քայքայուող համայնքէն կը հաւաքէ ամբողջութիւնը…կը փորձէ մէկտեղել այդ քայքայուածը…

Հրանտ Մաթեւոսեանի Միտքերէն

 *Այս սիրելի, սարսափելի, խելացիխելագար, հասկնալի խճճուած աշխարհի մէջ դաժան բան է մերկ ըլլալ. ըլլալ աշխարհի մերկացած նեարդը՝ գրող: Սպիտակ թուղթի առջեւ ամէն վայրկեան կարելի է կաթուածահար ըլլալ: Գրողն ի՞նչ կ»ընէ- աշխարհն ուզածին պէս չէ, կ»ուզէ աշխարհը բերել իր ուզած տեսքին:…Ահա մի խեղճ ու կրակ կերպարանք, անունը գրող, ունեցածը թանաք՝ նստած է եւ կ»ուզէ իր տեսքին բերել այս քաոսային աշխարհը եւ մինչեւ հիմա այն ըրած է որ փշուրփշուր, ինչպէս կրանիթէն կերտած է Քրիստոս, սոսկական ծննդաբերող կնոջը դարձուցած է կուռքմարդատեաց աշխարհը մարդասիրացրած է: Գրականութիւնը մարդկութեան կարօտն է կեանքի...

*Գրականութիւնը տուն է, ուր քիչ նըւնըւացող կամ չնըւնըւացող պիտի ըլլայերբ դըժբախտութիւնը կը պայթի տան գլխին, եւ բոլորը կը խելագարուին, գոնէ մէկը՝ եթէ մինչ այդ խելագար էր, ան ուշքի կու գայ, որպէսզի տունը անտէր չմնայ: Ես ահա էդ (այդ) ուշքս դեռ վրաս պահողներու մէջ եմ եւ դեռ կը շարունակեմ մնալ:

*Գեղեցիկ ժողովուրդ ենքԳեղեցիկ էինք Քսենոֆոնի ժամանակ, գեղեցիկ ենք այսօրՊատմութիւնը մեզ լլկած, կողոպտած է, բայց դարձեալ մնացած ենք լաւատես ժողովուրդ, դէպի մեծ հաւաքականութիւն, դէպի լոյսը ձգտող ժողովուրդ:

*Պատմութեան ծուէնները հայ մարդու բնոյթի նուրբ յատկանիշները կը մատնանշեն, ինչ այսօր մեր առքին առջեւ իր բոլոր ձայներով ու գոյներով կայ:

 

 

*էնպէս (այնպէս) կարօտած եմ արտի ծփանքին. քամին արտի վրայով խաղալովխաղալով կ’երթար: Էդպէս էր կենդանի կեանքըՏեսնեսնորէն տեսնելո՞ւ ենք: Ահա էդպէ՛ս

Վահագնաձորի մէջ՝ Շահարւի ձորը, Սովետներէն առաջ ուրիշ անուն ունեցած է, որով Թումանեանը կը պարծենար, թէ էդ տեղերով թշնամին չիպիտի անցնի, այ է՛դ Շահարւի ձորն էր՝ նեղ կիրճը: Էնտեղ (այնտեղ) արթնցած եմ գնացքի մէջ: Առաւօտուան ժամն էր: Դիմացի անտառով, երբ էնտեղէն կ’երթաս, աջ թեւով անտառի մէջ ամպերը դանդա՜ղ, ձորն ի վե՜ր, լանջերն ի վե՜ր, խոնա՜ւ, անտառոտ լանջերն ի վեր կը բարձրանային: Ե՛ս, ես գիտե՛մ որ էդ օրը բանաստեղծ դարձած եմ, էդ օրը լիցքաւորուած եմ՝ լեցուած, էդ օրը

*Կեանքն ալ երկու օրուայ ժամանց է…

*Ո՞վ է ժամանակն այդ զահրումար (անպէտք, տհաճ) թիւերու մէջ դրած: Ո՞վ է կեանքն այդ զահրումար ժամանակի մէջ դրած:

*Ատելութիւնը մեծ զգացմունք է: Կէս ժամուան մէջ չես ատի: …Կէս ժամուան մէջ անոր ատես ամենաշատը մէկ վայրկեան: Մէկ վայրկեանն ի՜նչ է, որ մէկ վայրկեանի տուած զգացմունքն ինչ ըլլայ: Տարիներ պէտք են, այդ տարիները կէս ժամերու բաժնէ, ամէն կէս ժամէն վերցուր մէկ վայրկեանը՝ կ’ըլլայ մէկ օր կամ մէկ շաբաթ:Այ դա նստուածք կ’ըլլա՜ր…

*Ծեծեց` ծեծեց: Շատերը շատերուն կը ծեծեն, այնպէս որ ծեծն այլեւս ողբերգութիւն չէ: Բայց երբ Պաւլէն բարձրացաւ տեղէն, հասակը շտկեց, տեսաւ լեյտենանտն իր կուրծքէն յետ է՝ լաց եղաւ: Շատերը շատերուն ծեծած են, բայց որ թոյլը ուժեղին կը ծեծէ՝ այդ ողբերգութեան նման բան մըն է:

*Ինքնանկար
Ձեր արտաքինը Ձեզ դուր կու գա՞յ:

Իմ արտաքինը ինծի դուր չէ եկած: Ատոր համար ալ փորձած եմ սրբագրել գրականու-թեամբ:…
Ո՞վ է հայը:

Չի իյնար մինչեւ յատակը եւ չի բարձրանար ամենավերը: Այդ մարդն է հայը:

*  *  *

Բոլորովին վերջերս «Զանգակ» հրատարակչութեան՝ 2017-ին սկիզբ առած «Ոչ Մի Շաբաթ Առանց Բանաստեղծութեան. Ընտրանի-Օրագիր» նախագիծի ծիրէն ներս հրատարակուեցաւ «Ոչ Մի Շաբաթ Առանց Հրանտ Մաթեւոսեանի» գիրքը, նուիրուած հայ մեծ արձակագիրի ծննդեան 85ամեակին (կազմող եւ խմբագիր՝ Հայկ Համբարձումեան): Գիրքին մէջ ընդգրկուած են հատուածներ գրողի գրեթէ բոլոր երկերէն, պատառիկներ անոր հարցազրոյցներէն, հատուածներ էսսէներէն, տարբեր հրատարակութիւններու յառաջաբաններէն ու յօդուածներէն:

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ         

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին