ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
«Սաղաւա՛րտ յուսոյ անմահ Բանին՝
եդեալ ի գլուխ մերոյ իշխանին, սուսե՛ր աջոյ,
վահա՛ն հաւատոյ քրիստոսասէր զօրաց եւ զօրապետաց,
ատենահաս սո՛ւրբդ Սարգիս,
ամուր պարի՛սպ ընտիր հեծելոց, բարեխօ՛ս լեր առ Քրիստոս»
(Շարական)
Չորրորդ դարը խռովութեան ու խաղաղութեան, հալածանքներու եւ յաղթանակներու, այսպէս կոչուած՝ հակադրական դէպքերու դար մը իբրեւ, արձանագրուած է Քրիստոնէական պատմութեան մէջ:
Ուղղափառ հաւատքի պահապան հայրերու գաղափարներով, վկաներու եւ նահատակներու կեանքի թարգմանուած խնկաբոյր հաւատքով լեցուն չորրորդ դարը ունեցաւ նաեւ քաջարի զօրավարներ: Անոնցմէ մէկն էր սուրբ Սարգիս զօրավարը:
Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ քաջարի կեցուածքով, աննկուն հաւատքով, անսպառ յոյսով եւ օրինակելի կեանքով իր անունը անմահացուցած է սուրբ Սարգիս զօրավարը: Հաւատքի վկայութեան երթին իրէն ընկերացած են՝ իր Մարտիրոս որդին եւ 14 զինաւորները:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ասորի եւ Յոյն եկեղեցիներու վարքագրական հատորներուն մէջ ծաւալուն տեղ գրաւած սուրբը՝ չորրորդ դարէն մինչեւ 21-րդ դար հաւատարմութեան, ծառայութեան եւ ճշմարիտ վկայութեան տիպար օրինակը հանդիսացած է:
Անցեալի ատելութեան, հալածանքի եւ վախի օրերէն լոյսի, զարգացման եւ ազատութեան մեր օրերը երկարող, ծիածան անուն սուրբ Սարգիսը իր ազդեցութիւնը դրոշմած է թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար քրիստոնեայ հաւատացեալներուն հոգիին վրայ:
Ինչպիսի՞ կեանք մը ապրեցաւ սուրբ Սարգիս եւ ի՞նչ պատգամ թողուց քրիստոնեայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ:
Զինուորագրեալ եկեղեցւոյ զօրավարներու շարքին յիշատակուած սուրբ Սարգիս զօրավարին անունը Հայերէնով կը նշանակէ ծիածան: Յոյսի սաղաւարտով եւ հաւատքի վահանով սպառազինուած Քրիստոսի քաջ վկան իր անուան նշանակութիւնը արժանաւորապէս դրսեւորած է իր կեանքի ընթացքին: Ծիածանը Աստուածաշնչական բացատրութեամբ, կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն: Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք. Նոյ նահապետի շրջանին անօրէնութիւնն ու ամբարիշտ կենցաղը հասարակ երեւոյթ մը դարձած էր շրջանի ժողովուրդին մօտ: Աստուած այս կենցաղակերպին վերջ տալու համար ջրհեղեղով կը պատժէ ժողովուրդը: Ապա, իբրեւ խաղաղութեան նշան կ’ընտրէ ծիածանը: Ահաւասիկ սուրբ Սարգիսի կեանքին մեկնակէտը՝ խաղաղութիւն: Ան իր անունին արժանավայել կեանք մը ապրելով՝ խաղաղութեան պատերազմը մղեց, ընդդէմ «երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամւոյն»:
ԿԵԱՆՔԸ
Սուրբ Սարգիս ապրած է Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր եւ Տրդատ թագաւորի ժամանակաշրջանին, Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ: Հռոմէական կայսրութեան տարածուն կրօնքը դարձած էր Քրիստոնէութիւնը: Մասնաւորաբար Կապադովկիոյ շրջանը քրիստոնէական հաւատքով ծաղկած ու լուսամիտ աստուածաբաններ, Սուրբ Գրոց մեկնիչներ եւ բարեպաշտ վկաներ ընծայած է պատմութեան: Այս շրջանակին ուռճացած է սուրբ Սարգիսը:
Ան զօրական էր, սակայն ոչ սովորական իմաստով զօրական մը, այլ՝ իմաստուն զինուոր, որովհետեւ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Աստուծոյ երկիւղով կ’ապրէր, Տիրոջ խօսքը իր կենցաղով կ’արտացոլացնէր, բոլորին հիացումին արժանացած՝ Աւետարանը կը քարոզէր իր վարքով:
Գիտէր, թէ իր յաջողութիւնը իր արժանիքներուն արդիւնքը չէր, այլ՝ Տիրոջ հանդէպ իր ցուցաբերած հնազանդութեան: Վարքագիրը կ’ըսէ. «Ան զօրացած էր Սուրբ Հոգիով եւ սիրելի էր Աստուծոյ…: Ինչ գործի որ ձեռնարկէր, Աստուած անոր յաջողութիւն կը պարգեւէր»: Սուրբին ասպարէզի մէջ կատարած սխրագործութիւնները բլրանման կը հասնէր մինչեւ գագաթ՝ Կոստանդիանոս կայսեր: Շատ չուշացած կը ստանար ստրատելատի (զօրավար) աստիճան:
Իր տէրութեան տակ գտնուող շրջանները հեթանոսական սովորութիւններէ կը մաքրէր եւ ճշմարիտ Աստուծոյ հաւատք ընծայելու կը հրաւիրէր: Այս ընթացքը կը ցնցէր դժոխքի սիւները: Քրիստոսի քաջ զօրավարը անվարան կերպով կը դիմադրէր չարին նետերուն: Մեծն Կոստանդիանոս եւ սուրբ Սարգիս զօրավար իբրեւ պարիսպ կը պաշտպանէին Քրիստոնէական հաւատքը: Սակայն, Կոստանդիանոս կայսեր մահանալէն ետք, Յուլիանոս կը գահակալէր: Ան չարին գործիքը կը դառնար: Դարձեալ հալածանք, դարձեալ մահաբոյր մթնոլորտ…: Զօրավարը կը մտատանջուէր, թէ ինչ էր Տիրոջ կամքը: Յանկարծ Տէրը տեսիլքի մը մէջ կը յայտնէր, որ ինք պէտք է մեկնի իր ծննդավայրէն, ինչպէս մեկնեցաւ Աբրահամ, եւ երթայ հո՛ն, ուր Քրիստոնէական փառքի պսակին պիտի արժանանայ:
Յուլիանոս պատերազմի կը պատրաստուէր պարսից թագաւորութեան դէմ, այս մէկը նշան կ’ըլլար սուրբ Սարգիսին, որ մեկնէր պարսկաստան եւ այդտեղ դիմադրէր Յուլիանոսի զօրքին: Անոր կ’ընկերակցէր իր որդին, «որ յետոյ իր գործով ստացաւ մարտիրոս անունը»[1]: Սուրբը նախ կը ժամանէր Հայաստան: Տիրան թագաւոր, որ որդին էր Խոսրով թագաւորի, մեծ պատիւներով կ’ընդունէր զայն: Սակայն, Յուլիանոսի յարձակումներէն մտահոգ՝ կը թելադրէր, որ խոյս տար սուրբը Հայաստանէն: Սուրբը Հայաստանէն կը մեկնէր Պարսկաստան: Իր համբաւը լսած պարսից արքան զօրագունդ մը կը տրամադրէր սուրբ Սարգիսին: Ան Բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերէր Յուլիանոսի դէմ եւ մեծ յաղթանակ կ’արձանագրէր: Այս բոլորէն անկախ նախանձախնդրութեամբ կը պահէր իր Քրիստոնէական սկզբունքները: Իրեն տրամադրուած զօրագունդին մէջ չէր արտօներ հեթանոսական պաշտամունքը: Այս պատճառով արքունիքին մէջ բանբասանքի եւ բանսարկութեան կ’ենթարկուէր: Պարսից Շապուհ արքան իր շուրջիններէն ազդուելով՝ կը վճռէր դաւաճանաբար չէզոքացնել սուրբը:
Անոնք, սուրբ Սարգիսը եւ իր որդին Մարտիրոսը կը հրաւիրէին պալատ: Մարտիրոսը ճամբու ընթացքին թշնամի բանակին կողմէ կը ձերբակալուէր: Սուրբը իմանալով այս մէկը խիստ պահեցողութիւն եւ աղօթք կը կատարէր: Քանի մը օր ետք Տիրոջ բարկութեան ենթարկուած թշնամի բանակը կու գար Մարտիրոսը յանձնելու իր հօր: Շապուհ թագաւորը այս մէկը լսելով՝ կ’ուրախանայ եւ աւագանիին կ’ըսէ. «Այս մարդուն ըսածները շատ ճիշդ կը գտնեմ»: Սակայն դարձեալ կը պղտորէին թագաւորին միտքը: Շապուհ չէր ուզեր, որ Սարգիս քրիստոնեայ մնայ, այլ՝ հեթանոսութիւնը ընդունի եւ ծառայէ կուռքերուն:
Աստուածներու տօնը մօտեցած էր: Շապուհ դիտաւորութեամբ սուրբ Սարգիսը կը հրաւիրէր պալատ: Սուրբը կացութենէն իրազեկ՝ կը հասկնար արքային չարամտութիւնը: Ան իր վերջին ողջոյնը տալով կը հեռանար իր զօրագունդէն: Սուրբին եւ իր Մարտիրոս զաւակին կը հրամայուէր երկրպագութիւն, սակայն ի զուր…: Կը հրամայուէր ընծայաբերում, դարձեալ ի զուր…: Կը հրամայուէր աղօթք, անշուշտ ի զուր…: Անոնք Տիրոջմէ զատ տէր, Սուրբ Երրորդութենէ զատ Աստուած չէին ճանչնար: Իրենց հաւատքով կը փշրէին կուռքերը եւ կը հալածէին չարին պաշտօնեաները: Այս մէկը տեսնելով՝ քուրմերը կը յարձակէին սուրբերուն վրայ: Մարտիրոս կը նահատակուէր, իսկ սուրբ Սարգիսը կը գոյատեւէր: Սուրբ Սարգիս առաւել կը նուիրուէր աղօթքի: Յուսահատումը արգիլուած էր:
Բանտին մէջ աղօթքի պահուն յանկարծ կը յայտնուէր Տէր Յիսուս Քրիստոս եւ կ’աւետէր սուրբին նահատակութեան ժամանակը: Բազում չարչարանքներէ ետք, դահիճին կը յանձնէր իր պսակաւոր գլուխը: Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 363 թուականին եւ կը թաղուի իր Մարտիրոս զաւակին քով, 14 զինակիցներուն հետ, որոնք սուրբին քարոզութեամբ քրիստոնեայ դարձած էին:
ՍՈՒՐԲԻՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ԲԽՈՂ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Ահաւասիկ աղօթանուէր եւ հաւատարիմ վկայի մը կեանքը, որ իր կեանքի պատգամին այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած: Ան հաւատացած է, թէ.-
1) Նախնիներուն թողած հաւատքի ժառանգութեան հաւատարիմ մնալով՝ քրիստոնեայ հաւատացեալը կ’արժեւորէ իր կեանքը: Հաւատարմութիւնը էական տեղ գրաւած է եւ կը գրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Հաւատարմութեամբ կը դրսեւորուի մեր հաւատքը: Սկզբունքներու, դաւանանքի, արժէքներու եւ աւանդութեան հաւատարիմ քրիստոնեայ անհատը՝ սիրով եւ սրտանց ծառայող անձ մը կը դառնայ մարդկային ընկերութեան մէջ: Ան անվարան կերպով կը դիմադրէ կեանքի փոթորիկները, որովհետեւ անցեալի փորձառութեամբ հաւատարմօրէն սպառազինուած՝ վստահութեամբ կը համբերէ գալիք փառքի պսակին: Առանց հաւատարմութեան քրիստոնեայ կոչումը կը մնայ անունի սահմանին մէջ:
2) Քրիստոսի վկան դառնալով կարելի է յաղթական դուրս գալ ա՛յս անցաւոր եւ մարտահրաւէրներով լեցուն կեանքէն:
Վկայ ըլլալ չի նշանակէր միայն բերանացի կերպով ճշմարտութիւնը վկայել, այլ՝ կեանքի օրինակով թարգմանել զայն: Վկայ ըլլալ կը նշանակէ հաւատքի կեանքի մէջ մնայուն կերպով ներկայ ըլլալ, Քրիստոնեայ հաւատքը կերպարել նիւթեղէն աշխարհին մէջ:
Հին Կտակարանի երկու տախտակները, որոնց վրայ արձանագրուած էին Տիրոջ պատուիրանները՝ թանձրացեալ վկայութիւնն էին Տիրոջ ուխտին, իսկ քրիստոնեայ անհատը, որ կոչուած է Սուրբ Հոգիին տաճարը դառնալու, կենդանի վկայութիւնը պէտք է դառնայ Աստուծոյ նոր ուխտին:
Նախնիներուն օրինակը յստակ է: Անոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին հաւատքը եւ դարձան ճշմարիտ վկաները Քրիստոսի: Ճի՛շդ է: Իւրաքանչիւր ժամանակահատուած իր պահանջքը ունի, սակայն մնայուն պահանջքը հաւատքի հզօրութիւնն է, որովհետեւ հաւատքի ոյժով կարելի է իրագործումներ կատարել, այդ գիտակցութեամբ կարելի է օրուան նշանները մեկնաբանել, այլ խօսքով՝ պահանջքը գոհացնել, Աստուածահաճոյ կերպով: Եւ այս բոլորին խթանը աղօթանուէր կեանքն է:
Այս բոլորէն ետք մեզի վիճակուած է Սուրբ Սարգիսի օրինակով ապրիլ մեր կեանքը՝ հաւատարմութեամբ, վկայութեամբ, մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնալով արարիչին հետ. ըսելով՝ արդարութեան արեգակ եւ ճշմարիտ արարիչ, դրոշմէ մեր սրտին մէջ քու կամքդ եւ զօրացուր Սուրբ Հոգիիդ միջոցաւ: Արժանացուր կեանքի ասպարէզէն յաղթական դուրս գալ եւ փառաւորել քու Սուրբ անունդ. Ամէն:
Սուրբերու Կեանքը (Վարք Սրբոց), Պէյրութ, 1975, էջ 305: