Դպրոցական Իր Աշխոյժ Յարկին Տակ
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ Արեւելումի Գրասենեակին, Փետրուար 7-ին լիբանանեան 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններն ու կրթութեան պայմանները: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի արեւելումի գրասենեակին պատասխանատուն:
Աշակերտներուն տրամադրուեցան հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելեալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:
Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին. անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն կատարել թէ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով:
***
Մեսրոպեանի Աշակերտներուն Ներկայացուեցաւ Հայկական Ասեղնագործութիւնը
6 Փետրուարը հայ մշակոյթի մէկ շատ հետաքրքրական ժառանգութեան ծանօթանալու օր մը եղաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար:
Վարժարանը հիւրընկալեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ձեռարուեստի կեդրոնի ներկայացուցիչ տիկին Մակի Պետիկեանը, որ աշակերտներուն պատմեց հայկական ասեղնագործութեան մասին, ներկայացնելով անոր զարգացման հոլովոյթը՝ դարերու ընթացքին: Տիկին Պետիկեան իր հետ բերած էր ասեղնագործ աշխատանքներու նմուշներ, որոնցմով աշակերտներուն բացատրեց անոնց ոճական եւ բովանդակային առանձնայատկութիւնները:“Չենք կրնար վերակենդանացնել մեր նահատակները, բայց կրնանք պահպանել եւ ապահովել գոյատեւումը այն թանկագին ժառանգութեան, զոր անոնք ձգած են իրենց ետին”, ըսաւ ան :
Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին հիւր դասախօսին, որ յաւելեալ բացատրութիւններով գոհացուց անոնց հետաքրքրութիւնը ներկայացուած նիւթին մասին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի